Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Ֆրանսան Ու Հայաստանը Կը Մեղադրէ Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովի Յայտարարութեան Համար

November 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ֆրանսան մեղադրած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը իբրեւ «իր արտաքին քաղաքականութեան գործիք օգտագործելու յանցանքով»` յայտարարելով, որ այնտեղ որդեգրուելիք փաստաթուղթերը պիտի նկատուին «քաղաքականապէս կողմնակալ»:

Թունուզի մէջ ընթացող վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած նախարարական հանդիպումի ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ կազմակերպութեան անդամներու հակաազրպէյճանական դիրքորոշման վերաբերեալ յայտարարութիւնները Պաքուն «սադրիչ» որակած է:

Միրզոյեան Ֆրանսախօս աշխարհին մէջ ճգնաժամային կացութիւններու վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծին անդրադառնալով կարեւոր նկատած էր, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրներն ու կառավարութիւնները համերաշխութիւն յայտնած են Հայաստանի նկատմամբ` իրենցը դարձնելով այն հիմնական խնդիրները, որոնք կը պայմանաւորեն կողմերուն միջեւ տագնապի խաղաղ լուծումը: Միրզոյեան շեշտած էր, որ այդ յայտարարութեան` Հայաստանին վերաբերող պարբերութիւնները շատ հաւասարակշռուած են եւ արդիւնք կը հանդիսանան փոխզիջումներու, որոնց ուղղութեամբ Հայաստանը ջանքեր գործադրած է:

Ըստ Ազրպէյճանի, փաստաթուղթի վերջնական տարբերակը կը բովանդակէ որոշակի տարրեր, որոնք, ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, «կազմակերպութեան լիազօրութեան իրաւասութեան մէջ չեն», եւ որ իբրեւ թէ «Հայաստանը կրնայ օգտագործել քաղաքական քարոզչութիւն կատարելու համար», կրկին մեղադրած Ֆրանսան փաստաթուղթի համակարգման հոլովոյթին մէջ «քաղաքական ճնշում գործադրելու յանցանքով»:

Նախորդը

Արայիկ Յարութիւնեան Ազգային Ժողովի Քաղաքական Ուժերու Ներկայացուցիչներուն Հետ Քննարկած Է Վերջին Զարգացումները

Յաջորդը

Մաքրոն Եւ Փաշինեան Կարեւոր Կը Նկատեն Հարաւային Կովկասի Մէջ Անվտանգութեան Ուղղութեամբ Քայլերու Գործադրումը

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.