Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերյիշելով «Հայերուս Թուքը» Բանաստեղծութեան Խորհուրդը

January 16, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Հեռու անցեալին, այսինքն` մօտ  45 տարի առաջ, մեր տան մէջ յաճախ լսած եմ Գամառ Քաթիպայի այս իմաստալից բանաստեղծութիւնը, որ կը հնչէր մեր ընտանիքի դուստրերէն մէկուն մեղմիկ շրթներէն: Ան իր տպաւորիչ առոգանութեամբ կ՛արտասանէր զայն` մեր ընտանիքին բուռն փափաքին ընդառաջելով, ամէն անգամ արժանանալով մեր բոլորին ծափողջոյններուն եւ  «Ապրի՜ս, շա՛տ ապրիս…» գնահատական խօսքերուն:

Ռափայէլ Պատկանեանի, գրական անունով` Գամառ Քաթիպայի, «Հայերուս թուքը» բանաստեղծութիւնը վաղ երիտասարդութեանս շրջանէն դարձած է տպաւորիչ պատգամ մը` ոչ միայն իր բանաստեղծական գեղեցիկ կառոյցին, երաժշտական յանգերուն ու ժողովրդային բառերուն շնորհիւ, այլ նաեւ` իմ վրաս թողած ազդեցութեան համար:  Այս բանաստեղծութիւնը ամէն լսելուս ես ալ, իմ կարգիս, խանդավառուած ու բանաստեղծին նման թքել ցանկացած եմ նման անտարբեր մարդոց երեսին` կրկնելով անոր հետեւեալ տողերը.

Դուն խելօք, հաշուով վաճառական ես,
Միւլք, փող ու ապրանք, կ՛ասեն, շատ ունես.
Բայց թէ փողէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, փողիդ ալ վըրան:

Այս բանաստեղծութեան տողերը իրենց անկեղծութեամբ մեր ազգային կեանքին մէջ շատ մը հարցեր փորձած են լուծել անցեալին, սակայն Քաթիպայի ստեղծագործութիւնը արդի ժամանակներուն եւս հնչեղ կը համարուի, որովհետեւ կ՛ուղղուի ներկայ մեր ազգային-հայկական կեանքի այն մարդոց, որոնք խորթացած են, կրաւորական դարձած են մեր ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ ու կորսնցուցած` իրենց ազգային յիշողութիւնը:

Ցաւով եւ ամօթով կ՛ըսեմ, որ մեր ձախողութիւններն ու նոյնիսկ ամօթալի պարտութիւնները կրած ենք այն պահուն, երբ մեր ազգին զաւակները անտարբեր գտնուած են ու ժամանակին չեն հասած օգնութեան: Աշուղ Ֆարհատ եւս նոյնքան հարազատ կոչ կ՛ուղղէր մեր ազգի զաւակներուն,  երբ կ՛ըսէր.

Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ,
Արդէն ժամանակն է, թող գայ,
Մահ պատերազմի օրհաս է,
Ով որ անվախ քաջ է, թող գայ:

Բոլոր ազգեր մեզ ատել են,
Քանզի չունինք իրար հետ սէր,
Չունենալ Եւրոպից յոյսեր,
Այսպէս հասկացողը թող գայ:

Հինգ դար է, որ մեզ կը սպաննեն,
Բռնի կրօնից կը հանեն,
Կին ու աղջիկներ կը տանեն,
Պատիւ ունեցողը թող գայ:

Այսօր, ինչպէս անցեալին, այս բանաստեղծութիւնները պատգամաբեր են ազգիս զաւակներուն համար: Բանաստեղծին խօսքով, պատիւ ունեցողը կու գայ, օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ իր ազգի զաւակներուն ամէնուր:

Արցախեան վերջին պատերազմի երկրորդ կիսուն մամուլի ընդմէջէն թախանձագին կոչ ուղղեցի ազգակիցներուս` «Այսօ՛ր տուր, վաղը ուշ կ՛ըլլայ» ըսելով: Յիշեցի ու յիշեցուցի մեր բանաստեղծներու բոլոր ժամանակներուն հնչող պատգամը: Յիշեցուցի Արցախի իմ հայրենակիցներուս նիւթական օժանդակութեան ծայր աստիճան կարեւորութիւնը:

Պահ մը խորհինք. ինչպէ՞ս կարելի է յարգել կարեւոր համարուող անձնաւորութիւն մը, օրինակ, որ ըլլալով գլխաւոր տնօրէնը մեծ հաստատութեան մը, հազարաւոր գործաւորներ կ՛աշխատցնէ իր գործարանին մէջ, ինք ալ, իր կարգին, հարիւրհազարներ կը շահի, սակայն հեռու կը մնայ հայկական շրջանակէն եւ օգտակար չի դառնար իր ազգին, հայրենիքին: Դժբախտաբար բազմաթիւ օրինակներ կան այս առումով: Ոեւէ բազմաշնորհ կամ հռչակաւոր հայ անհատ, որ ինչքան ալ հարստացած ըլլայ, իր փառքը նուազ արժէք պիտի ունենայ իր միջավայրին համար, իր համբաւին արժանի փայլքը,  համն ու հոտը պիտի չապրի, եթէ զլանայ իր պարտականութիւնները կատարել նախ եկեղեցւոյ, ապա նաեւ` իր ազգին հանդէպ: Բարեսիրութիւնը իւրաքանչիւր մարդու սրտին ու հոգիին բալասանն է, հպարտութիւն առթող ու խաղաղութիւն շնորհող պերճանքն է, անուշ բոյրն է, որ շրջապատին մէջ տարածուելով` ջերմութիւն կը ստեղծէ:

Գամառ Քաթիպա նրբանկատօրէն որակաւորած է տաղանդաւոր ու հարուստ անձնաւորութիւնները, որոնք` ցաւօք սրտի, մեր ազգին մէջ շատ են: Ուստի պէտք է դիմենք անոնց, յիշեցնենք, մանաւանդ` այսօրուան վատ ժամանակներուն, Քաթիպայի «Հայերուս թուքը» բանաստեղծութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը` ազգին մեծագոյն շահերուն ապահովման ճամբուն:

Բանուկ ու ճարտար դուն ունիս ձեռքեր,
Շատ կը յօրինես թանկագին բաներ.
Բայց թէ ձեռքէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, ձեռքիդ ալ վըրան:
Երկինք շնորհեցին քեզ լեզու ճարտար,
Քարոզչի ստացար հըռչակ ու հանճար.
Բայց թէ լեզուէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, լեզուիդ ալ վըրան:
Մեծ ուսում առիր, եղար գիտնական,
Գովքովըդ լըցուած է մարդոց բերան.
Թէ ուսումէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, ուսմանդ ալ վըրան:

Իմ կարծիքով, ոեւէ անհատ, թէկուզ` վերոյիշեալ  տաղանդներով եւ հարստութեամբ, պիտի չզգայ լիարժէք գոհունակութիւն, հպարտութիւն եւ իր խղճին հետ ներդաշնակօրէն հաշտուած հոգի, եթէ մեծ հարստութիւն կուտակած ըլլալով մէկտեղ` չունի իր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ խղճի խաղաղութիւն:

Հարցը միայն նիւթական օժանդակութիւնը չէ անշուշտ: Եթէ պատահէր, որ նման անճարակ անձնաւորութիւն, փոխան նիւթականի, իր ոչ նիւթական ծառայութիւնը մատուցէր ազգին, անկասկած որ իր նպաստը բերած պիտի ըլլար հայրենիքին ու ազգին:

Քաթիպայի կոչը եւ ընտրած տիպարները, աւելի՛ն. իւրաքանչիւր տունի խորհուրդը եւ իւրաքանչիւր համարի տիպարէն ակնկալուածը յստակ եւ հասկնալի է որեւէ սովորական ընթերցողի համար: Արժանապատուութիւն ունեցող ոեւէ հայ դժուարութիւն պիտի չունենայ հասկնալու բանաստեղծի կոչին իմաստն ու արժէքը, եթէ պատրաստակամութիւն ունի նախ լսելու եւ ըմբոշխնելու: Այս է առաւելաբար բանաստեղծին ցաւը եւ պահանջը` լսել եւ ըմբոշխնել: Լսողներուն թիւը մեծ է անկասկած, սակայն ըմբոշխողներուն թիւը` ոչ այնքան: Հոս է մեր ցաւին արմատը: Բանաստեղծին պահանջը ըմբոշխնելը պիտի ստիպէ նման անհատներու` անդրադառնալու իրենց սխալ ընթացքին ու գործի լծուելու:

Իրականութեան մէջ ազգին գումար նուիրելը, կամ ծառայելը ոեւէ ազգայինի համար նուիրական պարտք ըլլալու է, որովհետեւ ազգին նուիրելով` նուիրատուին ստացուածքէն բան չի պակսիր, ոչ ալ կ՛ազդէ անոր հարստութեան վրայ:

Նուիրելով` անհատը փոխադարձաբար կը ստանայ բարոյական արժէքներ, ինք եւս օգուտը կը քաղէ իր նուիրածին, որովհետեւ նոյն ազգին կը պատկանի: Պարզ օրինակ մը. եթէ բարերարը իր զաւկին յաճախած դպրոցին որեւէ առիթով գումար մը կը նուիրէ, վստահ պէտք է ըլլայ, որ ատիկա պիտի ծառայէ ի՛ր իսկ զաւկին կրթական մակարդակի բարելաւման, որովհետեւ իր նուիրած գումարով, օրինակ, դպրոցի տնօրէնութիւնը պիտի կարենայ իր աշակերտներուն համար դպրոցական արդիական սարքեր դիւրաւ ապահովել, աւելի որակեալ ուսուցիչներ գործի հրաւիրել, բնականաբար` աւելի բարձր աշխատավարձով. ուսուցիչներ, որոնք մանկավարժական արդի միջոցներով պիտի կարենան դաստիարակել աշակերտները: Եւ այսպէս, կարուսելի նման, նուիրատուութիւնը հանրային օգուտի վերածուելով, աւելի յառաջադէմ եւ զարգացած սերունդի մը պատրաստման նպաստելով, պիտի վերադառնայ նուիրատուին` հպարտութիւն առթելով իր իսկ անձին: Կարելի է յիշել նմանօրինակ տասնեակ պարագաներ, որոնք ոչ միայն կրթական ասպարէզին կը վերաբերին, այլեւ` ազգի հազարաւոր կարիքներուն, մասնաւորաբար պաշտպանութեան, նոյնպէս` կրթութեան, առողջապահութեան, գիտութեան, կրօնի եւ մշակոյթի ոլորտներուն, հասնելով ազգի զաւակներուն ի Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի: Միշտ հաւատալով, որ այս բացերը չեն գոցուիր լոկ մեր ներկայ հնարաւորութիւններով, այլ` մեր բոլորին ներդրումներով, մեր պարտաւորութիւններու լիուլի կատարումով: Պարտաւորութիւններ, որոնք ճիտին պարտքն են արդար ու պատուաւոր ոեւէ մարդու եւ ժողովուրդի:

Եւ այսպէս կ՛աւարտէ բանաստեղծը իր պատգամը.

Կու տամ քեզ պատիւ, կ՛ունենաս դու յարգ,
Ու կը դընեմ քեզ ազնիւ մարդոց կարգ,
Երբ օրօրանէդ մինչ ի գերեզման
Միակ ձըգտմունքըդ լինի Հայաստան:

Քուէյթ

Նախորդը

Յաջորդը

Գետ-Գիտութեան. Սայլոսայպին (Կախարդական Սունկերը)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.