Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՖԱ-ի կողմէ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը երկու դիրքի նահանջ մը արձանագրելով յայտնուեցաւ 95-րդ դիրքին վրայ:
Նշենք, որ հայրենի կազմը 2022 տարին սկսած էր 92-րդ դիրքին վրայ:
Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ, հակառակ անոր որ 2022-ի Մոնտիալին անիկա քառորդ աւարտականէն անդին չկրցաւ երթալ:
Աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Արժանթին մէկ դիրքի ոստում արձանագրելով յայտնուեցաւ երկրորդ դիրքին վրայ:
Աշխարհի փոխախոյեան Ֆրանսա կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը, մինչ 2022-ի Մոնտիալի կիսաւարտականին անկէ պարտուած Մարոք 22-րդ դիրքէն բարձրացաւ 11-րդ դիրք:


