Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուգահեռներ (Լոզանէն Նոյեմբեր 9)

Յունուար 13, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Ք.

Մեր ընթերցողներուն տօնական տրամադրութիւնը պիտի չուզէինք ստուերել` յիշելով եւ յիշեցնելով, որ մուտք կը գործենք 2023 տարեթիւ, որ կը զուգադիպի տխրահռչակ դաշնագրի մը 100-ամեակին: Պիտի չուզէինք անդրադառնալ չարաշուք տարեդարձի մը, եթէ  այսօր ալ  չգտնուէինք մօտաւորապէս նոյնանման պայմաններու կրկնութեան տխուր իրականութեան մը մէջ…

1923-ի յուլիս ամսուն, Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմի դաշնակից պետութիւնները նոր աւարներ յափշտակելու նպատակով տապանաքար դրին Հայկական հարցին վրայ` իբր թէ վերաքննելու համար  երեք տարի առաջ (1920 օգոստոսին) անկախ  Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու իսկ ստորագրութիւններով  հաստատուած  Սեւրի դաշնագիրը, որ արդարութիւնը վերականգնելով` ամրագրած էր, թէ իրենց փոքր դաշնակիցը` հայ ժողովուրդը, իր պապենական  հողերուն վրայ  պիտի ունենայ  շուրջ 165.000 քառ. քիլոմեթր տարածքով Հայաստան` ծովային ելքով մը: Սեւրի դաշնագրին մելանը տակաւին չչորցած` մեծերը լքած էին արդէն իրենց փոքր դաշնակիցը` թոյլ տալով, որ Քեմալի «նոր» Թուրքիան, համայնավար Ռուսիոյ օրհնութեամբ, նոր գրաւումներ կատարէ եւ  Հայաստանին մնայ երեսուն հազար քառ. քմ տարածք մը միայն:

Լոզանի մէջ Անգլիոյ ներկայացուցիչ լորտ Քըրզըն Թուրքիոյ ներկայացուցչին կը սպառնար. «Կա՛մ Մուսուլը  (քարիւղի հանքերով հարուստ) կը յանձնէք մեզի, կա՛մ սեղանին կը դնեմ Հայկական հարցը»: Թուրքիան կը հրաժարէր քարիւղով հարուստ շրջաններէն, միայն թէ Հայկական հարց  յիշող չգտնուէր: Թուրքիոյ այս զիջողութիւնը, այսինքն` հայկական հողերը իրեն պահելու նախընտրութիւնը, լրջագոյն հետեւութիւններ հանելու առիթ է մեզի եւ շահագրգիռ պետութեանց համար, ինչ կը վերաբերի  համաթրքութեան փայփայուած մեծ ծրագրին:

Լոզանը, ժողով մը ըլլալէ առաջ ու ետք, «շուկայ մը» եղաւ, ուր հայկական արիւնը սակարկուեցաւ արաբական քարիւղին հետ:

Միշտ այդպէս է եւ այսուհետեւ ալ պիտի մնայ նոյնը: Զօրաւորի տրամաբանութեան մէջ դաշինքներն ու համաձայնագրերը, միջազգային օրէնքներն ու ատեանները շուկայ են, ուր կը շահի հնարամիտը կամ ճարպիկը, այնքան ատեն որ կարիքը չի զգացուիր զէնքի ուժին: Այս ըսուածին նորագոյն ցուցանիշը Էրտողանն է, որ վերջերս աչք տնկած ըլլալով Եգէական ծովուն եւ յունական կղզիներուն վրայ` կը յայտարարէր, որ «համաձայնագրերու օրերուն տկար էինք եւ ընդունեցինք անոնց  յունապատկանութիւնը, բայց հիմա զօրացած ենք եւ մեր ստորագրածները վերանայելու կարողութիւնը ունինք, այլապէս ուժի պիտի դիմենք…»: Եւ ինչ որ Էրտողան օդին մէջ կը սպառնայ, իր ցեղակիցը` Ալիեւ, գետնի վրայ կը գործադրէ` իր դիմացը տեսնելով պարտութենէն  կամազուրկ ու ներքնապէս պառակտուած խարխափող Հայաստան մը:  Համաձայնագի՞ր, միջազգային օրէ՞նք, անոնք չպայքարող տկարներուն համար են, որպէսզի անոնցմով  յոյս սնուցանեն եւ այդ յոյսին կառչին: Միա՛յն մենք` պարզամիտ հայերս, եղանք, որ Արցախի առաջին պատերազմին յաղթական ու զօրաւոր դիրքէ «մեծահոգութեամբ» ոչինչ առինք, ոչինչ շահեցանք… Ի՛նչ եւ է, մնանք խմբագրականի նիւթին մէջ, չտարածուինք:

Միջազգային որոշումով եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ բացառուած  էր ռազմական լուծումը Արցախի հարցին, որուն համար ալ աշխարհի երեք մեծ պետութիւններ` յանուն ՄԱԿ-ին ու Ապահովութեան խորհուրդին երաշխիք ու յանձնառու դարձած էին, որ խնդիրը պիտի կարգաւորեն բանակցութիւններով:

Աւելի՛ն. 44-օրեայ պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ իրեն հարց տուող ազերի լրագրողի մը որպէս պատասխան` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով սաստով կը յայտարարէր ի լուր մարդոց, թէ` «Գիտցէ՛ք, որ Ղարաբաղի խնդիրը դադրած է այլեւս Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հարց մը ըլլալէ, ան վերածուած է միջազգային խնդիրի եւ միջազգային ատեանն է, որ լուծում պիտի տայ անոր…»:

Տեսանք միջազգային ատեանի յանձնառութիւնը 44 օր տեւած պատերազմին ու այնուհետ: Տեսանք ու կը շարունակենք տեսնել նաեւ վերաբերումը Ռուսիոյ, որուն յառաջացուցած եւ հովանաւորած զինակցութեան ոչ միայն մաս կը կազմէ Հայաստան, այլ նաեւ անոր հետ ունի փոխադարձ պաշտպանութեան երկուստեք ստորագրուած դաշնագիր` 45 տարուած ժամկէտով… Միջազգային ատեաններն ու Ռուսիան եւ վերջնոյն հովանաւորած զինակցութիւնը համրացած են` ի տես Հայաստանի սահմաններէն ներս Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւններուն: Անոնք եթէ  իրենց համրութիւնը երբեմն կը խզեն,  պարզապէս ի ցոյց մարդոց «ազնիւ» խօսքերով շրթունքի ծառայութիւն կատարելու համար է միայն:

Ու դեռ աւելի՛ն. պարտութենէն ետք 9 նոյեմբերի  Հայաստանի անձնատուութեան տխրահռչակ պայմանագրին յօդուածները պատրաստողն ու այդ պայմանագրի գործադրութեան երաշխաւորը եղաւ նոյնինքն մեզի զինակից Ռուսիոյ մեծազօր  նախագահը: Սակայն հետագայ պատահարները տեսանելի  կը դարձնեն, որ ան ալ իր յանձն առած երաշխաւորութիւնը սակարկութեան դրած է թուրքին ու ազերիին հետ: Թերեւս նաեւ 44-օրեայ պատերազմը մէկ երեսն էր սակարկութեան այդ  պազարին…

Լոզանի  յաջորդող տարիները դիւրին չեղան  հայութեան համար` ե՛ւ համայնավարացուած Հայաստանի ե՛ւ  կողմնացոյցէ զուրկ սփիւռքի տարածքին: Դիւրին չեղաւ, բայց ի վերջոյ վերականգնեցաւ ազգը:

Ներկայիս ալ, նոյեմբեր 9-ի անձնատուութենէն ետք, մեծ  դժուարութեանց մատնուած է  մեր ժողովուրդը: Բայց  անկասկած է, որ այսօրուան փորձութիւններն ալ պիտի  թօթափենք անպայման ու պատմական մեր երթը պիտի շարունակենք հպարտութեա՛մբ ու հաւատքո՛վ:

Որովհետեւ գիտենք եւ վկաներ ենք, որ անիրաւ դաշնագրերով  կամ քաղաքական պազարներ սարքելով  չէ, որ կը ճշդուի ազգի ապագան, այլ ան կը կերտուի անոր զաւակներուն  զոհաբերութեամբն ու անյուսահատ պայքարով,

Որովհետեւ գիտենք եւ վկաներ ենք, որ մեծ կամ փոքր, զօրաւոր կամ տկար, յաղթող կամ պարտուող մնայուն  ազգեր չկան: Արեւուն տակ գոյութեան ու տեւելու իրաւունք կ՛ապահովեն միայն ու միայն պայքարող ազգերը:

Պայքար` արտայայտութեան բոլոր ձեւերով ու դրսեւորումներով եւ տարբեր ճակատներու վրայ:

Այս եղած է մեր ուսմունքը: Նաեւ` պատմութեան տրամաբանութիւնն ու վճիռը:

Պիտի հետեւի՛նք մեր ուսմունքին: Վճռակա՛ն ու աներե՛ր: Կը հաւատա՛նք:

 

 

 

Նախորդը

Կառավարե՞լ Սփիւռքը

Յաջորդը

Այս Լուսաւոր Տղաքը

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Անդրադարձ

Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Նոյեմբեր 14, 2025
Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ
Անդրադարձ

Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ

Նոյեմբեր 14, 2025
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Անդրադարձ

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?