Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր պիտի այցելէ Ռուսիա, ուր բանակցութիւններ պիտի վարէ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Կը նշուի, որ Լաւրովն ու Պայրամովը նաեւ պիտի քննարկեն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը:
«Նախարարներու հանդիպման ժամանակ կը նախատեսուի քննարկել երկկողմանի համագործակցութեան վիճակն ու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակել շրջանային ու միջազգային օրակարգի ամէնէն հրատապ երեւոյթներուն, ներառեալ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն շուրջ», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:


