Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Հետ Բանակցութիւններու Հարթակը Մեզի Համար Առաջնահերթութիւն Չէ» Կ՛ըսէ Պայրամով

December 29, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազրպէյճանը Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն մէջ միտուած է արդիւնքներու հասնելուն, իսկ այն հարթակը, որով այդ բանակցութիւնները կ՛ընթանան, առաջնահերթութիւն չէ»: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը:

«Ազրպէյճանական կողմի դիրքորոշումը հետեւեալն է` մեր հիմնական նպատակը այն է, որ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ ըլլան: Եւ այս տեսանկիւնէն բանակցութիւններու հարթակը, թէեւ կարեւոր է, սակայն մեզի համար առաջնահերթութիւն չէ», ըսած է Պայրամով:

Անոր համաձայն, ազրպէյճանական կողմը միշտ համաձայնած է որեւէ հարթակի վրայ բանակցութիւն վարելու:

«Մենք ցոյց տուած ենք հոլովոյթին նկատմամբ մեր դրական տրամադրուածութիւնը: Բացառութիւն կը կազմեն միայն այն հարթակները, որոնք իրենց կողմնակալութիւնը եւ չէզոք ու արդար դիրքորոշում ունենալու անկարողութիւնը դրսեւորած են: Բնականաբար, նման հարթակներն ու մասնակիցները մեզի համար անընդունելի են», ընդգծած է Պայրամով:

«Ընդհանուր առմամբ, մենք չենք բացառեր ապագային երկկողմանի հանդիպումները: Ատիկա կարելի է, եւ մենք բազմիցս առաջարկած ենք ատիկա, կամ հանդիպում եռակողմ կամ այլ ձեւաչափերով», աւելցուցած է Պայրամով:

«Ինթըրֆաքս Ազրպէյճան»-ի համաձայն, ան 2022-ի ընթացքին Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն մէջ ձեռք բերուած յառաջընթացը գնահատած է «շատ սահմանափակ», որուն պատճառը նկատած է «հայկական կողմի ոչ կառուցողական եւ ոչ հետեւողական դիրքորոշումը»:

Ըստ Պայրամովի, խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը սահմանագծումը եւ շրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը երեք տարբեր հոլովոյթներ են:

Ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ պետական լրատու գործակալութեան, Պայրամով ըսած է, թէ գաղտնիք չէ, որ ռուսական կողմը առաջարկած էր ապագային ձգել Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, եւ նշած, որ Ազրպէյճանը առաջին օրէն ատիկա անընդունելի նկատած է. «Ազրպէյճանի պետութիւնը բարձր մակարդակով յայտարարած է, որ Ղարաբաղի ազգութեամբ հայերը Ազրպէյճանի մէջ ապրելու իրաւունք ունին, եւ Ազրպէյճանը պատրաստ է ապահովելու անոնց իրաւունքները»:

Ան ըսած է, թէ Ղարաբաղի հայերուն հետ դրական հաղորդակցութիւններու օրինակներ եղած են, սակայն «շրջան ուղարկուած է արատաւոր անցեալ ունեցող մարդ»` աւելցնելով, որ Ազրպէյճան պատրաստ է կանխարգիլելու նման սադրանքները: Պայրամով ըսած է, թէ ազրպէյճանական կողմը երբեք հաղորդակցութիւններ պիտի չունենայ պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ, իսկ տեղւոյն բնակչութեան հետ ապագային եւս հաղորդակցութիւններ պիտի ըլլան, եւ ատիկա բնական նկատած է:

Ազրպէյճանի Մէջ Յայտարարած Են Հայաստանի Հետ
Բանակցութիւններու Նոր Ձեւաչափի Ստեղծման Կարելիութեան Մասին

Ազրպէյճանի մէջ յայտարարած են Հայաստանի հետ բանակցութիւններու նոր ձեւաչափի ստեղծման կարելիութեան մասին: Հայրենի «Նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ այսպիսի միտք արտայայտած է միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծութեան կեդրոնի ղեկավար Ֆարիտ Շաֆիեւ:

«Կրնայ ստեղծուիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բանակցութիւններու ուաշինկթընեան ձեւաչափ», ըսած է ան: Այս մասին տեղեկացուցած են ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Անոր համաձայն, ատիկա կախեալ է քանի մը գործօններէ, ներառեալ Գորիս-Ստեփանակերտ ճամբու կացութենէն:

«Մոսկուայի եւ Պրիւքսելի բանակցային ձեւաչափը կրնայ ապագային վերականգնիլ: Կարելի է նաեւ Ուաշինկթընի առաջարկած ձեւաչափի ստեղծումը: Սակայն որեւէ այլ ձեւաչափ խելամիտ չի թուիր», ըսած է ան` ակնարկելով, որ Պաքուն չ՛ուզեր բանակցութիւնները կատարել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Կուսակցութիւններու Ղեկավարները Մաքրոնին Կոչ Կ՛ուղղեն` Դատապարտելու Ազրպէյճանը

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակը Կոչ Կ՛ուղղէ Շտապօրէն Ապահովելու Բերձորի Միջանցքով Ազատ, Անվտանգ Տեղաշարժը

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.