Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ. Մենք Եւ 2023 Այս Նոր Տարին

January 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մեծ յայտնութիւն մը ըրած չեմ ըլլար, եթէ ընդգծելի դարձնեմ հետեւեալ պարզ իրողութիւնը, որ իւրաքանչիւրս քիչ թէ շատ կը հետեւինք` հայրենի, Արցախի եւ սփիւռքահայ կեանքի զանազան մանրամասնութիւններուն, անոնց բազմազան տեղեկութիւններուն, հեռանկարներուն, ստեղծագործութիւններուն, բազմերանգ դրսեւորումներով նորութիւններուն, ցաւերուն եւ հպարտալի երեւոյթներուն, դժբախտ կամ ուրախ իրականութիւններուն, եւ ինքնաբերաբար կ՛ուրախանանք կամ կը տխրինք, կը հպարտանանք կամ կը յուսահատինք ու երբեմն ալ կ՛անիծենք օտարն ու մեր ճակատագիրը:

Այս օրերուն, ինչպէս` տարիներէ ի վեր, հայրենիք, Արցախ եւ սփիւռք անհրապոյր օրեր կ՛ապրին: Մեր քաղաքական, ընկերային եւ կամ տնտեսական դժուարութիւններն ու տագնապները նոր չեն: Այս բոլորը, միջազգային ըլլալով հանդերձ, ազգային ալ են, եթէ կ՛ուզէք: Տագնապներ ըսի, թերեւս մեծագոյն մտահոգութիւն ալ պէտք էր որ աւելցնէի: Այլ խօսքով` հայ ինքնութեան պահպանում: Բոլորս ալ ականատեսներն ենք եւ իրազեկ, թէ որքան խորն է մեր այս դժբախտութիւնը: Մենք տառապած ժողովուրդ ենք եղած: Այս մէկն ալ նորութիւն մը չէ մեզի համար:

Իսկ հիմա արդէն նոր տարի ենք, եւ համաշխարհային, տնտեսական ու ընկերային անապահով ներկայ այս վիճակին մէջ, մեր ամէնօրեայ դժբախտութիւններուն զարնուող իրականութեան կողքին, կը փորձենք` դրական մտածել, նոր լոյսի եւ յոյսի նշաններ որոնել, նոր «սիւներ» ծրագրել ու կառուցել` հայրենի մեր երդիքին:

Տեսանելի եւ նոյնքան ալ շօշափելի ու զգալի տագնապներ տակաւին հայ կեանքին մէջ կան, որոնք անկասկած մէկական սուր եւ վտանգաւոր ազդանշաններ են մեզի համար:

Նոր տարի է: Կը կրկնեմ:

Ու կը կարծեմ, որ հինին մասին խօսիլն իսկ աւելորդ է, որովհետեւ բոլորս ալ` իբրեւ մարդ եւ կամ հայ, անցեալ տարի միասնաբար դիմագրաւեցինք լուրջ եւ վտանգաւոր տագնապներ: Վկայ` Արցախի ներկայ իրավիճակը:

Ուստի, այս բոլորին կողքին էական է, որ ունենանք մեր ներկան յուզող հարցերը քաջաբար քննարկելու եւ մեր ցանկալի վաղուան հաշուոյն նոյնքան խիզախ եւ համապարփակ լուծումներ առաջադրելու գիտակից յանձնառութիւնը:

Դժուարին առաքելութիւն մը` անշուշտ: Բայց… միաժամանակ` էական:

Որովհետեւ տեսանելի են մեր հարցերը եւ նոյնքան ալ` այրող: Յստակ է, որ մեր կեանքը` հայրենիք, Արցախ եւ կամ սփիւռք, լի են շփոթութիւններով: Անոր համար յաճախ կորսնցուցած ենք մեր շրջագիծը: Նոյնպէս` մեր ոգին, մեր կամքն ու հաւատքը: Ահա հոս է մեր ցաւը: Թէեւ քիչ մը շատ ուշ, սակայն կարեւոր է որոնել դարման եւ բուժում: Մէկ խօսքով, արմատական դարման գտնելու ժամը հասած է արդէն: Նոյնիսկ ուշացած ենք: Սերունդներուն ազգակերտ շաղախներ պէտք են: Մի՛ մոռնաք…

Յաճախ նման պատկերներ կ՛ուրուագծուին մեր աչքերուն դիմաց, որովհետեւ, ներկայիս մեզ ազգովին դէպի համաշխարհայնացում տանող ճամբաներուն վրայ խոցելի դարձած են հայը հա՛յ պահելու մեր ջանքերը:

Ու ազգովին շուարած ենք: Լուծում կը փնտռենք: Կը փնտռենք ելք ու դաշնակից: Բայց, իմ կարծիքով, որեւէ լուծման մասին մտածելէ առաջ նախապայման է մեր համախորհուրդ կամքը: Նախապայման է, որ մեր ներկայ կեանքի ու միջավայրի նեղ շրջագիծներէն ու դրուածքներէն դուրս գանք համատեղ ուժերով:

Կը խօսինք եւ տարիներով ալ խօսած ենք հայկական դիմագիծի պահպանման մասին` առանց անդրադառնալու, որ նախ մեր մօտեցումները, մեր ազգային ըմբռնումներն ու մեթոտները պէտք է վերանայինք ու անպայմանօրէն  վերարժեւորման ենթարկենք: Կը կարծեմ, որ ունինք պէտք եղած կարելիութիւնները հետապնդելու բազկերակն ու միջոցները: Բայց առաջնորդ չունինք: Ազգային ղեկավար չունինք: Այս մէկուն մասին անցնող տարիներուն միշտ ու շատ առատ խօսած եւ անդրադարձած ենք:

Չենք կրնար եւ իրաւունք ալ չունինք հայ իրականութեան մօտենալ մեր պարզ աչքերով: Մեր «աղմուկով»: Մեր քմահաճութիւններով… Տեսանելի է, թէ որքան խորն է մեր դժբախտութիւնը, որովհետեւ, անէծք չար սատանային, հիմնուելով նման միտքերու եւ համոզումներու վրայ, որոնք ամուր խարսխուած են հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքին, կրնանք հաստատել, որ մեր չափանիշները խախտած են: Անոր համար դարձեալ այս օրերուն մենք մեզի կը փորձենք հարց տալ.

«Արդեօ՞ք մենք ազգովին պատրաստ ենք մեր պահանջատէրի իսկական դիմագիծը պարզելու: Արդեօ՞ք ունինք որոշ ռազմավարութիւն մը, որ ծնունդ առած ըլլայ նոր պայմաններու աշխատանքի եղանակէն: Արդեօ՞ք ունինք սփիւռքեան եւ հայրենի գիտակցութեամբ զուգուած յանձնառութիւն մը: Արդեօ՞ք իսկապէս ունինք դաշնակից կամ զօրակից պետութիւն մը մեր կողքին, մեզի իսկապէս զօրավիգ կանգնող…»: Կը կասկածիմ:

Անոր համար յուսահատ ենք ու գրեթէ`անճրկած ու ճարահատ:

Բան մը արդարացնելու ճիգեր չեն այս բոլորը, այլ` կրկին անգամ զգաստութեան հրաւիրելու գեղեցիկ ու կենսական կոչ մը, «գործի անցնելու», գնահատելու, քաջալերելու, լաւն ու ճիշդը մատնանշելու դրական եւ անսակարկ կեցուածքով:

Չէ՞ որ նոր տարի ենք… ա՛լ սթափինք… Հինը գնաց, ժամանակն է, որ նորոգուինք մտքով, կամքով եւ հոգիով, որովհետեւ բոլորս ալ կոչուած ենք որակ դառնալու հայրենիքին եւ ցեղին համար:

Մնացեալը դուք գիտէ՛ք…

bedig43@aol.com

Նախորդը

Հարցազրոյց Բանաստեղծուհի Կամիլա Երկանեանի Հետ. «Պատերազմը Ստիպեց Ինձ Լռել»

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Ծննդեան Սուրբ Յովհաննու Կարապետի

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.