Լեռնային Ղարաբաղն ու Հայաստանը իրարու կապող Կեանքի Ճանապարհին փակ ըլլալուն զուգահեռ, մէկէ աւելի խնդիրներ իրավիճակը առաւել կը սրեն եւ կը ստիպեն հաշուի առնել կացութեան բարդացման առաջնորդող այն բոլոր տուեալները, որոնց ընդհանուր գումարը արցախահայութեան վրայ անհամեմատելիօրէն բարձր ճնշումն է զայն ծունկի բերելու եւ հայրենաթափելու նպատակով:
Ներքին թէ արտաքին առարկայական եւ ենթակայական ազդակներ արցախեան իրավիճակին կապուած զարգացումներուն վրայ ունին իրենց ազդեցութիւնները, որոնք եթէ առանձնացուին, կրնան ընդհանուր պարունակէն դուրս բերել Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապին էութիւնը եւ խնդրին տարբեր երանգներ տալ: Այս ազդակներէն են Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին անջատաբար տրուած վերջին մամլոյ ասուլիսներուն ընթացքին կատարուած յայտարարութիւնները:
Մինչ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը երաշխաւորելու Հայաստանի իշխանութիւններուն խոստումը ի զօրու կը մնայ, սակայն շեշտելով, որ Արցախի ժողովուրդը պէտք է ինք խօսի Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներուն եւ ապահովութեան մասին, աւելցնելով, որ Հայաստան պիտի աջակցի կարելի բոլոր միջոցներով: Մինչդեռ արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք հաստատուած կառավարութեան հնգամեայ ծրագրին մէջ յստակօրէն արձանագրուած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ ըլլալ Արցախի ժողովուրդին ապահովութեան երաշխաւորը եւ պիտի շարունակէ գործել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Աջակցութիւն եւ երաշխաւոր հասկացողութիւնները բնականաբար պիտի մղէին արցախցիները` տեսնել եւ անդրադառնալ տարբերութեան, որովհետեւ Արցախի Ապահովութեան խորհուրդը թարգմանը հանդիսացաւ արցախցիներուն պատճառաբանուած մտահոգութիւններուն:
Փաշինեան նաեւ առանց մանրամասնելու, թէ ինչի կ՛ակնարկէ, խօսեցաւ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ կարմիր գիծի մը մասին եւ յայտարարեց, որ եթէ խաղաղութեան համաձայնագրին բնագրին պայմանները չհամապատասխանեն Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն, ապա խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի չստորագրէ: Չյստակացաւ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն մէջ տեղ ունի՞ն Արցախն ու արցախահայութիւնը:
Հայաստանի վարչապետը նաեւ անպատասխան ձգեց լրագրողի մը այն հարցումը, որ կը վերաբերէր Արցախի կարգավիճակին, թէ ի վերջոյ անիկա Ազրպէյճանի կազմին մէջ պիտի գտնուի՞ խաղաղութեան պայմանագրով կամ այլ տարբերակով մը: Փաշինեան հարցումին պատասխանեց հարցադրումով մը, թէ Ազրպէյճան արդեօք կը ճանչնա՞յ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը: «Եթէ Ազրպէյճան կը ճանչնայ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ կը ճանչնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, առանց սակայն ուղղակի պատասխանելու իրեն ուղղուած հարցումին, թէ Հայաստանի համար ընդունելի՞ է Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսնել Արցախը:
Ինչ կը վերաբերի նախկին խորհրդային օրերու էնքլէյվներուն, որոնց մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յաճախ կը խօսի եւ կը յայտարարէ, որ հայկական կողմը գրաւուած կը պահէ Տաւուշի շրջանի Վերին Ոսկեպար, Ներքին Ոսկեպար, Բաղանիս Այրում, Խէյրիմլի, Սոֆուլու, Բարխուտարլու եւ Ղըզըլհաճըլը գիւղերը, ինչպէս նաեւ` Արարատի մարզի Տիգրանաշէնը, որ նախկին Քեարքին է, Փաշինեան նախապէս իր կատարած յայտարարութիւններէն շրջադարձ կատարելով` նշեց,որ հայկական կողմն ալ կը պահանջէ Արծուաշէնը, որ նախկին խորհրդային օրերուն Ազրպէյճանի մէջ հայկական էնքլէյվ մըն էր: Փաշինեան անցեալ տարի յայտարարած էր ,որ Ազրպէյճան ինը նոյեմբերի յայտարարութեան բանաձեւման ընթացքին այս խնդիրը սեղանի վրայ դրած էր, բայց հայկական կողմին պահանջով չեղեալ համարուած էր:
Ամենայնդէպս ամէնէն նշանակալից յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Արցախի վերջնական կարգավիճակին մասին: Փաշինեանի համաձայն, ինչպէս այսօր, անցեալին եւս միջազգային ընտանիքը Լեռնային Ղարաբաղը ընկալած է իբրեւ Ազրպէյճանի մասը, մինչդեռ Մատրիտեան սկզբունքներուն հիմամբ, միջազգային ընտանիքը կը յայտարէր, որ Արցախի կարգավիճակը պէտք է որոշուի պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող հանրաքուէի միջոցով: Ըստ հայաստանեան ընդդիմութեան, Փաշինեան ուղղակիօրէն չըսաւ, որ մենք Արցախը Ազրպէյճանի մաս կը ճանչնանք, այլ քողարկելով` ջանաց Մատրիտեան սկզբունքները աղաւաղել:
Փաշինեանի այս յայտարարութեան հակադարձեց նաեւ Արցախի Ապահովութեան խորհուրդը, որ Արցախի Ազգային ժողովին բոլոր ուժերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ կայացած իր ժողովէն ետք Երեւանի իշխանութիւնները յորդորեց առաջնորդուելու բացառապէս Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրը միջազգային շրջանակներու մէջ հետապնդելու, յառաջ տանելու եւ պաշտպանելու դիրքորոշմամբ` օգտագործելով միջազգային ճանաչում ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր հնարաւորութիւնները եւ կարելիութիւնները:
Մինչ հայկական ճակատին վրայ այս դիրքորոշումները կ՛արձանագրուէին, անդին Ալիեւ կը յոխորտար, թէ այն հայը, որ չ՛ուզեր Ազրպէյճանի կազմին մէջ ապրիլ, ապա Լաչինի (Բերձոր) անցքը բաց է, կրնայ հեռանալ: Ահա իսկական վտանգին ամբողջ տարողութիւնն էր, որ կը բացայայտուէր: Արցախի հայաթափման հոլովոյթին առնչուած Ազրպէյճանի նախագահին իսկապէս անկեղծ դիրքորոշում մը, որ հայկական ճակատը դէմ յանդիման կը դնէ միանալու եւ մէկ ու միացեալ Ճակատով դիմակալելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հայաթափման քաղաքականութիւնը:



