Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Անընդունելի Կը Նկատէ Ռուս Խաղաղապահներու Հասցէին Քննադատութիւնը

December 30, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մերժած է մեկնաբանել Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնները: Վերջինս յայտնած էր, որ Հայաստանը Ռուսիայէն օգնութիւն կ՛ակնկալէ իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար, եւ որ Երեւանը համապատասխան քայլեր կ՛ակնկալէ:

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հարցում ուղղուած է, թէ արդեօք Ռուսիան հայ- ազրպէյճանական տագնապի լուծման մէջ կ՛առաջնորդուի Հայաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններով:

«Չեմ ուզեր վերլուծել, թէ ճիշդ ի՛նչ նկատի ունէր ձեր նշած քաղաքական գործիչը: Եթէ խօսքը կը վերաբերէր հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ Ռուսիոյ օգնութեան, ապա Ռուսիան այստեղ կը յենի բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու, ներառեալ 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի, ինչպէս նաեւ 31 հոկտեմբեր 2022-ի յայտարարութիւններու ամբողջ համալիրին վրայ», ըսած է Զախարովա:

«Ճիշդ անոնք ալ յուսալի հիմք կը հանդիսանան Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը յառաջ մղելու համար: Ի հարկէ, մենք հաշուի կ՛առնենք, որ մենք կապուած ենք դաշնակցային պարտաւորութիւններով թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի հետ: Հետեւաբար, իբրեւ միջնորդ, մենք միշտ այնպիսի դիրք կ՛որդեգրենք, որ կ՛արտօնէ արդիւնաւէտօրէն իրականացնել այդ գործառոյթը: Ես իսկապէս յոյս ունիմ, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ գիտեն այս մասին», ըսած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, եթէ խօսքը ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններու մասին է, ապա եթէ Երեւանը շահագրգռուած ըլլայ, կազմակերպութեան անդամ բոլոր երկիրները պատրաստ պիտի ըլլան դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստան:

«Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հասցէին հնչող քննադատութեան, ապա կը կարծեմ, որ այս կացութեան մէջ ատիկա անընդունելի է: Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ ռուս խաղաղապահները կարելի ամէն բան կ՛ընեն` կացութիւնը տեղւոյն վրայ կարգաւորելու համար: Ոչ մէկ հրապարակային յարձակում գործին կ՛օգնէ, աւելի վատ կացութիւններ ալ եղած են: Մենք կ՛աշխատինք այս կացութիւնը բարելաւելու ուղղութեամբ», ըսած է Զախարովա:

 

 

 

 

Նախորդը

«Երեւանն Ու Պաքուն Կ՛որոշեն Ապագայ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Բովանդակութիւնը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Փեսքով. «Ռուսիան Իսկապէս Մտահոգուած Է Այն Լարուածութեամբ, Որ Այժմ Յառաջացած Է Բերձորի Միջանցքին Շուրջ»

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.