Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արայիկ Յարութիւնեան Ազգային Ժողովի Քաղաքական Ուժերու Ներկայացուցիչներուն Հետ Քննարկած Է Վերջին Զարգացումները

November 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան շաբաթ օր Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է Արցախի շուրջ արտաքին քաղաքական վերջին զարգացումները, ազրպէյճանական կողմէն Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ շարունակաբար դրսեւորուող յարձակողապաշտ վարքը:

Ընդլայնուած խորհրդակցութեան մասնակիցները իրենց մտահոգութիւնները յայտնած են ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ, միտքեր փոխանակուած են իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերուն շուրջ:

Հանդիպումին մասնակցած են Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարեն Շահրամանեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեան, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ օրերս յայտարարեց, թէ չի պատրաստուիր «Ղարաբաղի հայերու ճակատագիրը քննարկել» Հայաստանի իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ արտաքին խաղացողներու ու անոնց ներկայացուցիչներուն հետ` յստակօրէն մատնանշելով Ռուսիայէն Ղարաբաղ վերադարձած Ռուբէն Վարդանեանը, որ վերջերս ստանձնեց Արցախի պետական նախարարի պաշտօնը:

«Պատրաստ ենք խօսելու Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու հետ, «բայց ոչ Մոսկուայի կողմէ ուղարկուած [Ռուբէն] Վարդանեանի նմաններուն հետ, որուն գրպանին մէջ ռուս ժողովուրդէն գողցուած միլիառներն են: Զայն Մոսկուայէն ուղարկած են յստակ օրակարգով», ըսած էր Ալիեւ` շարունակելով. «Եթէ որոշ երկիրներէ չըլլան արտաքին միջամտութիւններ ու Ղարաբաղի հայերուն հետ մեր կապերուն խոչընդոտելու փորձեր, գործընթացը շատ աւելի լաւ կը զարգանայ»:

Արձագանգելով Ազրպէյճանի նախագահին` Վարդանեան ողջունել է Արցախի հետ ուղիղ երկխօսութեան սկսելու անոր ցանկութիւնը` շեշտելով, որ Արցախը այս գործընթացին մէջ պէտք է առանձին միաւոր ըլլայ:

Նախորդը

Երեւան Պիտի Ստորագրէ Իրանեան «Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով» Նախագիծը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Ֆրանսան Ու Հայաստանը Կը Մեղադրէ Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովի Յայտարարութեան Համար

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.