Ազրպէյճանի մէջ գործող բրիտանական «Անկլօ Էյժըն Մայնինկ Փի.Էլ.Սի.» հանքարդիւնաբերական ընկերութիւնը նամակ յղած է շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու եւ կառավարութիւններու ներկայացուցիչներուն, ներառեալ ՄԱԿ-ը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Եւրոպական Միութիւնը` յայտարարելով ներկայիս այլոց կողմէ շահագործուող հանքավայրերու նկատմամբ իր «իրաւունքներուն» մասին:
Ընկերութիւնը վերոնշեալ կառոյցներուն դիմած է խնդրելով աջակցութիւն ցուցաբերել` վերականգնելու իր «օրինական իրաւունքները» եւ ապահովելու իր աշխատակիցներու անվտանգ մուտքը Արցախի Դրմբոնի եւ Կաշէնի հանքեր ու յարակից տարածքներ:
Ընկերութիւնը յայտարարած է, որ հանքավայրերը կը գտնուին Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, սակայն, ըստ «Անկլօ Էյժըն Մայնինկ»-ի, հայկական ընկերութիւններու կողմէ «ապօրինի» արդիւնահանումները կատարուած են եւ կը շարունակուին այդ տարածքներուն մէջ:


