Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբուն` Լաչինի միջանցքի փակման վերաբերեալ ըսած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը մշտապէս ընդգծած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վէճերու խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Խապարֆուրի» կայքը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծած է. «Մենք կը կարծենք, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի մասին եռակողմ յայտարարութեան կէտերու լիարժէք կատարումը կրնայ վերջակէտ ըլլալ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն»:
Նշելով, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը կը պահանջէ զերծ մնալ անհարկի լարուածութենէն` Քենաանի յոյս յայտնած է, որ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցը արագ պիտի լուծուի` կողմերուն միջեւ երկխօսութեան միջոցով եւ խաղաղ ճամբով:


