ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ իր նախկին անդամին`
ԵԴՈՒԱՐԴ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2022-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
—————————————
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ – ՀԱՅԱՇԷՆ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Եկեղեցական աւանդութեանց համաձայն, այս տարի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը կը զուգադիպի կիրակի, 15 յունուար 2023-ին:
Այս առիթով պիտի պատրաստուի աւանդական մատաղ:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որ եթէ կը փափաքին ուխտի կամ իրենց ննջեցեալներուն յիշատակին մատաղցու ոչխար նուիրել կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապ հաստատել եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կամ ծխատէր քահանայ հօր հետ հետեւեալ հեռաձայնի թիւերուն` 01-328474, 03-555920, 71-976499:
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ»
ՀԱՏՈՐ 42/2
Հրատարակութիւն` Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ամպիոնի
Տպարան` Haigazian University Press
Պէյրութ, 2022
***
Dreamyeraz#1
Հեղինակ` ՍՕՍԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ-ՍԱՂԸՐԵԱՆ
Գեղանկարիչ` ՄԿՐՏԻՉ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
Հրատարակութիւն` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
2022
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Անահիտ Փօլատեան Փոլ Քուշարեանի մահուան տխուր առիթով կը նուիրեն 2.000.000 լիբ. ոսկի: