Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտէի՞ր, Թէ. Կաղանդի Մասին

December 31, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

– Կուաթեմալայի մէջ մանուկները իրենց նուէրները կը ստանան արեւմտեան Ս. Ծնունդին, մինչ չափահասները պէտք է սպասեն մինչեւ Նոր տարի` իրենց նուէրները ստանալու համար:

– Գերմանացիները հնարեցին Կաղանդի կեղծ ծառերը 19-րդ դարու վերջաւորութեան. անոնք շինուած էին սագի ներկուած փետուրներով:

– Շուէտի մէջ սովորութիւն է Ս. Ծնունդի գիշերը Տոնալտ Տաքի շարժուն գծապատկերներ դիտել:

– Յունաստանի մէջ մարդիկ իրարու հետ նուէրներ կը փոխանակեն յունուար 1-ին:

– Մինչ Պելճիքայի կարգ մը շրջաններու մէջ Կաղանդ պապան նուէրները կը բերէ 5 դեկտեմբերին:

– Մրցումի մը ընթացքին մասնակից մը կրցաւ մրցանիշ մը արձանագրել ամէնէն արագը` 1 վայրկեան եւ 55 երկվայրկեանէն, Կաղանդի ծառ մը 100 լոյսով, 2 երիզ զարդարանքներով, 15 գնդակներով եւ գագաթին վրայ աստղով մը զարդարելով:

– Աշխարհի ամէնէն շատ լոյս պարունակող ծառը զարդարուած էր 194672 փոքրիկ լամբերով 2010-ին, Պելճիքայի մէջ:

– Որպէսզի Կաղանդ պապան կարենայ աշխարհի բոլոր մանուկներուն նուէրները մէկ գիշերուան մէջ բաժնել, ան պէտք է 1 երկվայրկեանի մէջ այցելէ 822 տուներ:

– Ֆիլիփփինը ճանչցուած է իբրեւ ամէնէն երկար Կաղանդի եղանակը ունեցող երկիրը: Հոն, արդէն սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ կարելի է լսել Կաղանդի երգեր, մինչեւ յունուարի կէսերը:

– Չիլիի մէջ, ուր Կաղանդը կը զուգադիպի ամառնային եղանակին հետ, չիլիցի Կաղանդ պապան` Պիեժօ Փասքուերոն (Ս. Ծնունդի Ծերունի մարդը), նուէրները կը բերէ եւ կը բաժնէ պատուհաններէն` ծխնելոյզէն անցնելու փոխարէն:

– Ըստ մրցանիշներու «Կինես»-ի գիրքին, աշխարհի ամէնէն սուղ զարդարանքներով պատրաստուած Կաղանդի ծառը 2010-ին «Էմիրէյց փալաս»-ի մէջ ցուցադրուած ծառն է: Անոր արժէքը` 11.026.900 տոլար:

– Մշտադալար ծառ մը Կաղանդի առիթով զարդարելու սովորութիւնը սկսած է Գերմանիոյ մէջ, 16-րդ դարուն:

– Գիտէի՞ր, թէ սկիզբի շրջաններուն Կաղանդ պապային տարազը կապոյտ, կանաչ եւ մանիշակագոյն էր:

– 1895 թուականին առաջին ելեկտրական լամբերը սկսան գործածուիլ Կաղանդի ծառը լուսաւորելու համար:

– Սկիզբի ժամանակներուն, երբ Կաղանդի ծառը զարդարելու սովորութիւնը սկսաւ տարածուիլ, ծառը կը զարդարուէր ուտելիքներով, ինչպէս` ընկոյզ, արմաւ, խնձոր եւ ուրիշ պտուղներ:

Ներկենք

Պահուած պատկերը յայտնաբերելու համար ներկէ` հետեւելով տուփիկներուն:

Սեւ – զ7, ժ7

Նարնջագոյն – ե10, ի10, գ11, դ11, ե11, ի11, լ11, խ11, ե12, ի12, դ13, լ13, գ14, ե14, ի14, խ14

