Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Ծննդեան Սուրբ Յովհաննու Կարապետի

January 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ եկեղեցին Սուրբ Ծննդեան ութօրէքին (յունուար 6-13) յաջորդող շաբաթ օրը կը նշէ Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի ծննդեան տօնը:

Սուրբ Յովհաննէս, Քրիստոսի Կարապետն ու Մկրտիչը, Զաքարիա քահանայի եւ Եղիսաբէթի որդին է:

Տաճարին մէջ խնկարկելու ժամանակ Զաքարիա քահանայ աւետիս ստացաւ Գաբրիէլ հրեշտակէն, թէ` զաւակ մը պիտի ունենայ: Սակայն Զաքարիա թերահաւատութեամբ ընդունեց բարի լուրը եւ կասկածամտութեան իբրեւ պատիժ համր դարձաւ:

Սուրբ Կոյս Մարիամ եւ Եղիսաբէթ իրենց յղութեան շրջանին հանդիպեցան: Եղիսաբէթի որովայնին մէջ գտնուող մանուկը խայտաց եւ իր մօր բերնով օրհնաբանեց Սուրբ Կոյսը եւ անոր Որդին` ըսելով. «Օրհնեալ ես դու ի կանայս, եւ օրհնեալ է պտուղ որովայնի քո»:

Երբ Եղիսաբէթի յղութեան ինը ամիսը եւ հինգ օրը անցաւ, ծնաւ սքանչելի մանուկը: Այն ատեն Զաքարիայի լեզուն բացուեցաւ: Մանուկը անուանեցին Յովհաննէս, որ եբրայերէն կը նշանակէ Աստուածաշնորհ:

Զաքարիա մարգարէացաւ զաւկին համար եւ ըսաւ. «Մանո՛ւկ, Բարձրեալի մարգարէն պիտի կոչուիս` Տիրոջ առջեւէն երթալու եւ Անոր ճանապարհը պատրաստելու համար»:

Հերովդէսի հրամանով Բեթղեհէմի մանուկները կոտորելու ժամանակ Եղիսաբէթ իր մանուկը առնելով անապատ փախաւ: Երբ զինուորները հասան անոնց, Եղիսաբէթ աղաղակեց Տիրոջը, եւ նոյն պահուն վէմը, որ կար անոնց առջեւ, բացուեցաւ, իր մէջ առաւ մայրն ու մանուկը, եւ դարձեալ փակուեցաւ: Եօթը ամիս անոնք Աստուծոյ շնորհներով կերակրուեցան, մինչեւ որ հրեշտակը բացաւ վէմը եւ զանոնք դուրս հանեց: Ապա հրեշտակը Եղիսաբէթի պատուիրեց տուն վերադառնալ եւ սգալ մանկան հօր` Զաքարիայի մահը, քանի որ տաճարին մէջ սպաննած էին զայն: Հրեշտակը Եղիսաբէթի ըսաւ. «Մանուկը անապատ թող մնայ, մենք պիտի սպասաւորենք անոր»:

Այդ օրուընէ Յովհաննէս մնաց անապատ` մարդոցմէ հեռու: Անոր կերակուրն էր մորեխ եւ վայրի մեղր: Ունէր ուղտի մազէ հանդերձ, մէջքին` մաշկեղէն գօտի:

Երբ երեսուն տարեկան եղաւ, Տիրոջ խօսքը լսելի եղաւ Յովհաննէսին` երթալ Յորդանան գետի կողմերը եւ մեղքերու թողութեան համար մկրտութիւն ու ապաշխարութիւն քարոզել:

Սուրբ Կոյս Մարիամի Որդին եկաւ Յովհաննէսի մօտ եւ մկրտուեցաւ անոր կողմէ: Երկնային ձայնով ու աղաւնակերպ իջմամբ վկայուեցաւ Հօր եւ Սուրբ Հոգիին կողմէ. «Սա է Աստուծոյ Որդին, Մարիամի որդին` Յիսուս: Ահաւասիկ Քրիստոս` Աստուծոյ Գառը, որ իր վրայ կ՛առնէ աշխարհի մեղքը»:

Այսպիսով Յովհաննէս եղաւ Քրիստոսի Կարապետը (ճանապարհ բացողը) եւ Մկրտիչը:

Յիսուսը մկրտելէն եւ Զայն իբրեւ խոստացուած Մեսիա (օծեալ) յայտարարելէն ետք Յովհաննէսի առաքելութիւնը աւարտած էր այլեւս:

Արդարեւ, այս իրադարձութիւններէն ետք, Հերովդէս թագաւորին հրամանով, Յովհաննէսը բանտարկեցին եւ եղերական պայմաններու տակ գլխատեցին:

 

 

Նախորդը

Մտորումներ. Մենք Եւ 2023 Այս Նոր Տարին

Յաջորդը

Սուրբ Ծննդեան Տօնակատարութիւն Տիգրանակերտի Մէջ

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.