Լաչինի միջանցքին առնչուած հարցի լուծումը, որ Երեւանը կը բարձրացնէ միջազգային մակարդակով, ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիէն դուրս է: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս:
«Նման դիմումներ (Հայաստանի կողմէ Լաչինի միջանցքի առնչուած) չեն եղած, մենք կը մեկնինք անկէ, որ ատիկա ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիէն դուրս է», ըսած է Զաս:
Նախապէս Հայաստանը Արդարադատութեան միջազգային դատարանը տեղեկացուցած էր Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման մասին, ինչպէս նաեւ դիմած էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` Ազրպէյճանի դէմ միջանկեալ քայլեր կիրարկելու եւ միջանցքի ապաշրջափակումը պարտաւորեցնելու խնդրանքով:
Զաս նաեւ յայտարարեց, որ ՀԱՊԿ-ին նոր անդամներու միանալու հարցը չի քննարկուիր: «Ոչ, այս հարցը հիմա չի քննարկուիր: Եւ պէտք չէ ատոր մօտենալ պարզեցուած ձեւով, պէտք չէ քանակի ետեւէն երթալ», ըսած է ան:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծած է, որ կազմակերպութեան ընդլայնման ուղղուած քայլերը պէտք է բարձրացնեն ատոր արդիւնաւէտութիւնը եւ ամրապնդեն հասարակաց անվտանգութիւնը:
Զաս նախապէս յայտարարած էր, որ նման մտադրութիւններ չկան, որովհետեւ գոյութիւն ունեցող ուժերը բաւարար են հաւանական սպառնալիքները ետ մղելու համար:


