Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Փաշինեանի Հետ 7 Դեկտեմբերին Պրիւքսելի Մէջ Նախատեսուած Հանդիպումը Տեղի Պիտի Չունենայ»

Նոյեմբեր 26, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ 7 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Պրիւքսելի հանդիպումը պէտք էր կայանար 7 դեկտեմբերին: Սակայն երէկ Հիքմեթ Հաճիեւը ինծի տեղեկացուց, որ իրեն հետ կապուած են Շարլ Միշէլի գրասենեակէն եւ յայտնած, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը համաձայն է հանդիպումին միայն այն պարագային, եթէ ատոր մասնակցի Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը: Ասիկա կը նշանակէ, որ այս հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ», ըսած է Ալիեւ:

Վերջինիս համաձայն, «Ֆրանսան չի կրնար մասնակցիլ խաղաղութեան հոլովոյթին»:

«Փրակայի մէջ հանդիպումէն մէկ շաբաթ ալ չանցած` Մաքրոն հարցազրոյցի մը մէջ քննադատած է Ազրպէյճանը եւ մեզ մեղադրած բանի մը համար, որ մենք չենք ըրած: Ատոր յաջորդեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի յայտնի բանաձեւը, որ բացարձակապէս անընդունելի է եւ վիրաւորական: Յետոյ եղաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հերթական հակաազրպէյճանական բանաձեւը, յետոյ Ֆրանսայի կողմէ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովին միջոցով մեր վրայ յարձակելու փորձ: Այս ամէնը հաշուի առնելով` պարզ է, որ Ֆրանսան չի կրնար մասնակցիլ խաղաղութեան հոլովոյթին: Եւ ասիկա ոչ թէ մերն է, այլ անոնց մեղքը, որովհետեւ ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ Ռուսիան երբեւէ պաշտօնապէս որեւէ մէկու կողմը չեն բռնած: Ասիկա կը նշանակէ, որ 7 դեկտեմբերի հանդիպումը պիտի չկայանայ: Եւ մենք պիտի սերտենք այլընտրանքներ: Տեսնենք, թէ ո՛վ եւ ի՛նչ հարթակի վրայ հանդէս պիտի գայ իբրեւ միջնորդ», ըսած է Ալիեւ:

«Զանգեզուրի միջանցքը քննարկած եմ ռուս պաշտօնատարներու հետ իմ վերջին զրոյցիս ժամանակ: Ես չեմ կարծեր, որ Հայաստանը «ի վիճակի է» արգելափակել այս միջանցքը: Ինչ կը վերաբերի Իրանին, ապա կը կարծեմ, որ ան ալ ատիկա պիտի չընէ` հաշուի առնելով շրջանային հաղորդակցութեան նախագիծերու նկատմամբ իր հետաքրքրութիւնը: Այդ նախագիծերը ուղղուած չեն ոեւէ մէկու դէմ, այլ, ընդհակառակն` միայն պիտի ծառայեն ի շահ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն»:

Փեսքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Եւ Պիտի Շարունակէ
Գործադրել Բոլոր Ջանքերը` Իր Հարթակին Վրայ
Հայ–Ազրպէյճանական Տագնապը Լուծելու Համար»

Քրեմլին յայտարարած է, որ Ռուսիան պատրաստ է եւ պիտի շարունակէ գործադրել բոլոր ջանքերը` իր հարթակին վրայ հայ-ազրպէյճանական տագնապը լուծելու համար: Այս մասին հաղորդեց «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ Ռուսիան պատրա՞ստ է տրամադրելու իր հարթակը` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հաւանական ներկայութեան պատճառով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրաժարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ պրիւքսելեան հանդիպումէն, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով ըսած է. «Ռուսիան ո՛չ միայն պատրաստ է, այլ նաեւ մշտապէս կ՛արձանագրէ իր աշխատանքի շարունակութեան մասին` աջակցելու երկու պետութիւններուն կացութեան կարգաւորման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման հարցին մէջ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք մօտիկ ապագային կը նախատեսուի՞ նման հանդիպում ռուսական հարթակի վրայ, Քրեմլինի բանբերը ըսած է. «Կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ` ոչ»:

Երեւան. «Հայաստան Պատրաստ Է Հանդիպումին`
Փրակայի Մէջ Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Եւ
Ձեւաչափին Համաձայն»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան, թէ 7 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ հայկական կողմը հանդիպումին համաձայն է պայմանով, որ ատոր մասնակցի նաեւ Ֆրանսայի նախագահը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի հարցումներուն յայտնած է. «Կ՛ուզենք յիշեցնել, որ Փրակայի մէջ նախորդ հանդիպումը, ուր ձեռք բերուած է հանդիպումները շարունակելու համաձայնութիւն, տեղի ունեցած է քառակողմ ձեւաչափով, եւ տրամաբանական է, որ հանդիպումին ձեւաչափը եւ մասնակիցներու կազմը նոյնը պիտի ըլլան: Ազրպէյճանական կողմի բոլոր յայտարարութիւնները, թէ հայկական կողմը կը փորձէ խաթարել հանդիպումի կայացումը եւ խաղաղութեան հոլովոյթը, իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է 7 դեկտեմբերի հանդիպումին` Փրակայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան եւ ձեւաչափին համաձայն»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «Ուաշինկթընի մէջ 7 նոյեմբերին կատարուած հանդիպումի ընթացքին Հայաստանը Ազրպէյճանին փոխանցած էր խաղաղութեան համաձայնագիրի վերաբերեալ հայկական առաջարկները. արդեօք որեւէ զարգացում կա՞յ այս առումով» Յունանեան յայտնած է. «Այս պահու դրութեամբ Ազրպէյճանը խաղաղութեան համաձայնագիրի մեր առաջարկներուն չէ պատասխանած»:

Ալիեւ–Քլաար Հանդիպում

Ալիեւ երէկ հանդիպում ունեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ:

Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Հանդիպումի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու բարելաւման, խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման ուղղուած բանակցային հոլովոյթի եւ սահմանազատման հարցով Պրիւքսելի մէջ 3 նոյեմբերին կայացած հանդիպումին վերաբերեալ»:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հաստատած Է Արցախի Մէջ Ազրպէյճանական Բանակին Կողմէ Զինադադարի Դրութեան Խախտումը

Յաջորդը

«Վերականգնել Միասնութիւնը, Որպէսզի Ժողովրդի Մէջ Արթնանայ Յոյսը, Եւ Արցախցին Ամուր Կառչած Մնայ Իր Հողին». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?