ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Բայց ուրի՛շ տեղ պիտի երթար. «Մէյ մը Պէյրութ պէտք է երթամ, տունս կարգի դնեմ, միայն ես գիտեմ, թէ այսինչ գիրքը ո՛ւր դրած եմ, այնինչ թղթածրարը ո՛ր անկիւնն է: Պէտք է երթամ»:
Վերջին անգամ երբ խօսեցանք ամիս մը առաջ, խնդրեր է իր կնոջմէ` Զուարթէն, Վեհանուշին թելեֆոն բաց` խօսիմ: Ինչպէս միշտ անուշ-անուշ պատմեց, յետոյ «յոգնեցայ,- ըսաւ,- մնացեալը գալ անգամ կը շարունակենք»:
Ինք, որ միշտ իր խօսքին տէրն էր, այս անգամ չիրագործեց. գիշատիչ հիւանդութիւնը իր օրերը, իր եւ ընտանիքին հոգեվիճակը տակնուվրայ ըրաւ:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, երբ իր զոյգ աչքերէն միայն մէկուն քառորդ տեսողութիւնը մնացած էր, Զուարթին հետ եկան Պոսթըն` բուժուելու: Իր աչքերու մասնագիտական խնամքին եւ իր հարազատներուն հետ ըլլալու գոհունակութիւնը անսահման չէր, տեսողութեան կորուստին համար կը տառապէր, բայց չէր յաղթուեր անկէ. տակաւին կը կարդար:
Օր մը հրճուագին ըսաւ` 331-րդ էջը հասայ: «Ինչի՞ն»: «Աս վերջին գիրքիդ, յափշտակութեամբ կը կարդամ:» «Ինչպէ՞ս»: «Կէսօրին քսան վայրկեան արեւը կու գայ ճիփուճիշդ ճաշասեղանին մէկ անկիւնը, այդ պահուն հոն կը նստիմ, կը կարդամ»: «Ժիրա՛յր, առաջին անգամն է կեանքիս մէջ, որ այսքան նեղուեցայ մէկը գիրքս կարդացած ըլլալուն համար: Հերոսութիւն չէ ըրածդ, պէտք է խնայես: Ուզեմ-չուզեմ յանցաւոր կը զգամ»: «Դուն ինծի ձգէ, ես գիտեմ ըրածս»: Յաջորդ անգամ հեռաձայնելուն` «Աւարտեցի,- ըսաւ- հիմա ինծի լման մէկ ժամ յատկացնելու ես: Ամէն էջի մէջ փոքր սրբագրութիւններ ըրի, պէտք է փոխանցեմ քեզի: Գոնէ ժամ մը կը տեւէ»:
Օր մըն ալ կարգը հասաւ այդ ժամուն, թուղթ մատիտ առի, նստայ. ինք սկսաւ. «էջ ութսունմէկ չորրորդ տողի տեսնել-ը երկու Լ-ով տպուեր է: Էջ ութսունչորս երկրորդ պարբերութեան վեցերորդ տողը սխալ տողադարձ է: Այսինչ էջը մէկ գիր փախեր է. այնինչը է-ով է, ոչ թէ ե-ով»: Համբերութիւնս հատաւ. « Ժիրա՛յր, ասոնց պէտք չկայ, անշուշտ որ անսխալ չի տպուիր գիրք մը, ինծի համար հարց չէ»: «Չէ՜, եթէ նորէն տպելու ըլլաս, ասոնք սրբագրած կ՛ըլլաս»:
Գաղտնիք չէ Ժիրայրին ընթերցողներուն համար իր մանրակրկիտ նշումները իր բանասիրական յօդուածներուն եւ գիրքերուն մէջ. անոնք սովորական գիրքերու ճապաղութինը չունին, անհամբերութեանբ եւ հիացումով կը կարդացուին: Սուր դատողութիւն, միաժամանակ ազնիւ վերաբերում` հեղինակներուն նկատմամբ:
Ասոնք գիտական վերլուծումի եւ մարդոց հետ յարաբերութեան իր գլխաւոր յատկանիշներն էին, մանրամասնութիւններու հետամուտ. ճշմարտութեան հետապնդումէ եւ մարդոց նկատմամբ բարեկրթութենէ շեղում չունէր: Բոլորին հետ լեզու կը գտնէր ու կը հակակշռէր իրերամերժ դիրքերը:
Իր ներկայութիւնը հաճելի էր, վստահութիւն կը ներշնչէր: Հանդարտաբարոյ ու մեղմաժպիտ: Իբրեւ հմուտ հայագէտ` դռներ կը բանար, կ՛ուսուցանէր: Իբրեւ մտաւորական` միտքը կը խթանէր, դարմանելու համար կր գրէր, դարերուն համար: Կը հետազօտէր եւ իրականութիւնը ցոյց կու տար:
Ճակատը կնճռոտ էր, բայց հոգին կնճիռ չունէր: Բիւրեղեայ հոգի էր, խղճամիտ ու կարեկից: Ձայնը կ՛ելեւէջեր, երբ կը խօսէր մտերիմ բարեկամներուն մասին, զորս կորսնցուց` Հայկ Թիլպեան, որուն յիշատակի գիրքը պատրաստեց: Սարգիս Կիրակոսեան, Պեպօ Սիմոնեան. կը պատմէր անոնց մասին յուզումով եւ կ՛ափսոսար, որ անդարձ հեռացած են իրմէ:
Երանելի են անոնք, որոնք Ժիրայր Դանիէլեանին բարեկամութիւնը վայելեցին:
Հաւասարակշռուած էր նկարագրով, անսակարկ, խորաթափանց էր ու բարեմիտ:
Սրբագրութիւններու այդ ժամուն, երբ իր մանրամասն սրբագրածները ակամայ դադրեցան, «Հիմա բուն ըսելիքս պիտի ըսեմ,- յանկարծ ձայնը բարձրացաւ,- եթէ հայերն ալ Նոպելեան մրցանակի համար նկատի առնուէին, այս գիրքդ անպայման Նոպելեան մրցանակի պիտի արժանանար»: Երբ ըսի` «Ժիրա՛յր, լա՛ւ գիտես, որ ես անանկ հաւասներ չունիմ»: «Գիտե՜մ», ըսաւ:
Ինչպէ՞ս չգիտնար, 1966-ին, երբ առաջին տարուան ուսանող էի Հայկազեան քոլեճի մէջ, կար հայկական գրադարանը, որուն գոյութեան պատասխանատուն եւ վարիչը Ժիրայր Դանիէլեանն էր: Ուրիշ ո՞ւր կար աւելի հաճելի` գրադարանը եւ սնեք պառը: Գրադարանին մշտակայ ներկայութիւնը` Ժիրայրը նոր հասած գիրքերը ցոյց կու տար: Հայաստան եւ սփիւռք գրական կեանքէ տեղեկութիւններ կու տար: Կը սիրէր պատմել եւ ի՜նչ անուշ կը պատմէր: Մեղմ ու համեմուած, խօսքերը որքան ալ սահմանները զանցէին, կը փորձէր օգտակար ըլլալ «նորաբոյս» գրողներուն:
Ամերիկեան համալսարան երբ գացի, գլխաւոր գրադարանին ներքնայարկը, հոն, ուր դոկտորայի թեզեր կը գրուէին, ինքզինքիս ապահովեցի խուց մը եւ Ժիրայրին շնորհիւ գիտէի, թէ ի՛նչ պէտք է կարդամ` Ինտրա, Տեմիրճիպաշեան, Որբունի եւ այլն:
Տարիներու ընթացքին երբեմն կը հանդիպէի, այլեւս Մուկար գեղատեսիլ շէնքը փոխադրուած էր գրադարանը: Ժիրայրը ինք կարգադրեց, որ «Ոստրէ»-ի գիրքիս շնորհահանդէս կատարուի Հայկազեանի տպաւորիչ սրահին մէջ:
Յետոյ պատերազմ եղաւ: Փոսեր բացուեցան մարդոց հոգիներուն եւ կեանքերուն մէջ: Դպրութեան մշակներէն մաս մը հեռացաւ Լիբանանէն, աշակերտներու թիւը զգալիօրէն նուազեցաւ: Տնօրէնի կարիք կար եւ Ժիրայր Դանիէլեանը յանձն առաւ տնօրէնութիւնը Յովակիմեան-Մանուկեան (ուրկէ շրջանաւարտ էր) եւ Դարուհի Յակոբեան միացեալ վարժարանին: Տասը տարի:
Քսանութ տարի ետք վերադարձայ Պէյրութ, Գրողներու միութեան համագումարն էր 2006-ին: Ժիրայրը կազմակերպիչ յանձնախումբին գլխաւորն էր: Մէյ մըն ալ տեսայ, որ այդ ուշ ժամուն Ժիրայրը ուրիշի մը հետ եկեր է օդակայան` դիմաւորելու Ժագ Յակոբեանն ու զիս: Աչքերուն մէջ ուրախութիւն կար, երբ յայտնեց, որ ինծի համար առանձին սենեակ կարգադրած է: «Դուն պէտք չէ խանգարուիս, ուզած ժամուդ գրես»:
Արդէն քանի մը տարիէ Անթիլիասի դպրեվանքի հայագիտականի վարիչն էր:
Սուսիկ-փուսիկ կ՛աշխատէր նաեւ իբրեւ խմբագիր «Երիտասարդ Հայ»-ի խմբագրական կազմի անդամ, իսկ հետագային` իր «Կամար» ամսագիր- պարբերաթերթին իբրեւ խմբագիր. բովանդակալից ու բարձրաճաշակ:
Բարեբախտաբար արժանաւորապէս գնահատուեցաւ իր կեանքի ընթացքին: Իր ինքնագիտակցութիւնն ու համեստութիւնը չէին արտօներ, որ իր բազմաթիւ շքանշանները, գնահատագիրները, մետալները, տիտղոսները պսպղացնէր մարդոց աչքերուն առջեւ:
Ժիրայր կ՛ըսես ու կ՛անցնի՞ս. մինակը տասը հաստափոր հատորներու մէջ ամփոփուելիք կեանք է, եւ այդ բազմապատկուած էր, երբ երեք տարի առաջ ինք ու իր կինը հասան Պոսթըն իրենց աղջկան` Մարալին քով: «Եթէ աչքս այսպէս չըլլար, ես Ամերիկա հաստատուողը չէի»:
Ուրախ էր երիտասարդ հայաշունչ թոռներուն համար, փեսայէն շատ գոհ էր, աղջիկը զանազան կազմակերպութիւններու մէջ գործունեայ էր: Իր հին բարեկամները յաճախ կ՛այցելէին:
Պէյրութ գտնուած ժամանակ ուրիշ ցաւ մըն ալ ապրեցաւ Ժիրայրին ընտանիքը: Սէուտական Արաբիա բնակող իր կրտսեր աղջկան ամուսինը ինքնաշարժի արկածով մահացաւ, ու յանցաւոր չնկատուեցաւ տեղացի վարիչը: Հոն ձեւը աս է եղեր. գլխուդ փորձանք բերողը դատի իսկ չի կանչուիր, երբ քաղաքացի է: Ուրեմն Արփին երկու մանկահասակ զաւակներով հասաւ Լիբանան: Ծնողք եղիր, եւ սիրտդ թող չկսկծայ, երբ երիտասարդ աղջիկդ այրի եւ ձագուկները անհայր մնացած են: Հիմա ե՛ս հօր դեր ստանձնած եմ անոնց համար, ըսաւ Ժիրայր:
Բայց լաւ աւարտեցաւ. Արփին վերամուսնացած` այլ նահանգ մը կը բնակի հիմա:
Ժիրայրին տաքուկ ընտանեկան մթնոլորտը, նոր գրական ծրագիրներն ու երկարատեւ բարեկամութիւնները ամենայն արագութեամբ խզեց քաղցկեղը, մեծ կասկած ունիմ, որ հետեւանքն էր անհուն տխրութեան` իր տեսողութեան նկատմամբ, որովհետեւ իննսունութ առ հարիւրը փայծաղի քաղցկեղ ունեցողներուն, երկարատեւ ու մեծ տագնապի, մղձաւանջի հետեւանք է:
Ափալ-թափալ գացիր, Ժիրա՛յր: Ութսուն տարեկանը ի՛նչ է որ, նոր հրատարակելիք գիրքիդ մասին կը խօսէիր: Հիմա Զուարթդ մինակը կարգի պիտի դնէ Պէյրութի գրական սեփականութիւններդ: Գիտե՛ս, որ շատ պիտի լայ, քեզի նուիրուած իտէալ կին էր Զուարթը: Դուն ալ Զուարթ անունը տարբե՜ր կը հնչէիր: Հոյակապ ընտանիք կազմելու կողքին, քու բազում հրատարակութիւններով հայագիտութեան բնագաւառէն ներս ներդրումդ մեծ է:
Երեք բարձունքներու վրայ կայք հաստատեցիր` գրադարանապետ, տնօրէն եւ հայագիտականի վարիչ, մշակոյթի, ուսումնական եւ կրօնական հաստատութիւններու մէջ լուսավառ ջահ:
Հիմա մեզ սուգի մէջ ձգեցիր: Եթէ դրախտը հրաշալի վայր է, աչքերդ վերագտած ըլլալու են իրենց կարողութիւնն ու փայլքը: Զբաղումներդ շատ են. Նարեկացիին հետ աղօթեցի՞ր, ֆրիկին հանդիպեցա՞ր. Մեծարենցը իր բառերը նոր արեւէ կը մաղէ՞, Գրիգոր Զոհրապը հո՞ն է, Վահան Տէրեանը աշնան տերեւներով դեռ կը հմայուի՞: Հօրդ, մօրդ, փեսայիդ մտերմութիւնը վայելեցիր: Հայկին, Պեպոյին, Սարգիսին եւ այլ սիրելի բարեկամներուդ հետ, Աստուած գիտէ, ինչե՜ր կը խօսիք: Միշտ պատմելիք ունիս դուն: Օր մը ես ալ կու գամ եւ «մնացեալը յաջորդիւ»-ը կ՛իրականանայ:
Նոյեմբեր 27
Նիւ Ճըրզի