Կարմիր – ը3, է4, ը4, թ4, ը5

Սրճագոյն – է1, ը1, թ1, զ2, է2, ը2, թ2, ժ2, ե3, զ3, է3, ը3, թ3, ժ3, ի3, ե4, զ4, ժ4, ի4, լ4, դ5, ե5, զ5, է5, թ5, ժ5, ի5, լ5, դ6, ե6, զ6, է6, ը6, թ6, ժ6, ի6, լ6, ե7, է7, ը7, թ7, ի7, ե8, զ8, է8, ը8, թ8, ժ8, ի8, ե9, զ9, է9, ը9, թ9, ժ9, ի9, զ10, է10, ը10, թ10, ժ10:

Ձեռային Աշխատանք

Կաղանդ Պապան Եւ Իր Եղջերուն

Այս խամաճիկներուն համար պէտք պիտի ունենաս պարզապէս թուղթէ փոքրիկ տոպրակներու: Եթէ տրամադրութեանդ տակ չունիս նման տոպրակներ, այս յօդուածին վերջաւորութեան պիտի գտնես բացատրութիւնը, թէ ինչպէ՛ս այդ տոպրակները կարելի է շինել:

Կաղանդ պապային եւ եղջերուին նման ուրիշ խամաճիկներ ալ կրնաս շինել եւ քոյրերուդ, եղբայրներուդ, ընկերներուդ հետ պատրաստել փոքրիկ պատմութիւն մը եւ զայն ներկայացնել Նոր տարուան հաւաքոյթին ընթացքին` սպասելով ժամը 12 ըլլալուն եւ Կաղանդ պապային ժամանումին:

– Պէտք պիտի ունենաս

Թուղթէ տոպրակի, ճերմակ թուղթի եւ ներկերու, խէժի եւ մկրատի:

– Պատրաստութիւն

1.- Ճերմակ թուղթին վրայ գծէ, ներկէ եւ կտրէ Կաղանդ պապային դէմքին եւ եղջերուին դէմքին տարբեր բաժինները:

2.- Զանոնք զգուշութեամբ փակցուր տոպրակին վրայ, ինչպէս, որ նշուած է պատկերին մէջ:

3.- Թուղթէ տոպրակը կրնաս շինել պարզ թուղթով, նախընտրաբար` բաց սրճագոյն քրաֆթ թուղթով:

4.- Քառակուսի քրաֆթ թուղթը երկուքի ծալէ, ծայրերը իրարու վրայ դնելով` փակցուր:

5.- Ապա հետեւէ պատկերին մէջ նշուած տարբեր հանգրուաններուն` ստանալու համար թուղթէ տոպրակ մը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել խաղալիքներուն հասցնող ճամբան:
Քանի՞ տարբերութիւններ կրնաս գտնել այս 2 պատկերներուն միջեւ:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նման 2 գուլպաները:
Պատկերին մէջ փորձէ գտնել եւ ներկել`
– 1 գլխարկով ձիւնեմարդ
– 2 շաքարէ ցպիկներ, որոնք իրենց գիծերը կորսնցուցած են
– 3 Կաղանդի ծառի գունդ-զարդարանք` վրան աստղով մը
– 4 ճինճըրպրետ տունիկներ
– 5 ձիւնէ տիկիններ
– 6 Կաղանդ պապայի եղջերու
– 7 առանց գագաթին աստղի` Կաղանդի ծառեր
– 8 Կաղանդի նուէրներ` պզտիկ ժապաւէնով մը
– 9 Կաղանդի գուլպաներ
– 10 ճինճըրպրետ մարդուկներ
– 11 Կաղանդ պապայի գլխարկներ
– 12 աստղեր` մեծ եւ պզտիկ
Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 30 Դեկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Խաղալիքի Խանութէն Ներս

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.