Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Դեկտեմբեր 28, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Նորեկներով Համալրուեցան ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Շարքերը

Վերջերս Եռաբլուր զինուորական պանթէոնի մէջ տեղի ունեցած երդման արարողութեամբ  նոր ուսանողներով համալրուեցան ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան շարքերը:

«Դեկտեմբեր 21-ը առանձնայատուկ էր խումբ մը երիտասարդներու համար: Անոնք Եռաբլուր զինուորական պանթէոնի մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի երաշխաւորութեամբ, հայրենիքը կեանքի գնով պաշտպանելու դաշնակցական երդում տուին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան լաւագոյն անդամներէն ազատամարտիկ Արամ Պօղոսեանի շիրիմին` անդամագրուելով ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան»: Այս մասին տեղեկացուցին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան պաշտօնական էջով:

Բազմադարեայ Պատմական Մշակութային Կապերը Իբրեւ Հայ–Իրանական Բարեկամութեան Առհաւատչեայ. Երեւանի Մէջ Կայացաւ Երկու Երկիրներուն Նուիրուած Աշխատաժողով

Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութեան մշակոյթի կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, դեկտեմբեր 21-ին Մատենադարանի մէջ կայացաւ «Բազմադարեայ պատմական մշակութային կապերը իբրեւ հայ-իրանական բարեկամութեան առհաւատչեայ» խորագրով աշխատաժողովը:

Աշխատաժողովին Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի նշեց, որ 2022 թուականի ընթացքին սերտ կապեր ստեղծուեցան «Օրբէլի» վերլուծական կեդրոնին եւ իրանական կողմին միջեւ: Անոր խօսքով, հաւաքական ջանքերու շնորհիւ վերլուծական կեդրոնը համագործակցութեան փաստաթուղթեր ստորագրեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հետազօտութիւններու կեդրոնին եւ Կովկասեան հետազօտութիւններու հիմնարկին հետ: Այս համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններու աւելի լաւ ապագայի կերտման:

«Մենք բարձր կը գնահատենք նաեւ Մատենադարանի գործունէութիւնը Իրան-Հայաստան մշակութային կապերու գծով: Տարուան ընթացքին թանգարանը շարք մը կարեւոր ծրագիրներ իրականացուց յատկապէս դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի կապակցութեամբ: Իրան-Հայաստան պատմական մշակութային կապերու նոր բովանդակութիւն հաղորդելու միացեալ ջանքերը այն թեման է, որուն պիտի անդրադառնանք համաժողովին: Ցարդ ժամանակակից սերունդներու համար ամէնէն կարեւոր հարցերէն մէկը երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային ոլորտի փոխադարձ ճանաչման զարգացումն է», շեշտեց դեսպանը:

Ապպաս Պատախշան Զոհուրին ընդգծեց, որ համաժողովի ծրագրին մէջ ուշադրութեան առարկայ դարձած են` երկու երկիրներու ընդհանուր պատմական ժառանգութիւնը, կրօնական վայրերը, յատկապէս Երեւանի մէջ Կապոյտ մզկիթի եւ Իրանի մէջ հայկական եկեղեցիներու պահպանութեան պայմանները, պարսկերէնի ուսուցման հարցը եւ երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ շատ կարեւոր ներդրում ունեցող գիտնականներն ու մտաւորականները:

«Կարեւոր է, որ իրանցիներն ու հայերը կարենան ներկայացնել Կապոյտ մզկիթի կարգավիճակը եւ մահմետականներու` Հայաստանի մէջ իրենց կրօնական ծէսերու ազատութիւնը իբրեւ Հայաստանի մէջ հանդուրժողականութեան խորհրդանիշ, իսկ միւս կողմէ` օրինակելի է հայկական եկեղեցիներու կարգավիճակը եւ անիկա կարեւորութիւնը, որ Իրանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը կու տան այդ հարցին», շեշտեց Զոհուրին:

Անդրադառնալով իրանագիտութեան` ան նշեց, որ անիկա Հայաստանի մէջ բարձր մակարդակի վրայ է: «Հայաստանի իրանագիտական կեդրոնները կարեւոր դեր ունին փոխադարձաբար աւելի լաւ ճանչնալու գործին մէջ», ըսաւ դեսպանը:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէն Գոռ Ծառուկեան յիշեցուց, որ Հայաստան եւ Իրան ունին հարիւրաւոր տարիներու ռազմական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կապերու պատմութիւն, եւ հակառակ տարբեր ժամանակներու մէջ եղած վայրիվերումներուն` կապերը կառուցուած են փոխադարձ յարգանքի եւ մշակութային հանդուրժողականութեան վրայ:

«1990-ականներու սկիզբը` Հայաստանի համար դժուարին տարիներուն, Իրանը դարձաւ արտաքին աշխարհի հետ կապի մեր հիմնական ուղիներէն մէկը: Հիմա եւս Իրանը Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական կարեւոր գործընկերն է: Մենք  կը շեշտենք Իրանի մէջ ապրող հայերու նկատմամբ բարի դրացիական վերաբերմունքը, որուն վկայութիւնը ծաղկուն հայկական համայնքն է եւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, որ խնամքով կը պահպանուի Իրանի կառավարութեան կողմէ: Իրանի հայկական եկեղեցիներն ու դարերու պատմութիւն ունեցող նիւթական եւ հոգեւոր նշանակութիւն ունեցող յուշարձանները այդ բոլորին վառ ապացոյցերն են», նշեց Ծառուկեան եւ աւելցուց. «Հայաստանի մէջ եւս Իրանի նկատմամբ բարեկամական  վերաբերմունք կայ, ու մեր երկրին մէջ կը պահպանուին իրանական մշակոյթի նիւթական եւ հոգեւոր կոթողներ, որոնց վառ օրինակները Երեւանի կեդրոնի Կապոյտ մզկիթն  ու Մատենադարանին մէջ պահուող տասնեակ ձեռագիրներն են:

Ան շեշտեց, որ ձեռնարկը կ՛իրականացուի տարածաշրջանային լարուած իրավիճակի մէջ: «Վստահ եմ` բոլորը տեղեակ են, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանցի «բնապահպանները» փակած են Բերձորի միջանցքը` գոյաբանական սպառնալիք ստեղծելով Արցախի մէջ ապրող տասնեակ հազարաւոր մարդոց: Աննախադէպ այս քայլը առանձին իրավիճակային դրսեւորում չէ. այդ նախապէս մշակուած գործողութիւն է, որուն նպատակը Արցախի հայերուն իրենց պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքէն զրկելն է: Այս մէկը անցեալին տեղի ունեցած քաղաքական ու մշակութային հալածանքի հերթական դրսեւորումն է, որ նոր տեսք ստացած է եւ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցուցած է Արցախի հայութիւնը, սակայն մենք պէտք է չյուսահատինք ու շարունակենք առաջ նայիլ` փորձելով գտնել բարդ հարցերու լուծումները, որոնց կարգին` երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ կապերու յաւելեալ ամրապնդման միջոցով», եզրափակեց Գոռ Ծառուկեան:

Հայ-իրանական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով Մատենադարանին մէջ կազմակերպուեցան գիրքերու շնորհահանդէսներ, ցուցահանդէսներ, վարպետութեան դասեր եւ այլ ձեռնարկներ: «Մենք շատ ուրախ ենք նշելու, որ Մատենադարանին մէջ ձեւաւորուեցաւ իրանագէտներու ամուր խումբ մը: Անոնք շարունակելով մեր երախտաւորներու` Յակոբ Փափազեանի եւ այլ անուանի իրանագէտներու աւանդոյթները, այսօր վստահութիւն կը ներշնչեն, որ յառաջիկային եւս  այս կառոյցին մէջ ապահովուած է իրանագիտութեան փայլուն ապագան», շեշտեց Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանը:

Մատենադարանին տնօրէնը դիտել տուաւ, որ Իրանի մէջ հայագիտութիւնը, իսկ Հայաստանի մէջ իրանագիտութիւնը բաւական ճամբայ կտրած են, եւ կը հասուննայ այն շրջանը, երբ պէտք է խորացնել միացեալ հետազօտութիւնները,  հրատարակութիւնները: Այդպէս կարելի կ՛ըլլայ աւելի լաւ ճանչնալ զիրար:

Խօսքեր արտասանեցին նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան սահմանակից երկիրներու վարչութեան երկկողմ յարաբերութիւններու երրորդ բաժնի վարիչ Լիլիթ Սարգսեանը, Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութեան մշակութային կցորդ  Սէյէտ Հոսէյն Թապաթապային: Զեկոյցներով հանդէս եկան Մատենադարանի, Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի, Իրանի` Կովկասի հետազօտութիւններու հիմնարկի գիտաշխատողները:

Հաղորդենք, որ աշխատաժողովը կայացաւ Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի, Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան մշակոյթի կեդրոնի նախաձեռնութեամբ:

Ստեփանակերտի Շահումեանի Անուան Պուրակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տօնածառի Լուսաւորման Արարողութիւնը

Դեկտեմբեր 23-ին, Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ, Ստեփան Շահումեանի անուան օղակաձեւ պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնածառի լոյսերը վառելու արարողութիւն, որուն ընթացքին մանուկներու մասնակցութեամբ իրականացաւ համերգային ծրագիր, այնուհետեւ մասնակիցները նաեւ հայկական քոչարի պարեցին:

Մանուկներուն ամանորեայ տրամադրութիւն պարգեւելու համար անոնց այցելեցին գծանկարային ժապաւէններու հերոսներ, Ձմեռ պապն ու Ձիւնանուշը:

Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան բաժինի վարիչ Տաթեւիկ Բալայեանի խօսքով, յետպատերազմեան շրջանին շրջափակուած Արցախի մէջ շատ դժուար էր որոշել եւ կազմակերպել այսպիսի ձեռնարկ:

«Տօնածառի լոյսերը պէտք էր վառէին դեկտեմբեր 20-ին: Քանի մը օր յետաձգելէ ետք քաղաքապետին եւ տեղակալներուն հետ որոշեցինք չզրկել մեր երեխաները այս հեքիաթային պահէն: Հետաքրքրական է, որ այս ձեռնարկը համընկեցաւ 1941 թուականին Լենինկրատի շրջափակման օրերուն` դեկտեմբեր 23-ին տօնածառ տեղադրելու օրուան հետ: Եւ թերեւս խորհրդանշական է այդ ամէնը», յայտնեց Տ. Բալայեան:

Ան աւելցուց, որ քաղաքապետարանին կողմէ կը նախատեսուի դեկտեմբեր 31-ի առաւօտեան մայրաքաղաքի երեխաներուն նուէրներ բաժնել:

Տօնածառի լոյսերու վառման ներկայ էր նաեւ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը: Ան շնորհաւորեց Ամանորի առիթով` Արցախ աշխարհին մաղթելով խաղաղութիւն: Ձեռնարկին մասնակից բոլոր երեխաներուն ցանկութիւնները նոյնն էին` ապրիլ խաղաղ Արցախի մէջ, պաշտպանել երկրի սահմանները, կրթուիլ ու դաստիարակուիլ միայն հայեցի:

Ձեռնարկին ընթացքին Ձմեռ պապն ու Ձիւնանուշը շնորհաւորեցին ներկաները` մաղթելով, որ 2023 թուականը արցախցիներուն համար ըլլայ խաղաղութեան, բարեբերութեան, լիութեան, առատութեան եւ արեւշատութեան տարի:

Ստեփանակերտի Պետական Թատրոնը Դպրոցականներուն Ներկայացուց «Ձմեռնային Հեքիաթ» Բեմադրութիւնը

Դեկտեմբեր 23-ին Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական թատրոնը դպրոցականներուն ներկայացուց «Ձմեռնային հեքիաթ» բեմադրութիւնը:

Թատրոնի տնօրէն Արմէն Յարութիւնեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց, որ նախաձեռնութիւնը պիտի տեւէ հինգ օր:

«Կը փորձենք երեխաները դուրս բերել ստեղծուած իրավիճակով սահմանուած հոգեվիճակէն: Բազմաթիւ դժուարութիւններ կային այս ընթացքին, բայց մեր խումբին եւ հովանաւորին շնորհիւ կրցանք յաղթահարել զանոնք, եւ այսօր  փոքրիկ արցախցիներուն կարելիութիւն ընձեռուեցաւ դիտելու «Ձմեռնային հեքիաթ» բեմադրութիւնը: Մօտաւորապէս 2000 երեխայի համար պատրաստած ենք նուէրներ, որուն համար շնորհակալ եմ մեր հովանաւոր Հայ-ռուսական բարեկամութեան զարգացման կեդրոնին` ի դէմս տնօրէն Հայկ Մելիքեանի», յայտնեց Ա. Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ կը նախատեսեն դեկտեմբեր 29-ին նոյն բեմադրութեամբ հանդէս գալ Ճարտար քաղաքին մէջ: Իսկ երեխաներուն համար նուէրները արդէն կը պատրաստեն:

Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան համար 1 հիմնական դպրոցի ուսուցչուհիներէն Շուշանիկ Ճիւանշիրեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին կարեւոր նկատեց այսպիսի ձեռնարկները, յատկապէս` այս օրերուն:

«Այսօր մեծ բաւականութիւն ստացանք ե՛ւ մենք, ե՛ւ երեխաները: Թող տեսնէ մեր թշնամին, որ Արցախը կ՛ապրի, երեխաները ուրախանալ գիտեն, Արցախի դերասանները հրաշալի խաղ ցուցադրել գիտեն: Պէտք է հասկնայ, որ մեզ շրջափակելով` չի կրնար յաղթել: Այս ալ կ՛անցնի, եւ մենք դուրս կու գանք այս իրավիճակէն աւելի ուժեղացած, աւելի հզօր. այսպիսի ձեռնարկներն ալ կը նպաստեն այս մէկուն», յայտնեց  ուսուցչուհին:

Ներկայացումէն ետք Ձմեռ պապիկն ու Ձիւնանուշը երեխաներուն նուէրներ բաժնեցին:

 

 

Նախորդը

Ժիրայր Դանիէլեանն Ալ Գնաց

Յաջորդը

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 22, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 15, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 8, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In