ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Գործնական առաջարկները շարունակելէ առաջ թուենք ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորապէս սփիւռքահայութեան յայտնի ու անյայտ, ուղղակի եւ անուղղակի թշնամիները եւ անոնց թիրախները` Տուն, Եկեղեցի, Դպրոց եւ Ակումբ` ՏԵԴԱ-ն. տես` մաս Դ. (1):
Ա. Անմիջապէս յայտնենք, որ մեր անուղղակի` ոչ ֆիզիքական թշնամին քաղքենիութիւնն է եւ աշխարհաքաղաքացիութեան մեծ սուտը (մանաւանդ Հայաստանի մէջ), որոնք միջազգային յայտնի ու գաղտնի աղանդներու եւ կազմակերպութիւններու միջոցով շատ մեծ թիւով միամիտ, անգիտակից ու օտարամոլ հայեր կ՛որսան եւ զանոնք ապազգայնացումի կ՛առաջնորդեն… Հետեւանքը յստակ է բոլորիս: Անոնք հայութեան թշնամիներուն կամակատար ու հայ ազգին փորձանք այս վարչախումբը վերընտրեցին…
Ժամանակին «նուվօ ռիշ» (նոր հարստացած) պիտակը կը փակցնէին տգէտ ու անուս քաղքենիացածներուն` «Աբիսողոմ աղաներուն», որոնք անակնկալ կերպով հարստանալէ ետք կ՛ամչնային իրենց արմատներէն, նախկին «թշուառ» շրջանակէն եւ հայ ըլլալէն… Անոնք հայկական վարժարանը աղքատներու յատուկ դպրոց կը նկատէին, քանի որ օտար վարժարաններուն կրթաթոշակը աւելի սուղ էր… Ըստ այսպիսիներուն, բոլոր հայերը, եթէ դրամ ունենային, իրենց զաւակները օտար վարժարան կը ղրկէին… (տես` այլ տեսակի վկայութիւն մը վերջաւորութեան #):
1. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան մայրավանքը` Ս. Էջմիածին, Հայաստան: 2. Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանքը եւ Ցեղասպանութեան յուշարձան-մատուռը, Անթիլիաս, Լիբանան:
Մեր թշնամիները արդիականութեան, «Եղբայրութիւն բոլորին հետ» մեծ սուտ բնաբանով, կամ` 18 + սեռային ոչ աւանդական տեսակներ, վիճակներ (2SLGBTQIA+) եւ այլն քաջալերելով` կը քանդեն ընտանիքի գաղափարը եւ կ՛որսան միամիտները: Տես` «Եւրոպական Միութիւնը եւ Սորոսը. ազգերն ու ժողովուրդները ապազգայնացնելու հիմնադրամ եւ ծրագիր» (2): Միւս կողմէ` յարատեւ զարգացող ծինային գիտութիւնը եւ արդի պեղումները կը հաստատեն, որ Հայկական Լեռնաշխարհը եղած է քաղաքակրթութեան բնօրրանը եւ հնդեւրոպական լեզուներու եւ ժողովուրդներու սկզբնաղբիւրը, իսկ այժմու հայ ժողովուրդը տակաւին շուրջ 6-7 հազար տարուայ ծիներու կրողն է (տես` «Հայաստանի ձիերը, ձիաւոր հերոսները, հեծելազօրը եւ յաղթանակները – ԺԹ.» (3):
Ինքնութիւնը ուրանալը անձին ծինային, մարդկային ժառանգութիւնը չի ջնջեր կամ փոխեր, իսկ միւս կողմէ` աշխարհաքաղաքացիի ծիներ գոյութիւն չունին, ուրեմն անոնք գիտական եւ գոյութենական հիմք չունին, կեղծ ու շինծու են: Կարիճն է փաստը, որ ըստ ժողովրդային առածին, նոյնի՛սկ գետին մէջ զինք մէկ ափէն միւսը փոխադրող գորտը կը խայթէ, եւ երկուքը կը մեռնին… Թշնամիին` ծագումով բարբարոս, արիւնարբու, ոճրագործ եւ թալանողի ծիները չեն փոխուած եւ բնաւ չեն փոխուիր: Ֆէսը արգիլելով, լատինատառը գործածելով, կամ այսինչ կամ այնինչ միջազգային կազմակերպութեան անդամակցելով` բան մը չի փոխուիր. վկայ` Գրիգոր Զօհրապի եւ շատերու պարագան, օրինակ` ՕԹԱՆ-ի բանակավայրին մէջ քնացած պահուն, «ՕԹԱՆ-ի գործընկեր» ազերի «ազգային հերոս» հռչակուած Ռամիլ Սաֆարովի կացինին զոհ Գուրգէն Մարգարեանը:
Յիմարօրէն «Խաղաղութեան դարաշրջան» մեծ սուտով զբաղած է Հայաստանի այժմու խուլ ու կոյր, պատմութենէն ու իրական աշխարհէն անտեղեակ, դաւադիր այս ապազգային անարժան իշխանութիւնը:
2. Անիի գրաւեալ մայր տաճարը` 1001-ին աւարտած: 3. Սիսի մեր գրաւեալ կաթողիկոսարանը:
Ծիծաղելիօրէն հակասական է, որ Հայաստանի մէջ «Ազգային» եզրով սկսող, այսինչ եւ այնինչ օտար անունով, կամ միջազգային անունով միութիւններ եւ կուսակցութիւններ գոյութիւն ունին: Ինչպէ՞ս կարելի է… Հեգնական ու վարկաբեկի՛չ է նմաններուն «Ազգային» սուտ պիտակ կրելը, քանի որ անոնք ոչ հայ` օտար կեդրոնի մը հետ կապուած են ու այդտեղէն ցուցմունքներ եւ գումարներ կը ստանան: Անոնք հայ ազգային կարծիք կամ օրակարգ չունին եւ միշտ օտարը կը պաշտպանեն` վարկաբեկելով հայկականը: Նոյնը կարելի է համարել նաեւ սփիւռքի պարագային:
Ուրեմն` հեռու մնալ միջազգային, կամ համաշխարհային միութիւններէն, կազմակերպութիւններէն եւ կուսակցութիւններէն: Երբե՛ք չվստահիլ անոնց:
Բ. Հայ առաքելական ազգային եկեղեցին 301 թուականէն ի վեր, 1721 տարիներ հայկական միա՛կ շարունակական, անխափան գոյատեւած, ուրեմն, հմուտ եւ ճարտար` յաջողած հաստատութիւնն է:
Յստակ է, որ դարերու ընթացքին, հայկական պետականութեան բացակայութեան տարիներուն` 301 թուականէն ի վեր, Հայ առաքելական եկեղեցին եղած է հայ ժողովուրդին շարունակական հովանին եւ համախմբողը: Ինչո՞ւ, քանի որ միա՛կ ազգային հաստատութիւնն է, որ հակառակ պատմութեան ընթացքին զանազան ժամանակներ հայ պետականութեան բացակայութեան եւ բազմաթիւ դժուարութիւններուն, շնորհի՛ւ իր հաւատացեալ ժողովուրդին պահպանած է նախ` իր հաստատութիւնը, նուիրապետական կարգը, կարելիութեան սահմաններու մէջ` վանքերու եւ եկեղեցիներու ցանցը, հայոց լեզուն, նաեւ ապահոված է ազգային` տոհմիկ, ընտանեկան աւանդութիւններու, հոգեմտաւոր եւ մշակութային աւանդին` ժառանգութեան շարունակականութիւնը մինչեւ մեր օրերը:
4. Մուշի գրաւեալ Սուրբ Կարապետ վանք համալիրը: 5. Վենետիկի Հայ կաթողիկէ Մխիթարեան միաբանութեան կղզեակը:
Այստեղ յստակացնենք, որ նկատի ունինք նաեւ ազգայի՛ն Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիները, որոնք շատ աւելի նոր ժամանակներուն գոյացան, սակայն նաեւ, ուսումնական-կրթական եւ բարեսիրականին կողքին, հայկական մշակոյթ պահպանեցին ու կերտեցին, որոնց լաւագոյն օրինակն է Վենետիկի Հայ կաթողիկէ Մխիթարեան միաբանութիւնը:
Ուրեմն, մեր թշնամիներուն առաջին թիրախը` Հայաստան եւ սփիւռք, 1721 տարեկան Հայ առաքելական ազգային եկեղեցին է, որ համախմբած է եւ կը համախմբէ հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը: Ըստ «Լայվ Սայէնս»-ի, այժմ աշխարհի վրայ անհաւատալիօրէն 45 հազարէ աւելի քրիստոնեայ յարանուանութիւններ (մեծամասնութիւնը` նիւթապաշտ ու սեռամոլ, սրիկայ քարոզիչներու եւ յատկապէս գաղտնի սպասարկութիւններու շուրջ թաւալող աղանդներ են*) գոյութիւն ունին, Ամերիկայի մէջ` 200-է աւելի (4):
Հայութեան եւ սփիւռքահայութեան թշնամիները, 2018-ին, Հայաստանի մէջ հայ ազգին դէմ յեղաշրջում կատարելէ ետք, կրթական մարզը թրքահաճոյ դարձուցին: Օրինակ` հայոց պատմութեան դասագիրքերէն Արեւմտահայաստանը վերցուցին եւ համալսարանականներուն հայոց լեզուի ու հայկական պարտադիր նիւթերը ջնջեցին: Պետական ապազգայնացում, մինչ մեր թշնամիները իրենց կացինները կը սրեն աւելի հայեր ջարդելու եւ հայկական հողեր գրաւելու եւ պղծելու համար…
Համլեթ Մարտիրոսեան կը գրէ. «Եթէ մարդ անհատը կը կեղծէ իր անձնական կենսագրութիւնը, յանցանք կը նկատուի եւ օրէնքով կը հետապնդուի: Ազգի պատմութեան զեղծարարութիւնը թէ՛ յանցանք է եւ թէ՛ ալ յանցանքներու յանցանք` սրբապղծութիւն: Ո՞ւր է ազգային անվտանգութեան դիրքերուն մէջ կանգնած սահմանադրական այն օրէնքը, որուն մէջ ներկայացուած ըլլայ այս պարզ ճշմարտութիւնը: Ազգի պատմութիւնը ներսէն լուսաշող տաճար է, որ միշտ կատարեալ է ու ամբողջական եւ միաժամանակ անվերջ կառուցուող, իսկ դուրսէն` գոյապայքարի դաժան կռիւ, ուր երբե՛ք դադար չկայ: Այդ տաճարը ճիշդ կառուցելու համար ազգիս ամէն մէկ սերունդ պէտք է ճշգրիտ իմանայ երկու բան. նախնիներուն կառուցածին տրամաբանութիւնը եւ նախնիներուն տարած յաղթանակներուն գաղտնիքը» (5): Այս է, որ պէտք է գիտնանք եւ իւրացնենք մենք եւ մեր նոր սերունդը:
Հայոց պատմութիւնը աղաւաղելէ ետք, այժմու իշխանութեան ուղղակի քաջալերանքով խուլիկաններ, որոնց մէջ նաեւ` «սքեմաւոր»-ներ, ֆիզիքական, անձնական եւ բարոյական գռեհիկ յարձակում գործեցին Հայաստանեայց ազգային եկեղեցւոյ դէմ, պղծեցին ու վարկաբեկեցին զայն, յար եւ նման պոլշեւիկեան 70 տարիներու հակակրօնական ու հակահայ ապազգային ժամանակաշրջանին:
Յանկարծ, նոյն այդ օրերուն, գրեթէ 30 տարիներու լռութենէ մը ետք, սփիւռքի մէջ ալ սուտ «միասնութեան» քողին տակ, կարգ մը կայքէջերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ յօդուածներ յայտնուեցան խորհրդային շրջանին նման, գռեհիկ, ատելավառ ու այլեւս անիմաստ ու ժամանակավրէպ դարձած քարոզչութիւն մը` երկու կաթողիկոսութիւն ունենալու դէմ… Մեր թշնամիները լաւ գիտեն այս «երկուութեան» յաջող ու անուրանալի մե՛ծ առաւելութիւնը եւ անոր պատմական գոյատեւման ու ազգապահպանման` հաւատապահպանման խորհուրդը: Այս երկու յարձակումները երբե՛ք զուգադիպութիւն չեն, այլ` մեր թշնամիներուն կողմէ սարքուած, «հայերու» միջոցով հակահայ, հայավնաս, հայաջինջ մնայուն ծրագիրի գործադրութիւն: Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր թշնամիները եւ անոնց «հայ» կամակատարները, վճարովի կամ ոչ, երբե՛ք չեն քնանար, ու ոմանք պահուըտած են մեր շուրջը…
Ամէն գնով պէտք է պահպանենք մեր հաւատքը եւ Ազգային Եկեղեցին:
# Դպրոցական վերամուտին առիթով, 26 սեպտեմբեր 2008-ին «Մի՛ վախնար, հայրի՛կ, ասոնք մեզի պէս կը խօսին» խորագիրով «Ազդակ»-ին մէջ վկայած էի.
«Պատանեկութեան ընկերս, հետագային նաեւ` գործի դրացիս, իր հայկական ընտանիքը կազմելէ ետք ու դժուարին պայմաններու տակ ունեցաւ իր շատ սպասած «մէկ հատիկ» մանչ զաւակը:
«Խառնուածքով ու համոզումով ազգասէր էր, առաւել եւս իր շրջապատի տեղացիներուն (Լիբանան) հանդէպ չունէր նուազագոյն համակրանքը, չըսելու համար աւելին:
«Հասաւ զաւկին դպրոցական տարիքը եւ զարմանալիօրէն դրացիս հայկական վարժարաններու հանդէպ վերապահ մօտեցում սկսաւ ցուցաբերել:
Այդ օրերուն, լաւատեղեակ ըլլալով հայկական վարժարաններու իրավիճակին (Ազգային Ուսումնական խորհուրդի անդամ*), կարելի եղաւ համոզել զինք` վկայակոչելով հայկական վարժարաններու կրթական բարձր մակարդակը եւ հայերէնի կողքին պետական կրթական ծրագիրը կիրարկելով հանդերձ, մեր աշակերտներու շատ լաւ արդիւնքները:
«Այս անգամ եկաւ յայտնելու իրմէ անսպասելին. «Հայկական վարժարաններու մակարդակին մասին ըսելիք չունիմ, այլ կ՛ուզեմ, որ տղաս խառնուի տեղացիներուն մէջ եւ քիչ մը իրենց պէս մեծնայ ու արաբերէն լեզուին տիրապետէ… տարբեր չզգայ ու քիչ մը փողոցային մեծնայ…»:
«Իսկ եթէ պատահի հակառակը. վրան խնդան, ծաղրեն, եւ այդ «փողոցային» ձիրքերը իր վրան կիրարկեն, չե՞ս կարծեր, որ ճիշդ հակառակ արդիւնքը կը ստանաս: Զաւակդ տեսակաւոր բարդոյթներով չի՞ մեծնար այդ օտար շրջանակին մէջ»:
«Հակառակ գրեթէ ամէնօրեայ մեր հանդիպումներուն` կարելի չեղաւ տարհամոզել զինք: Ի վերջոյ զաւակը արձանագրեց թաղին տեղական պատահական մէկ դպրոցը, մինչ շրջանին մէջ կը գործէր երեք յարանուանութիւններուն պատկանող մէկական հայկական վարժարան:
«Անցաւ ժամանակ, եւ ահա երկուշաբթի առաւօտ մը գլուխը կախ եկաւ ու յուզումով պատմեց շաբաթ օրուան պատահարը. «Տղաս գայլիկ արձանագրեցի, երբ շաբաթական հաւաքին տարի զինք եւ ակումբի մուտքէն հրաժեշտ կու տայի, տղաս ձեռքէս քաշելով` ըսաւ. «Մի՛ վախնար, հայրի՛կ, ասոնք մեզի պէս կը խօսին»:
Պատմութիւնը կը շարունակուի, եւ ամիսներ ետք դրացիս ընտանեօք կը փոխադրուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ…
«Ի՞նչ եղաւ փոքրիկին արաբերէն լեզուի հարցը:
«Արդեօ՞ք այսպիսի ծնողներ ուսումնասիրած եւ բաղդատած են հայկական ու տեղական վարժարաններու յաջողութեան համեմատութիւնը, նոյնիսկ` արաբերէն նիւթերուն մէջ: Հայկական վարժարաններու յաջողութեան պատկերը ընդհանուրին միջինէն շատ աւելի բարձր չէ՞:
«Արդեօ՞ք դրացիիս նմանները ուսումնասիրած են, թէ տեղացիներէն քանինե՜ր կը փափաքին իրենց զաւակը հայկական վարժարան ուղարկել, լաւ ուսումի կողքին, փորձանքներէ հեռու բարոյական ապահով միջավայր ըլլալուն համար:
«Արդեօ՞ք սխալեցան մեր սերունդի ծնողները մեզ հայկական վարժարան ղրկելով եւ լիբանանեան մակարդակի վրայ հազարաւոր բարձրորակ մասնագէտներ, արհեստաւորներ եւ բոլոր մարզերու մէջ գերազանցող պարկեշտ ու ամուր անհատներ կազմաւորելով:
«Արդեօ՞ք սխալ ընթացքի մէջ են այն բոլոր հայ ծնողները, որոնք իրենց հայ զաւակը, լեզուամտածողական բնական միջավայրի մէջ, հայկական ենթագիտակցութիւնը եւ հաւաքական յիշողութիւնը շարունակող եւ զարգացնող հայկական վարժարան կը ղրկեն:
«Արդեօ՞ք ծնողները իրաւունք ունին շուարեցնելու եւ զգացական ու հոգեբանական ցնցումներու ենթարկելու իր վեցամեայ զաւակը:
Վերջապէս, դրացիիս խեղճ փոքրիկին նոր պատկանելիութիւնը ի՞նչ է»:
Սիմոն Վրացեանին եւ հօրս նման (տես` Գ. (6) Եւ Դ. (7) մաս)` ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՓՈՔՐ ՏԱՐԻՔԷՆ ՊԷՏՔ Է ԱՆԴԱՄԱԿՑԻ ՀԱՅԸ ՀԱՅ ՊԱՀՈՂ, ՀԱՅ ԴԱՏԸ ՀԵՏԱՊՆԴՈՂ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՐԵՒԷ ՄԻՈՒԹԵԱՆ, ԿԱՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ, նոյնիսկ մէկէ աւելիին: Այս է հայապահպանման ՏԵԴԱ-ին Այբը` ակումբը:
7 յունուար 2023
Շար. 10/11
————————
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին:
- https://www.aztagdaily.com/archives/546868
- https://www.aztagdaily.com/archives/496221
- https://www.aztagdaily.com/archives/565457
- https://www.livescience.com/christianity-denominations.html
- «Քաղաքականութիւնը եւ հայագիտութիւնը», Համլեթ Մարտիրոսեան, Նորաթերթ, 2000:
- https://www.aztagdaily.com/archives/543490
- https://www.aztagdaily.com/archives/546868