Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրք՝ Իսթանպուլի Հայութեան Մասին

Նոյեմբեր 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէ՞ս կ’ապրին Թուրքիոյ հայերը, ի՞նչ խնդիրներ, մտահոգութիւններ ունին, ինչպէ՞ս հնագոյն Պոլիս քաղաքին մէջ կը պահպանուին հայերէնը, հայկական մշակոյթը եւ ի՞նչ ջանքեր կը գործադրեն տեղի հայերը՝ ազգային դիմագիծը չկորսնցնելու համար: Ինչո՞ւ այնտեղ ապրող հայերէն ոմանք կը գերադասեն թրքերէն խօսիլ, իրենց երեխաները ուղարկել օտար դպրոցներ, ի՞նչ գին ունի անվտանգութիւնը…  Լրագրող, հրապարակախօս Սագօ Արեան բազմիցս շփուած է Իսթանպուլի հայութեան հետ՝ փորձելով անոնցմէ ստանալ այս հարցերու պատասխանները: Ան Պոլսոյ մէջ՝ իսթանպուլաբնակ 33 հայու հետ կատարած իր հարցազրոյցները ամփոփած է գիրքի մէջ՝ փորձելով մէկ հարթակի վրայ լսելի դարձնել հայութեան ամենատարբեր խաւերու ձայնը:

Վաւերական նշանակութիւն ունեցող գիրքը գրուած եւ հրատարակուած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գործադրած ջանքերու եւ անկէ բխած մթնոլորտի պայմաններուն մէջ, եւ գիրքին մէջ բնականաբար, անդրադարձ կայ նաեւ այդ հարցին: Իսթանպուլի հայերը իրենք կը փորձեն պատասխանել, թէ ի՞նչ կու տայ այդ յարաբերութիւններու բնականոնեցումը երկու կողմերուն համար, ի՞նչ դրական եւ բացասական կողմեր ունի, անխուսափելի՞ է արդեօք հարեւաններու հետ հաշտութեան երթալու ճանապարհը, թէ՞ այն կարելի է նաեւ անտեսել…  Հայաստանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան խնդիրներուն առընթեր փորձ եղած է նայիլ «շատ բան տեսած» իսթանպուլահայերու աչքերով, դուրսէն…

«33 ձայն Իսթանպուլէն. Ինչպէս ճանչցայ պոլսահայութիւնը»  խորագրով գիրքը լոյս տեսած է օրերս, Երեւանի մէջ եւ պիտի տարածուի յատկապէս պոլսահայ համայնքով հետաքրքրուողներու շրջանակներուն մէջ:

Նախորդը

ՀՅԴ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի Բո­ղո­քին Վրայ, ­Կորն­թո­սի Քա­ղա­քա­պե­տը Չե­ղեալ Կը Նկա­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի Հետ Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը

Յաջորդը

Գետ-Գիտութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?