Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Նոյեմբեր 22, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Սնունդի Ապագան
– Արեան Քննութիւնը Կոճակի Մը Սեղմումով` Առանց Ասեղի

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Սնունդի Ապագան

Վաթսուն տարի առաջ «The Jetson»-ի մէջ կը պատկերացնէին, որ ապագային մենք կերակուրները պիտի ուտենք դեղահատերու տեսքով: Այդ մէկը դեռ չէ կատարուած: Այսպիսով, ի՞նչ (եւ ինչպէ՞ս) կը կարծեն փորձագէտները, որ մենք պիտի ուտենք 30, 40, 50 տարի ետք:

Վերջին 6 տասնամեակները հսկայական թռիչքներ տեսած են գիւղատնտեսութեան եւ սնունդի վերամշակման նորարարութեան ոլորտին մէջ: 1960 թուականէն ի վեր աշխարհի բնակչութիւնը կրկնապատկուած է` սակայն սննդամթերքի համաշխարհային արտադրութիւնը աւելի քան եռապատկուած է` օգտագործելով ընդամէնը 15 տոկոսով աւելի շատ հող: Այդ մէկը կրնայ հիանալի թուիլ, բայց նաեւ գին ունի ինչպէս մեր առողջութեան, այնպէս ալ մեր մոլորակին համար: Աշխարհի վրայ աւելի քան 300 միլիոն չափահաս մարդիկ ունին գիրութիւն, որ մեծ ազդեցութիւն ունի մարդու առողջութեան վրայ: 1990 թուականէն ի վեր քաղցկեղէն մահացութեան մակարդակը աճած է 17 տոկոսով: Եւ սնունդը աճեցնելու, մշակելու եւ տեղափոխելու մեր ձեւերը, զգալիօրէն կ՛ազդեն կլիմայի փոփոխութեան վրայ. բան մը, որ շուտով կրնայ տագնապալի վիճակի հասցնել մեր մոլորակը:

«Մենք ստացած ենք այն արդիւնքը, որուն ձգտելով նախագծած ենք մեր սնունդի համակարգը: Մենք մշակած ենք աժան, զանգուածային ջերմուժներ,- կ՛ըսէ Սքոթ Պոումէն` The Nourish Movement-ի համահիմնադիրը: Այժմ մենք պէտք է մշակենք զայն ու յարմարեցնենք մարդու եւ աշխարհի առողջութեան»:

Այդ երկուքը միաժամանակ ընելու համար փորձագէտները կը յայտնեն, որ երեք բան առանցքային կը նկատուին` կայունութիւնը, սնունդի արհեստագիտութիւնը եւ սնունդը` որպէս դեղատեսակ: Այս յատուկ զեկոյցը կը յստակացնէ, թէ ինչպէ՛ս անոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ օգնել մեզի` հասնելու համար այնտեղ:

Կայուն ձեւով կերակրել աշխարհի բնակչութիւնը

2020 թուականին ամբողջ աշխարհին մէջ 811 միլիոն մարդ բաւականաչափ ուտելու հնարաւորութիւնը չունէր, եւ կը նախատեսուի, որ Երկրի բնակչութիւնը պիտի աճի եւս նոր 2 միլիառով` յառաջիկայ 30 տարուան ընթացքին: Փորձագէտները կ՛ենթադրեն, որ մեզի անհրաժեշտ պիտի ըլլայ 56 տոկոսով աւելի շատ սնունդ արտադրել բոլորը կերակրելու համար, բայց մենք չենք կրնար այդ մէկը ընել կայուն կերպով` առանց որոշ լուրջ փոփոխութիւններու:

Այնուամենայնիւ, մենք կ՛արձանագրենք յառաջխաղաց, եթէ բոլորը կատարեն իրենց բաժին պարտականութիւնը` ըլլան անոնք գիտնականներ կամ հողագործներ, արտադրողներ կամ մանրածախ առեւտրականներ, կառավարութիւններ եւ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւններ եւ, վստահաբար, սպառողներ: Մենք կրնանք փրկել մոլորակը եւ ունենալ բաւարար սննդարար ուտելիք ու շրջանցել այս մէկը:

«Հողագործները հիմա շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ կը գտնուին, քան` 1980 թուականին,- կ՛ըսէ Ժագ Պոպօ` Բնութեան պահպանութեան կազմակերպութեան սնունդի եւ ջուրի համաշխարհային քաղաքականութեան տնօրէնը: – Այնպէս չէ, որ ամէն ինչ վատ է եւ կը վատթարանայ. անոնք լաւ են եւ կը լաւանան, պարզապէս բաւականաչափ արագ չեն: Պատմական ու աւանդական միջոցները մեզ չեն կրնար հասցնել այնտեղ, ուր մենք պէտք է երթանք մինչեւ 2050 թուական: Մենք պէտք է տարբեր ձեւով վարուինք»:

Ամբողջ աշխարհի մէջ կառավարութիւնները, կազմակերպութիւնները եւ առանձնայատուկ կողմեր կը դիմակայեն մարտահրաւէրներ` բազմաթիւ տեսանկիւններէ, որոնցմէ`

  • Գիւղատնտեսութեան փոխակերպումը նոր մօտեցումներով, ինչպիսիք են ուղղահայեաց գիւղատնտեսութիւնը եւ կենոմի փոխակերպումը:
  • Սնունդի թափօններու պակսեցնելը` պետութեան քաղաքականութեամբ եւ նորարար արհեստագիտութեան միջոցաւ:
  • Այլընտրանքային սպիտակուցներու արտադրութիւնը, ինչպէս` «բուսական միս»-ը եւ ջրիմուռները (algae):
  • Սնունդի փաթեթաւորումը` նորարարական եղանակներով, վնասը նուազեցնելու, թարմութիւնը երկարացնելու եւ պաքթերիաներու դէմ պայքարելու համար:
Ուղղահայեաց գիւղատնտեսութիւն

«Ասիկա բաւականին յուզական ու դժուար ժամանակ է, բայց այն երիտասարդները, որոնց ես կը հանդիպիմ, այնքան ոգեւորուած եւ նուիրուած են այս աշխատանքին,  որ այդ մէկը ինծի յոյս կը ներշնչէ», կ՛ըսէ Փամելա Ռոնալտ, որուն տարրալուծարանը Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, Տէյվիս, կ՛օգտագործէ բոյսի ծինականութիւնը` աւելի կոշտ հունձքեր (hardier crops) ստեղծելու համար` աւելի մեծ բերքատուութեամբ:

Նորարարութիւններ սնունդի արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ

21-րդ դարու սկիզբէն ի վեր մենք տեսանք, որ բազմաթիւ նոր հասկացողութիւններ տարածուեցան, օրինակ` բոյսերու վրայ հիմնուած «միս»-ը, որ «կ՛արիւնահոսի», երկրագործութեան ռոպոթներ, որոնք կրնան կատարել երկրագործական շատ մը աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ` բնապահպանութեան սատարող սնունդի փաթեթաւորում: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մեր կերածը աւելի առողջապահական կամ աւելի կայուն դարձնելու կարողութիւնը, եթէ արհեստագիտութիւնը աշխատի այնպէս, ինչպէս կ՛ակնկալուի, եւ բաւականաչափ մարդիկ ընդունին զայն:

«Բուսահիմն միս»

«Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան աջակցութեամբ, շատ ընկերութիւններ կեդրոնացած էին գիտութեան վրայ` նպատակներուն հասնելու համար: Եւ հիմա անոնք հասած են այն կէտին, ուրկէ` գիտութենէն անդին երթալ եւ ըսել. «Մենք նաեւ սնունդի ընկերութիւն ենք. ինչպէ՞ս կրնանք համոզուիլ, որ մենք նոյնպէս կը կատարենք այդ դերը»», կ՛ըսէ հետազօտող, ռազմավար, Սիլիքոնեան Հովիտի սնունդի արդիւնաբերութեան խորհրդատու Սառա Շա:

«Անոնք կը համագործակցին խոհարարներու հետ, աւելի լաւ գործ կը տանին` հասկնալով, թէ ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր կ՛ուտեն մարդիկ, ինչպիսի՞ ճաշակ կը նախընտրեն: Կը մտածեն ինչպէ՞ս օգնել մարդոց` դառնալու աւելի առողջ, ըլլան տէր կայուն սննդականոններու, որոնք մեծ փոխզիջումներ չեն պահանջեր: Անոնք կը փորձեն առողջ սննդակարգը դարձնել աւելի հետաքրքրական, այլ ոչ թէ` զրկանքի զգացում մը»:

Որոշ փորձագէտներ կը նշեն, որ մարտահրաւէրը նախորդ նորամուծութիւններու հետ կապուած մեր գործած սխալները կրկնելէ խուսափիլն է: Անոնցմէ շատերը հասած են իրենց առջեւ դրուած նպատակներուն, սակայն ընթացքին նոր խնդիրներ յայտնուած են:

«Վերջին 50 տարիներու ընթացքին շեշտը դրուած է աւելի քիչ գինով աւելի շատ արտադրելու վրայ,- կ՛ըսէ Ռաճ Խոսլա` Քոլորատոյի պետական համալսարանի ճշգրիտ երկրագործութեան (precision agriculture) փրոֆեսէօրը: – Բազմաթիւ երկրագործութեան գործելաոճեր, զորս մենք կը կարծէինք, որ լաւագոյնն էին,ի յայտ եկաւ, որ այնքան ալ բարենպաստ չեն կլիմայական պայմաններուն համար կամ լաւ չեն մարդու առողջութեան համար»:

Սնունդ, որ կը բուժէ ձեզ

Սնունդին բուժիչ յատկութիւններ ունենալու միտքը հազիւ թէ նորութիւն ըլլայ, սակայն ժամանակակից կեանքը ցոյց տուած է, որ ճիշդ հակառակն ալ է նաեւ: Սնունդը կրնայ մահացու ըլլալ, եւ ոչ միայն այն ժամանակ, երբ դուք ուտէք սառնարանին ետեւը դրուած բորբոսած մնացորդները: 2019-ին լայնածաւալ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ վատ սննդակարգը պատասխանատու է աշխարհին մէջ 5 հոգիէն մէկուն մահուան:

«Եթէ մենք շարունակենք վերջին 20 կամ 30 տարիներու ընթացքով, կերած կ՛ըլլանք գրեթէ նոյն բաները, բայց` անոնց նոր տարազաւորումով, եւ անտանելի ձեւով կը հիւանդանանք, կ՛ըսէ բժիշկ Տարուիշ Մոզաֆարեան` Թաֆց համալսարանի սնուցման գիտութեան եւ քաղաքականութեան Ֆրիտման դպրոցի նախագահը:

«Բայց, եթէ գիտակցինք, թէ վատ սնունդը ի՛նչ վնաս կը հասցնէ մեր ընդհանուր առողջութեան, ապա մեր սննդակարգը կրնայ շատ տարբեր ըլլալ, եթէ մենք համատեղ ջանքեր գործադրենք նորարարութիւնը դէպի սնուցում, արդարութիւն եւ կայունութիւն յառաջ տանելու համար»:

Որոշ նշաններ կը յուշեն, որ մենք ճիշտ ուղղութեամբ կ՛երթանք.

  • Վերջին տարիներուն կարգ մը ընկերութիւններ (ինչպիսիք են Chobani-ն եւ KIND) հասած են յաջողութեան` իրենց նախուտեստներուն (snack) համար օգտագործելով նուազագոյն ձեւով մշակուած եւ սննդարար բաղադրիչներ:
  • Ամբողջ աշխարհի մէջ առողջապահական ծրագիրները կը փորձարկեն սնունդի «դեղագիրներ»` կազմուած սննդարար ուտեստեղէններէ, ինչպիսիք են թարմ պտուղներն ու բանջարեղէնները:
  • Քոնկրեսը վերջերս ֆինանսաւորեց Սպիտակ տան համաժողով մը` մշակելու համար սովի, սնուցման եւ առողջութեան վերաբերեալ ծրագիր մը, որ ընթացք առաւ 2022 սեպտեմբերին: Այդ մէկը իր տեսակի երկրորդ համաժողովն է: Առաջինը տեղի ունեցած է աւելի քան 50 տարի առաջ` 1969 թուականին:
  • Վերջերս ստեղծուեցաւ «Դպրոցական սնունդ» դաշինք մը, որ բաղկացած է աւելի քան 60 երկիրներէ: Այդ կ՛աշխատի ապահովելու, որ աշխարհի իւրաքանչիւր երեխայ ամէն օր սննդարար սնունդ ստանայ դպրոցէն ներս:

Սպառողները, գործարքները եւ ներդրողները սկսած են աւելի շատ մտածել սնունդի եւ կայունութեան մասին:

«Մենք գահաւանդի մը եզրին ենք եւ կրնանք իյնալ, կամ ետ քաշուիլ: Կը կարծեմ, որ մենք հիմա 50-50-ի սահմաններուն ենք», կ՛ըսէ Մոզաֆարեան:

Աղբիւր` WebMD

Արեան Քննութիւնը Կոճակի Մը Սեղմումով`
Առանց Ասեղի

 

Արեան քննութիւնը ամենատարածուած բժշկական քննութիւններէն մէկն է, որ կը  կատարուի գիտնալու եւ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կայ ու կը կատարուի մարդու առողջութեան հետ կապուած: Սակայն քննութիւնը կը պահանջէ բազկերակէն արեան նմուշ մը` ասեղով առնուած. Բան մը, որ կրնան ընել միայն վերապատրաստուած եւ հմուտ բուժաշխատողները` նախքան նմուշը տարրալուծութեան ուղարկելը:

Այժմ հետազօտողները մշակած են նոր մեթոտ մը արեան բաղադրութիւնն ու վիճակը ստուգելու համար` մարդու մատի մէկ հպումով մը միայն (բան մը, որ լաւ նորութիւն է ասեղներէ վախ ունեցող մարդոց համար):

Միացեալ Նահանգներու Ազգային գիտական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ, Սթանֆորտի համալսարանի եւ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի հետազօտողները մշակած են հիտրոժելապատ (hydorgel-coated) քիմիական կենսազգայակ (biosensor), որ կը հաւաքէ մարդու մաշկի մասնիկներ (molecule), որոնք կ՛արտազատուին քրտինքի միջոցով: Վերլուծելով այս մասնինկները` կենսազգայակը կրնայ յայտնաբերել հորմոններ, սննդանիւթեր, դեղատեսակներ եւ նիւթափոխանակուած նիւթեր անհատի արեան մէջ:

Հետազօտողները իրենց համակարգը կ՛անուանեն «a cryptographic bio-human machine interface», եւ ան կրնայ չափել նաեւ սրտի բաբախման յաճախականութիւնը եւ արեան թթուածինի մակարդակը, ճիշդ այնպէս` ինչպէս օքսիմեթրը:

Գաղտնապահութեան համար համակարգը կրնայ նաեւ գաղտնագրել այն տուեալները, որոնք կը հաւաքուին շփման կէտով` օգտագործելով անձի մատնահետքը որպէս բանալի, ինչպէս որոշ ձեռնահեռաձայններ, որոնք կ՛օգտագործեն մատնահետքերը` զանոնք բանալու համար:

Այս արհեստագիտութիւնը օր մը կրնայ օգտագործուիլ մարդու դեղերու մակարդակը ստուգելու կամ արեան շաքարը վերահսկելու համար: Ան կրնայ օգտագործուիլ նաեւ թմրամիջոցներու մակարդակը չափելու համար կամ փոխարինել շունչին մէջ ալքոլը չափող սարքը:

Կենսազգայակները կրնան տեղադրուիլ ինքնաշարժներու ղեկերուն մէջ` չափելու համար արեան մէջ ալքոլի մակարդակն ու այլ դեղատեսակներու առկայութիւնը եւ կանխելու համար ինքնաշարժը ալքոլի կամ թմրամիջոցներու ազդեցութեան տակ գտնուող որեւէ մէկու կողմէ վարուելէ:

«Այս մէկը կը համատեղէ մատնահետքի ծանօթութիւնը ոչ բռնարարութեամբ ախտորոշման մեր յառաջընթացին հետ, որ կրնայ յայտնաբերել մեր մարմնին մէջ շրջող մասնիկները, որոնք աւանդաբար հաւաքուած են արեան, թուքի եւ այլ հեղուկներու նմուշներով», կ՛ըսէ UCLA-ի գիտնականներէն մէկը` Սամ Էմամինէճատը:

Աղբիւր` WebM

 

 

Նախորդը

Նոր Գիրք՝ Իսթանպուլի Հայութեան Մասին

Յաջորդը

ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 8

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?