Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ Թաու Լուի Ս. Ծննդեան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 60 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Անթոնին Պաապտա, Սատաքա Այնճար, ԱՊՊԱ Պուրճ Համուտ, Ռիսփեքթ Ռահպա Աքքար, Լուաքօ Քասլիք, Սփորթինկ Հայ Պէյրութ եւ Լուէյզի Զուք Մոսպեհ:
Մրցումները տեղի ունեցան Անթոնին Պաապտայի մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու Ուու Շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյրի, փոխնախագահ Ժաք Տաղլեանի, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու:
Ապահովելով 159 կէտ, Անթոնին Պաապտա հանդիսացաւ առաջին, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Սատաքա Այնճար (87 կէտ) եւ Ռիսփեքթ Ռահպա (60 կէտ):
Այս առիթով ֆետերասիոնը յատուկ վկայագիր մը յանձնեց Սօսի Գազանճեանի, որ մարզիչի քննութիւններուն բացառիկ յաջողութիւն ձեռք ձգած էր:



