Մենք երկու եռակողմ հանդիպում կատարած ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը նաեւ հեռաձայնային կապի մէջ է կողմերուն հետ: Վերջին հանդիպումի ժամանակ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են արագացնելու բանակցութիւնները` յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կազմակերպելու յաւելեալ հանդիպում մը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
«Մենք, անշուշտ, յոյսով ենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը եւ կառուցողական մթնոլորտը պիտի շարունակուին, որովհետեւ մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ դիւանագիտութեան, որ կը տանի դէպի կայուն խաղաղութիւն եւ երկու երկիրներուն միջեւ խնդիրներու լուծում», ըսած է Փրայս:
Ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նաեւ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները մեծապէս ներգրաւուած եղած են Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին օգնելու` Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագայ ստեղծելու հարցին մէջ:


