Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմին Ազգին Կորուստները
Շատ Աւելի Մեծ Են, Քան` Մեր Ենթադրածը
ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Առիթը սովորական է. տարեմուտի առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը սովորութիւն ստեղծած է օրացոյցներով շնորհաւորելու մեր Կաղանդը` մեր տուներուն մէջ վառ պահելու համար հայ մշակոյթն ու հայու ոգին:
Այդպէս է տասնամեակներէ ի վեր, բան մը, որ գնահատելի է եւ ազգօգուտ:
Այս տարի, սակայն, պատրաստուած է բոլորովին տարբեր օրացոյց մը, որուն կ՛արժէ անդրադառնալ:
Այսպէս,
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը (տնօրէն` Յակոբ Գ. Հաւաթեան) իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Հայաստանի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 7 յունիսին Հայաստանի նկարիչներու միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած գեղանկարիչ եւ քանդակագործ հերոսներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ` նոյն ստեղծագործութիւնները ներկայացնող «Ես եմ, ես կա՛մ» խորագրով պատկերագիրքին շնորհահանդէսը:
«Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան անձամբ ստանձնած էր տղոց անուններու փնտռտուքը` կապ հաստատելով Հայաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու, հերոսներու հարազատներուն հետ` հաւաքելով ստեղծագործական աշխատանքները:
«Այս առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը, գործակցաբար Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին, նպատակայարմար գտաւ, որ անմահ հերոս արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները ներկայացնէ 2023 տարեշրջանի օրացոյցին ճամբով եւ զանոնք սեփականութիւնը դարձնէ հայկական վարժարաններու բարձր կարգերու աշակերտներուն,որպէսզի նահատակներու պատգամն ու օրինակը դառնան մնայուն ներկայութիւն իրենց առօրեային մէջ:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս ծրագրին իրագործման սատարած բոլոր հովանաւորներուն:
Յաւե՛րժ փառք բոլոր նահատակներուն»:
Սովորական թուացող, բայց անսովոր է այս օրացոյցը:
Ներկայացուած են 25 նկարիչ-քանդակագործներ, որոնք արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, կատարելով իրենց ազգային պարտքը, մասնակցած են հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերուն եւ հերոսաբար նահատակուած:
Ճիշդ կ՛ըսէ «Ես եմ, ես կա՛մ» ցուցահանդէսի խորհուրդի անդամ Աշոտ Աւագեանը. «Նրանք դեռ պիտի մտնէին արուեստի յորձանուտ, իրենց առաջին քայլերը փաստում են, որ ինքնուրոյն խօսք էին ասելու կերպարուեստի բնագաւառում:
«Չհասցրին:
«Հասցրին միայն իրենց կեանքը նուիրաբերել հայրենիքի զահասեղանին»:
25 երիտասարդ եւ լուսաւոր տղաք` Արթուր Ասրեան, Հայկ Նալպանտեան, Խորէն Հաճաթեան, Աժդահակ Կիրակոսեան, Արմէն Գրիգորեան, Գէորգ Արշակեան, Տարօն Ֆիլիպոսեան, Յակոբ Մելիքսէթեան, Արման Յարութիւնեան, Ալիք Հախվերտեան, Մորիս Գրիգորեան,
Գոռ Աւագեան, Արամ Պօղոսեան, Միսաք Մկրտչեան, Յարութիւն Ղազարեան, Գոռ Յակոբեան, Արթուր Բալասանեան, Վահագն Աւանեսեան, Մուշեղ Վարդանեան, Վիգէն Մուրատեան, Յովհաննէս (Ճոն) Մազմանեան, Արտակ Թովմասեան, Անդրանիկ Գրիգորեան, Գոռ Աւետիքեան, Էտկար Տօնականեան:
Աստուա՛ծ իմ, ի՜նչ կորուստներ ունեցեր ենք:
Բոլորն ալ երիտասարդ, գործունեայ, տաղանդաւոր եւ հայրենասէր տղաք են, որոնք նահատակուած են մեզի համար, հայուն համար, Հայաստանին համար:
Ետդարձ:
Միշտ մտածած եմ. եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը չպատահէր, հայ գրականութիւնը անպայման պիտի ունենար իր երկրորդ ոսկեդարը քսաներորդ դարու առաջին կիսուն: Եղեռնին զոհ գացած հայ գրողներու մեծ խումբը կը գտնուէր իր ստեղծագործական բարձրակէտին վրայ, երբ գլխատուեցաւ…
Հիմա ալ կորուստը մեծ է դժբախտաբար (առանց մոռնալու մեր հազարաւոր նահատակ զինուորները), միակ տարբերութեամբ, որ երիտասարդ այս տղաքը, որոնք մեր ապագայ հպարտութիւն ճառագայթող արուեստագէտները պիտի ըլլային, չեն գլխատուած, այլ հերոսաբար ինկած են պատերազմի դաշտին վրայ:
Լուսաւոր տղաք, որոնք ազգին հպարտութիւնն են:
Այս առիթով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեան կը գրէ. «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը` հաւատարիմ իր առաքելութեան, Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ 2022 թուականին ներկայացուց «Ես եմ, ես կա՛մ» խորագիրով յուշապատում-պատկերագիրքը, ուր ամփոփուած են 44-օրեայ պատերազմին զոհուած արուեստագէտ զինուորներու աշխատանքները:
«Գեղարուեստի աշխարհին մէջ իրենց առաջին քայլերը առած քաջորդի երիտասարդների աշխատանքներից ամէն մէկը մի գոյն, մի երազ, չաւարտած մի կտակ: Անաւարտ սէր է®»:
Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի նախագահ Արամ Իսաբէկեան կը վկայէ. «Պատերազմի մասին յիշողութիւնը մարտերի եւ մեր զինուորների գործած սխրանքների մասին է… Յիշողութիւն է մեր նահատակ տղաների մասին, որոնք հայրենիք ներխուժած թշնամուն սաստելով զոհաբերեցին ամենաթանկը` իրենց երիտասարդ կեանքը:
«Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիան եւս անմասն չմնաց այդ պատերազմում: Գեղարուեստի ակադեմիայի ուսանողներից շատերը կամաւոր, կիսատ թողնելով ուսումը, վայր դնելով վրձինը, առանց վարանելու եւ երկմտելու, բազմաթիւ երիտասարդների հետ միասին զէնք վերցրին եւ միացան ազգային-ազատագրական պայքարին»:
Այս տղոց յիշատակն ու ոգին մեր առօրեային մէջ վառ պահելու նպատակով Համազգայինը հրատարակած է այս օրացոյցը, որ հրաշալի քայլ մըն է:
Արժէ յայտնել, որ օրացոյցը լոյս տեսած է Համազգայինի 95-ամեակին առիթով, եւ այս աշխատանքի իրագործման համար օրացոյցի իւրաքանչիւր ամիս ունի իր բարերարը: Հաւաքական աշխատանքի գեղեցիկ օրինակ մը:
Բարձր գնահատանքի արժանի նախաձեռնութիւն է իրագործուածը: Եզակի՛:
6 յունուար 2023, Այնճար


