Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտ-Գորիս Մայրուղիին Վրայ Ազրպէյճանական Սադրանք

December 5, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3 դեկտեմբերին Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկի հատուածին մէջ քաղաքային հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ փակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին:

Արցախի տեղեկատուական շտապէն յայտնեցին, որ ակնյայտ է, թէ Ազրպէյճան այս քայլով կը դիմէ սադրանքի` Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապի ընդհատման եւ խաղաղ բնակչութիւնը հոգեբանական ահաբեկչութեան ենթարկելու համար:

Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուներու` ազրպէյճանական կողմին հետ աւելի քան երեք ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք Արցախը Հայաստանին կապող միակ մայրուղին երկկողմանի կերպով վերաբացուեցաւ բոլոր տեսակի փոխադրամիջոցներու երթեւեկութեան համար:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն, Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ հանդիպած ազրպէյճանական կողմը մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի մէջ օգտակար հանածոներու «ապօրինի շահագործման ու այդ գործունէութեան հետեւանքներուն առնչութեամբ»: Կարեւոր նկատած են տեղւոյն վրայ հսկողութեան, գոյքագրման եւ բնապահպանական ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ազրպէյճանի բնապահպանութեան նախարարութեան հաղորդումով` քննարկումներու հիմամբ սկսած է այդ աշխատանքներու իրականացման համար ճամբու քարտէսի նախապատրաստումը:

Պաքուի համաձայն, հանդիպում տեղի ունեցած է ռուս խաղաղապահներու Խոջալուի հրամանատարական կեդրոնին մէջ, ապա ազրպէյճանցիները վերադարձած են բռնագրաւեալ Շուշի:

Միւս կողմէ, 4 դեկտեմբերին, ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ Մատաղիս-Քարվաճառ ճամբով հերթական անգամ կազմակերպուած էր ազրպէյճանական բեռնատարներու շարասիւնի երթեւեկը: Բեռնատար մեքենաներէն բացի շարասիւնին մէջ եղած է մէկ մարդատար ինքնաշարժ` քաղաքային հագուստով 4 ազրպէյճանցիներով: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի ոստիկանութիւնը:

Շարասիւնը թեքնիք պատճառներով կանգ առած է Մարտակերտի շրջանի Գետաւան համայնքին մէջ, այնուհետեւ մարդատար ինքնաշարժի ազրպէյճանցիները մեքենայէն դուրս եկած են եւ սկսած սանձարձակ ու սադրիչ վարք դրսեւորել այդտեղ գտնուող հայ երիտասարդներու նկատմամբ:

Այդ պատճառով յառաջացած է վիճաբանութիւն, որուն ընթացքին նշուած ազրպէյճանցիներուն միացած են նաեւ բեռնատար մեքենաներու վարորդները եւ բռնութիւն գործադրած հայ երիտասարդներու նկատմամբ:

Վէճը դադրեցնելու նպատակով նոյն տեղը հասած են նաեւ երիտասարդներու հարազատները, այս պատճառով ալ կողմերը զիրար քաշքշած են: Միջադէպի մասնակիցները ստացած են թեթեւ մարմնական վնասուածքներ: Վնասուած է նաեւ ազրպէյճանական մարդատար ինքնաշարժը:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, քաղաքային հագուստով անձերը Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ծառայողներ են, մինչդեռ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ նշուած ճամբու պարբերաբար օգտագործումը պէտք է ունենար միայն մարդասիրական նպատակներ:

Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը քայլերու ձեռնարկած է` դէպքի հանգամանքները պարզելու եւ փաստագրելու համար:

Միջադէպի մասին տեղեկացուած է նաեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը:

Նախորդը

Փրայս. «Յառաջիկային Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Հանդիպում Կը Նախատեսուի»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.