Հայրենի Տաղանդաւոր Բեմադրիչ
Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի Դարպասը» Ժապաւէնը`
Արցախեան Պատերազմի Յաղթանակի Շունչը
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, 22-29 նոյեմբեր 2022-ին Լիբանանի մէջ պիտի ցուցադրուի Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը` բեմադրիչին ներկայութեան: Ժապաւէնը ցուցադրուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ, մասնակցած է շարժապատկերի փառատօներու եւ արժանացած մրցանակներու: Լիբանանահայութիւնը առիթը պիտի ունենայ ժապաւէնը դիտելու շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» (Gate To Heaven) նոր ժապաւէնը արցախեան նիւթով երրորդ ժապաւէնն է, որ միեւնոյն ժամանակ ութ երկիրներու` Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Լիթվիայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ, Չեխիոյ, Իտալիոյ միացեալ արտադրութիւնն է:
Ըստ ժապաւէնի բովանդակութեան, գերմանացի լրագրող Ռոպերթ Ստերնվալը (50 տարեկան) 2016 թուականին կը վերադառնայ Արցախ` լուսաբանելու քսաներկու տարուան ընդմիջումէ ետք վերսկսած պատերազմը: Լրագրողական հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք` կը ծանօթանայ օփերայի երիտասարդ երգչուհի Սոֆիա Մարտիի (35 տարեկան) հետ: Ռոպերթի եւ Սոֆիայի յաճախակի հանդիպումները կ՛արթնցնեն փոխադարձ սիրոյ զգացում, սակայն հետագային կը պարզուի, որ Սոֆիա անյայտ կորած նկարիչ-լրագրող Էտկար Մարտիրոսեանի աղջիկն է: 1992-ին Թալիշի անկման օրը Ռոպերթը նկարիչ-լրագրողը ձգած է գիւղը գերեվարութեան մէջ, ապա իւրացուցած է անոր պատերազմի դաշտին վրայ նկարած լուսանկարները: Սակայն տարիներ ետք դրախտի դարպասներուն առջեւ Ռոպերթ զղջալով կը խոստովանի իր կատարած մեղքը:
Ջիւան Աւետիսեան «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնին բեմադրիչն է, իսկ Արտաւազդ Եղիազարեան եւ Մկօ Մալխասեան բեմագրութիւնը գրողներն են, մինչ Ռիտիս Կուրկուլիս նկարիչն է, իսկ Մասիս Բաղդասարեանը, Կեստուտիս Տրազտաուսկասը եւ «Ֆիշ Այ Արթ» մշակութային հիմնադրամն ու «Արթպոքս» շարժանկարի ընկերութիւնները արտադրողներն են:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ժապաւէնի գլխաւոր դերակատար Ռիխարտ Զամել կը պատմէ, որ ժապաւէնի նկարահանման սկզբնական շրջանին հանդիպած է դժուարութեան, սակայն թափանցելով իր մարմնաւորած հերոսին ներաշխարհը` յաջողած է ամբողջութեամբ յաղթահարել զայն:
«Մտաւորական մակարդակով այս ժապաւէնը կը խօսի մարդկային բարձր յատկանիշներու մասին: Նկարահանումներու ժամանակ դժուարութիւններս յաղթահարելու համար մեծապէս նպաստեցին` զինուորներու հետ շփումները, վայրի ընտրութիւնը եւ միջավայրը: Իսկ օտար դերակատարներու ընտրութեամբ ժապաւէնը համաշխարհային արտացոլանք կ՛ունենայ, եւ անշուշտ այս մէկը կրնայ նպաստել, որ Արցախ միջազգային ճանաչում ստանայ», կը նշէ Ռ. Զամել:
Ֆրանսայէն եկած ժապաւէնի գլխաւոր հերոսուհի, աշխարհահռչակ ջութակահար Վլատիմիր Սփիվաքովի եւ հայ դերասանուհի Սաթի Սփիվաքովայի դուստրը` Թաթիանա Սփիվաքովա կը պատմէ, թէ ծանօթանալով Ջիւանի հետ` լսած է, որ վերջինս հայկական արմատներով դերասանուհի կը փնտռէ իր ժապաւէնին համար, դերասանուհի մը, որ կրնայ խօսիլ քանի մը լեզուներով: Եւ ան, երբ ժապաւէնին մէջ նկարուելու առաջարկ կը ստանայ Ջիւանէն, բեմագրութեան մասին տեղեկանալէ ետք անմիջապէս կը համաձայնի:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է Արցախի մասին պատմող ժապաւէնի դերասանական անձնակազմին մաս կազմելը, որովհետեւ ես արմատներով շուշեցի եմ», կը նշէ Թաթիանա:
Խօսելով ժապաւէնի մէջ իր կերպարի մասին` Թաթիանա կը նշէ, որ իր մարմնաւորած Սոֆիայի կերպարը հետաքրքրական է: Ան ժամանակակից, ուժեղ, խելացի եւ տաղանդաւոր կին է: Սոֆիա ստիպուած եղած է հեռանալու տունէն եւ ինքնուրոյն կառուցել իր կեանքը, յայտնուած է բարդ իրավիճակի մէջ եւ փորձած է ամէն ինչ ընել ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար:
Առաջին անգամ ըլլալով գտնուած է Արցախի մէջ ժապաւէնի օփերային երգիչ, Ժանի կերպարը մարմնաւորող լիթվացի դերասան Լէօ Փոպետոնոսցեւասը: Ան կը յայտնէ, որ հիացած է Արցախով:
«Չհասայ շատ բան տեսնելու Արցախի մէջ, բայց տեսածներովս ալ տպաւորուած եմ: Ինծի համար շատ հաճելի է ծանօթանալ ժապաւէնի նկարահանումի մասնակիցներուն հետ. անոնք բարի, մարդամօտ, կամեցող եւ հիւրասէր են», կը յայտնէ Լէօ:
Ժապաւէնի դերակատարներէն են նաեւ` Սօս Ջանիբեկեանը, Նայիրա Զաքարեանը, արցախցի դերասաններ եւ հասարակ քաղաքացիներ:
Հաղորդենք, որ ժապաւէնը 21 հոկտեմբեր 2022-ին ցուցադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն մեծ AMC-ի շարժապատկերներու ցանցի մեծագոյն քաղաքներու` Կլենտէյլի, Տիթրոյիթի, Լաս Վեկասի, Օրանժի, Պոսթընի եւ այլ նահանգներու մէջ: Այս ցանցի շարժապատկերները իրենց տարեկան ծրագրին մէջ կ՛ընդգրկեն 4-8 արտասահմանեան ժապաւէններ, որոնց մէջ այս տարի ներառուած էր նաեւ հայկական արտադրութեամբ «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը:
Փառատօներու Մասնակցութիւն
Եւ Մրցանակներ
ժապաւէնը ցուցադրուած է Լոս Անճելըսի, Ուաշինկթընի, Սաքրամենթոյի, Տիթրոյիթի, Նիու Ճըրզիի, Պոսթընի, Թորոնթոյի, Մոնրէալի, Պելճիքայի մէջ:
Ուաշինկթընի մէջ ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդող օրերուն ժապաւէնի ստեղծագործական եւ արտադրողական կազմի անդամներ` Ջիւան Աւետիսեան, Նարինէ Ոսկանեան եւ Գարօ Մանտելեան հանդիպումներ ունեցան քոնկրեսականներու հետ:
Ցուցադրութիւններուն զուգահեռ, ժապաւէնը իր փառատօնային ճանապարհին նոյնպէս յաջողութիւններ արձանագրեց: 2021-ին Օնթարիոյի (Քանատա) միջազգային շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին ժապաւէնը նուաճեց 4 մրցանակներ` «Լաւագոյն ձայն», «Լաւագոյն երաժշտութիւն», «Լաւագոյն բեմագրութիւն», «Լաւագոյն միջազգային ժապաւէն»:
Վերջերս ժապաւէնը արժանացած է «Լաւագոյն խաղարկային ժապաւէն» մրցանակին` Թորոնթոյի բեմադրութիւն շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին:
Ժապաւէնը նաեւ Golden Music Awards ձեռնարկին ընթացքին արժանացաւ արծաթէ մետալի`ժապաւէնի իտալացի երաժշտահան Միշէլ Ճոզիայի հեղինակած երաժշտութեան համար: Ճոզիան նաեւ կը գտնուէր American Tracks Music Award-ի Best Score of the Month եզրափակիչ հանգրուանին մէջ:
«Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը վերջերս ընդգրուած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու Las Cruces միջազգային շարժապատկերի փառատօնին, Ինտոնեզիոյ Europe on Screen միջազգային շարժապատկերի փառատօնին եւ Իտալիոյ Salento միջազգային շարժապատկերի փառատօնին պաշտօնական ծրագիրներուն մէջ:
ժապաւէնը նաեւ ընդգրկուած էր Մոսկուայի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին պաշտօնական, ոչ մրցութային ծրագիրին մէջ, սակայն արցախեան պատերազմի վերսկսման օրը, ժամեր անց, ազրպէյճանական ճնշումներու պատճառով անիկա դուրս հանուած է ծրագիրէն:
«Դրախտի դարպասը» ժապաւէնի վաճառքի պատասխանատու ֆրանսական MPM Premium ընկերութեան միջոցով «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը Քաննի վիրթուալ շարժապատկերի շուկային վրայ (յունիս 2020) առաջին անգամ ներկայացուած է գնորդներուն եւ փառատօնի կազմակերպիչներուն` ունենալով երկու ցուցադրութիւն:
Արձագանգներ
– «Հայաստանի պատմութեան հանդէպ կիրք ունենալով` Ջիւան Աւետիսեանը շարժապատկերի ընդմէջէն կը ներկայացնէ պատմութիւններ իր հայրենի տարածաշրջանէն` անդադար մղումով բացայայտելու Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի սկզբունքային ճշմարտութիւնը եւ այն ազդեցութիւնը, որ ունեցած է հոն ապրողներուն, (ներառեալ` Ջիւանի) կեանքին վրայ: Նկարագրելով իրական պատմագրական իրադարձութիւններ (գերմանացի լրագրողին կեանքը, որ իր պաշտօնը չարաշահեց յանուն համբաւի)` Ջիւանը կը տանի մեզ հոն, ուր որ պէտք է ըլլան մեր բարոյական սահմանները»: Ժապաւէնի արտադրող Քեսթութիս Տրաստաուքաս:
– «Ինծի համար պատիւ էր գլխաւոր դերը խաղալ: Ինծի համար այս մէկը դիւցազնական ճամբորդութիւն էր: Իմ անձնաւորութիւնս գծուած է հեռու` անհաւատալի գեղեցկութեամբ ու հակամարտութեամբ աշխարհի մը մէջ, ուր մեղքի ու սիրոյ ոգիները անթաղ պառկած են, ուր կենդանութեան սպառնացող լուծումները ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ մարդ: Հոս մարդը կը հասկնայ, որ ինք ոչ թէ պատմութեան զոհն է, այլ` պատմութեան կերտողը: Միջազգային դերասանական կազմով, ութ պետութիւններէ բաղկացած անձնակազմով «Դրախտի դարպասը» կը մարմնաւորէ եւրոպական համագործակցային ստեղծագործութեան իսկական ոգին»: Գլխաւոր դերասան Ռիչըրտ Սամել
– «Արցախեան հիմնահարցին մէջ ժողովուրդը առանցքային դերակատարութիւն ունի եւ «Դրախտի դարպասը»` իբրեւ մարդկային պատմութիւն, լաւագոյն արտայայտութիւնն է անոր: Մեծ պատիւ էր ներկայ գտնուիլ ժապաւէնի շնորհահանդէսին եւ մաս կազմել այդ հիանալի երեկոյին» : Զոհրապ Մնացականեան (Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար)
– Այս ժապաւէնի վճռորոշ թեմաներէն է գողութիւնը, որ յայտնի ու դատապարտուած երեւոյթ է ամբողջ աշխարհին մէջ: «Մի՛ գողնար». այս պատուիրանը ամրագրուած է բոլոր պետութիւններու եւ ազգերու օրէնսդրութեան մէջ, քանի որ անիկա կը կազմէ մարդկային համակեցութեան հիմքը: Բայց ինչպէ՞ս մենք կ՛ապրինք: Արդեօ՞ք մենք այդքան անկեղծ ենք: Իսկ երբ դիտաւորեալ կամ ակամայ մեղք կը գործենք, մեղքը քաւելու միջոց կը փնտռե՞նք: Իսկ կա՞յ մեղք քաւելու միջոց անձի մը համար, որ արուեստի կտոր մը, մշակութային սեփականութիւն, ժառանգութիւն մը կը գողնայ, ան, որ չի կատարեր իր խոստումը եւ ուրիշի մահուան պատճառ կը դառնայ:
Ժապաւէնին խորհուրդը ի վերջոյ համոզիչ է ու լեցուած` մելամաղձոտութեամբ ու բանաստեղծութեամբ: Ժապաւէնի ամբողջ ընթացքին պատերազմը ներկայ է, բայց` ենթապատկերի մէջ, եւ ունի կարելիութիւն` խանգարելու կերպարներու կայունութիւնը ու կը բանայ անոնց խորագոյն պայքարները: Ժապաւէնին պատմութիւնն ու սաստիկ հոգեբանական խորութիւնը աւելի ընդլայնուած է իտալացի Միքելէ Ժոսիայի կողմէ ստեղծուած հմայիչ տենդախառնութեամբ ու գեղեցիկ մշակուած շարժանկարչութեամբ` լիթուացի Ռիտիս Քուրքուլիսի կողմէ: Հիանալի կերպով կը պատկերացուի պատերազմի պատճառով աւերուած Լեռնային Ղարաբաղի գիւղերն ու քաղաքները եւ նոյն ժամանակ բնականոն վիճակի մէջ` սիրոյ առկայութիւնը»: Cineuropa
-Կը շնորհաւորենք «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնի ամբողջական կազմը` մեր հեղինակաւոր չորս մրցանակները շահելու համար, որ կը ներառէ` լաւագոյն ձայն, երաժշտութիւն, ենթախորագրութիւն եւ լաւագոյն միջազգային ժապաւէն»: Օնթարիոյի միջազգային ժապաւէնի փառատօն