«Շուտ-շուտ խօսինք: Շուտ-շուտ խօսինք»: Ասոնք եղան իր բառերը, երբ իր հիւանդութեան լուրը տուաւ ինծի Պոսթընէն: Մեր ժամանակը կարճցած էր: Հաշուըուած: Ու այնքա՜ն խօսելիք ունէինք…
Շուտ-շուտ խօսեցանք անշուշտ այս վերջին կարճատեւ շրջանին: Որքան որ կրցանք: Առանց մելամաղձոտութեան: Հանդարտ: Երբեմն` իր կողմէ ափսոսանք մը, որովհետեւ անաւարտ գործերու ցանկը երկար էր, ինչպէս նաեւ` ծրագրուած, բայց` անսկիզբ մնացած գործերու շարքը:
Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումով, 2020-ի օգոստոս 4-ին, Ժիրայրի կեանքը մղձաւանջային հունի մէջ մտաւ: Իր եւ Զուարթին բնակարանը, որ նաւահանգիստին ճիշդ դիմացը կը գտնուէր, քարուքանդ եղաւ: Իսկ ամենացաւալին` պայթումի ճնշումն ու հոսանքը իրմէ խլեցին իր առողջ աչքը. միւսը արդէն միայն 17 տոկոս կը տեսնէր: Ապաստանեցան իրենց մեծ աղջկան` Մարալին տունը, Պոսթըն: Փոքրը` Արփին, Քալիֆորնիա կը բնակի:
Բժիշկները Ժիրայրին վիրաւորուած աչքը չկրցան փրկել: Ոչ ալ` բարելաւել միւսին տեսողութիւնը: Հակառակ ասոր` Զուարթին օգնութեամբ վերսկսած էր կարդալ եւ գրել: Տակաւին կարելի էր ուրեմն գրութիւններու ծրագրել, գործեր դասաւորել: Բայց ահա անողորմ հիւանդութեան յայտնուիլը այս բոլորին վերջ տուաւ: Միայն ու միայն մէկ «գործ» մնաց` պատրաստուիլ վերջին հրաժեշտին:
«Ստոյիկ կերպով կ՛առնեմ ըսաւ: Ընդունեցի, ու այդ վայրկեանէն ամէն ինչ պարզ դարձաւ ինծի համար: Հանգիստ եմ»: Ասոնք եղան իր խօսքերը:
Չէինք կարծեր սակայն, որ մահը այդքան արագ զինք պիտի խլէր մեզմէ: Յոյս ունէինք, որ Նոր տարին ընտանիքով կ՛անցընէ:
Երբ նոյեմբեր 13-ին հանգիստ ու երկար խօսեցանք իրարու հետ, չէինք գիտեր, որ մեր վերջին բառերը կը փոխանակէինք: Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ «Ժիր տղայ, ինչպէ՞ս ես», հարցուցի: Սովորաբար կը խնդար, հիւմըրը միշտ ներկայ էր իր մօտ, բայց այս անգամ, «ժիրութիւն չմնաց» ըսաւ: Քանի մը օր ետք բնակարանին մէջ ինկած էր ու գանկը վիրաւորած: Հիւանդանոց փոխադրած էին: Խնամած, ապա` տուն ուղարկած: Տաժանելի վերջին օրեր: Ու… վախճան:
***
Ժիրայրին ծանօթացայ 1969-ի սեպտեմբեր ամսուն, երբ «Երիտասարդ Հայ» երկշաբաթաթերթի հրատարակութեան նախապատրաստական ժողովներուն սկսայ մասնակցիլ: Խմբագրատուն կոչուածը Պէյրութի Զարիֆ թաղամասին մէջ գտնուող սենեակ մըն էր` կիսագետնափոր: «Երիտասարդ Հայ»-ի առաջին թիւը լոյս տեսաւ 1970-ի դեկտեմբեր 27-ին: Վերջինը` 101-րդ թիւը, 1975-ի մարտ 28-ին: Անկէ ետք անկարելի եղաւ անոր հրատարակութիւնը շարունակելը մէկ կողմէ կուտակուած պարտքերուն պատճառով, միւս կողմէ` լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք:
Հրատարակութեան նախապատրաստական ժողովներուն ընթացքին մեր մէջէն ամենավերապահը ինքն էր` նոր թերթի տնտեսական ապագայի նկատմամբ: Փորձը ցոյց տուաւ, որ անոր զգուշութիւնը արդարացի էր: Դրամական ոչ մէկ միջոց ունէինք: Ընդհակառակը, ի սկզբանէ ունէինք 3000 լիբանանեան ոսկիի պարտք մը, որ մեզի համար այդ թուականին պատկառելի գումար մըն էր: Հինգ տարի ետք, երբ հրատարակութիւնը դադրեցուցինք, թերթին պարտքը բազմապատկուած էր: Մաս մը դրամական փոխանցումներով փակեցինք: Բայց Ժիրայրն էր, որ պարտքին մինչեւ վերջին ղրուշը վճարեց` մեր տպարանին համար սրբագրութիւններ կատարելով:
Այս մանրամասնութիւնը կու տամ, որովհետեւ իր մէջ կը խտացնէ անձին նկարագիրը, սկզբունքները, կեանքի ընկալումը, ծայր աստիճան պարկեշտութիւնը: Իսկ այն լրջութիւնն ու բծախնդրութիւնը, զորս կը ցուցաբերէր գործին նկատմամբ, լաւագոյնս ցոյց կու տար անոր մտաւորակա՛ն պարկեշտութիւնը: Ամէն բան պէտք էր ստուգուած ըլլար` թուական, անուն, վայր… Ստորակէտները իրենց ճիշդ տեղը դրուած պէտք էր ըլլային: Ինք, որ միշտ հանդարտ էր, միայն մտաւորական անլրջութեան հանդէպ բարկութիւն ցոյց կու տար: Կը զայրանար: Այսինչը «Կալկաթա ծնած է, եղբա՛յր, եւ…-ին, ոչ թէ…-ին: Ինչպէ՞ս կարելի է հրատարակել այս տեսակ չստուգուած տուեալներ»: Այս բծախնդրութեամբ է, որ անհամար հատորներ խմբագրեց, մասնաւորաբար` Անթիլիասի մայրավանքի հրատարակչատան համար: Ու գրի առաւ իր հեղինակային գործերը:
Մտաւորականի այս պարկեշտութեամբ կը մասնակցէր նաեւ զանազան խորհրդակցութիւններու, ժողովներու: Բնաւ իր կարծիքը չէր ծածկեր, ո՛չ իսկ` այս կամ այն պատկառելի անձնաւորութեան մը ներկայութեան: Կը խօսէր հանդարտ, պատճառաբանելով ու միայն երբ ըսելիք ունէր:
Ինքն է, որ ինծի հայերէն գրել սորվեցուց: 1969-ին 21 տարեկան էի: Մինչեւ տասը տարեկան Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան վարժարանը յաճախած էի: Անկէ ետք` ֆրանսական դպրոց ու համալսարան: Հայերէն կը կարդայի (կը սիրէի), բայց գրելու կարողութիւնը չունէի: Հետեւաբար ԵՀ-ին սկսայ աշխատակցիլ ֆրանսերէն գրուած յօդուածներով, որոնք հայերէնի կը թարգմանուէին: Օր մըն ալ Ժիրայրը ըմբոստացաւ: Ու թելադրեց, որ հայերէն գրեմ: «Ես կը սրբագրեմ,¬ ըսաւ,- դուն սկսէ»: Ու սկսայ: Դիւրին չեղաւ: Կապոյտ մելանով գրածներս իրեն կը յանձնէի, քանի մը օր ետք կաս-կարմիր կը վերադառնային` սրբագրութիւններով լեցուն: Ահաւոր… բայց ոչ մէկ գանգատ իր կողմէ: Ի՜նչ զոհողութիւն: Ամիսներու ընթացքին կարմիր գոյնը սկսաւ աստիճանաբար նուազիլ, եւ օր մըն ալ, երեւի տարի մը ետք, մեծ ժպիտով մը յօդուածս ինծի վերադարձուց նոյնութեամբ` կապոյտ: Որքա՜ն երախտապարտ եմ իրեն:
Հոս ԵՀ-ի «ոդիսականը» գրի առնելու տեղը չէ: Մեր թերթի մասին մերթ ընդ մերթ կը կարդամ տողեր` գրի առնուած ազնիւ անձերու կողմէ, որոնք սակայն երբեւէ ԵՀ-ի խմբագրութեան մաս չեն կազմած, կամ ալ ժամանակաւոր մասնակցութիւն ունեցած են: Հետեւաբար ակամայ սխալներու տեղիք կու տան: 1979-ի սեպտեմբեր ամսուն (7-11), ICOM-ի երկրորդ սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ, ես անձնական վկայութիւն մը տուի ԵՀ-ի մասին (հրատարակուեցաւ 1981-ին): Սակայն միայն Ժիրայրը կարողութիւնը ունէր ամբողջական պատմութիւնը տալու «Երիտասարդ Հայ»-ի: Ըմբոստ թերթ մը, որ ատենին իր դերը ունեցաւ սփիւռքահայ մամուլի ու հասարակական կարծիքի խմորումներուն մէջ:
ԵՀ-ի հիմնադիր հինգ անդամներէն ահա երեքը մեկնեցան այս աշխարհէն: Առաջինը, մեր մէջէն ամենատարեցը` Զմմառու միաբան հայր Անդրանիկ Կռանեան, երկրորդը` բեմադրիչ-դերասան Լութֆի Թապաքեան, ու անկէ քանի մը շաբաթ ետք` Ժիրայրը: Մնացինք երկու` ԵՀ-ի հրատարակութեան բուն նախաձեռնող Յովսէփ Մելքոնեանը (ԱՄՆ) եւ ես (Ֆրանսա): Անշուշտ տարիներու ընթացքին տասնեակ երիտասարդներ միացան թերթին: Հրաշալի անձեր, նուիրեալ խմբագիրներ, արուեստագէտներ: Ցիրուցան եղանք բոլորս:
Ժիրայրին տեղը տիրական եղաւ թերթի խմբագրական աշխատանքներուն մէջ: Ոչ մէկ յօդուած տպարան կ՛երթար առանց իր աչքէն ու սրբագրիչ ձեռքէն անցնելու: Յօդուածներս գիշերը կը գրէի: Առաւօտեան ժամը 7:00-ին կ՛երթայի իր մօտ: Զուարթին հետ նախաճաշի նստած կ՛ըլլար: Գրածս կը յանձնէի իրեն: Ինք ալ իր գրած կամ սրբագրած յօդուածը կու տար ինծի, որ տպարան տանէի: Ապա գործիս կ՛երթայի: Այս երթ ու դարձերը երբեմն կէսօրին տեղի կ՛ունենային` բարեբախտաբար: Ծնողքին քով ճաշի գացած կ՛ըլլար: Սեղանը միշտ բաց էր անշուշտ: Ու այսպէս, երբեմն առիթը կ՛ունենայի իր հօր մօտակայ փուռէն նոր հասած, տաք-տաք լեհմաճունները ճաշակելու, յատուկ պատրաստուած` ընտանեկան սեղանին համար…
Ի՜նչ սքանչելի ընտանիք: Իր ծնողները Պէյրութի կեդրոնական հրապարակէն ոչ շատ հեռու յարկաբաժին մը ունէին` հանդարտ փողոցի մը մէջ: Անուշ անձեր: Միշտ ժպտադէմ: Միշտ ուշադիր: Ինչպէ՞ս մոռնալ: Ու ինչո՞ւ մոռնալ:
Յարգուած էր բոլորին կողմէ, Հայաստան թէ սփիւռք, իբրեւ մարդ եւ իբրեւ մտաւորական: Լայնածաւալ զարգացումի տէր էր: Հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան ու մանաւանդ հայ մամուլի ու տպագրութեան լաւագոյն մասնագէտ: Տպաւորիչ էր անոր յիշողութիւնը` տարողութեամբ եւ ճշգրտութեամբ: Հաւատարիմ բարեկամ էր: Մտերիմ:
Գրադարանապետ, դպրոցի տնօրէն, թերթերու հիմնադիր ու խմբագիր, մատենագէտ, ուսումնասիրութիւններու հմուտ հեղինակ, հայագիտական ամպիոնի ղեկավար… սակայն միշտ` համեստ: Անձ մը, որուն կարծիքը եւ խորհուրդները փնտռուած էին թէ՛ բարեկամներու, թէ՛ պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողմէ: Կեանքի իմաստութիւնը իւրացուցած մարդ մըն էր: Մէկ նայուածքով չափած կ՛ըլլար խօսակիցը, բայց կը մնար միշտ հանդուրժող, ներողամիտ, ժպտադէմ:
Ամառնային Լիբանան այցելութիւններուս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի հիւրերը կ՛ըլլայինք Պիքֆայա: Ժամանակէն դուրս ժամեր էին ասոնք` բազմաբովանդակ խօսակցութեան եւ գաղափարներու փոխանակումի անգնահատելի առիթներ: Ժիրայրը հոս եւս փափկանկատ կը գտնուէր: Գիտակցելով, որ ինք վեհափառի մօտիկ գործակիցը ըլլալով` անոր հետ յաճախակի կը շփուէր, մինչդեռ իմ հանդիպումները հազուադէպ էին, նշմարած էի, որ կը միջամտէր միայն ի պահանջել հարկին` խօսքը ձգելով առաւելապէս վեհափառին եւ ինծի:
Աշակերտներ, ուսանողներ, գիրքերու հեղինակներ, թերթերու յօդուածագիրներ, ընթերցողներ, ունկնդիրներ… բոլորս օգտուած ենք անոր վաստակէն եւ բոլորս երախտապարտ ենք իրեն:
Ափսո՜ս, որ մահը մեզմէ խլեց ազգիս նուիրեալ, անփոխարինելի մտաւորական մը:
***
Այս տողերը սկսայ գրի առնել իբրեւ անձնական վկայութիւն, երբ Զուարթը հեռաձայնեց ու յայտնեց Ժիրայրին յուղարկաւորութեան թուականը` երեքշաբթի, նոյեմբեր 29: Փափաքեցայ այսպիսով հեռակայ մասնակցութիւնս բերել յուղարկաւորութեան եւ աղօթքին: Տէ՛ր, «բժիշկ հոգւոց մերոց» (Մեսրոպ), թեւաբաց դիմաւորէ զինք: Լաւ մարդ էր:
Փարիզ, 19 դեկտեմբեր 2022