Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տանֆրիտի կարծիքով, Հայաստան ու Ազրպէյճան ունին ամուր խաղաղութիւն հաստատելու պատմական հնարաւորութիւն` լուծելով հակամարտութիւնը, որ սկսած է Խորհրդային Միութեան փլուզման ժամանակ եւ շարունակուած աւելի քան 30 տարի:
Այս մասին հաղորդեց «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի կայքը, որուն համաձայն, այս մասին Տանֆրիտ ըսած է յանձնախումբի հետ ունեցած քննարկման ընթացքին:
«Եղած են խնդիրներ, ինչպիսիք են զինուորական գործողութիւնները, որոնք բռնկեցան սեպտեմբեր 13-14-ին: Երբ զինուորական գործողութիւնները սկսան, մենք անմիջապէս ներգրաւուեցանք, որպէսզի կասեցնենք զինուորական բախումները, որոնք յուշեցին կացութեան փխրունութեան եւ համապարփակ ամուր խաղաղութեան համաձայնագիրի անհրաժեշտութեան մասին: Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն կարեւոր դեր ունեցաւ երկխօսութեան հաստատման մէջ: Ան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներ հիւրընկալեց սեպտեմբեր 7-ին եւ նոյեմբեր 7-ին, ինչպէս նաեւ հոկտեմբեր 4-ին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ անոնց հետ:
«Ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն սեպտեմբեր 27-ին Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցաւ երկու երկիրներու իր գործընկերներու հետ` ի ցոյց դնելով ամբողջ վարչակազմի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան հաստատման: Հիմնականին մէջ մեր միջնորդութեամբ Ազրպէյճան հոկտեմբեր 4-ին ազատ արձակեց 17 հայ պատերազմական գերիներ, որոնք գերեվարուած էին սեպտեմբերեան մարտերուն:
«Այսպիսի քայլերը կ՛օգնեն երկու կողմերուն միջեւ վստահութեան կառուցման, եւ մենք ամէն հնարաւորութիւնը կ՛օգտագործենք` Ազրպէյճանին կոչ ուղղելու` ազատ արձակելու մնացեալ գերիները: Մենք կը շարունակենք խրախուսել Հայաստանն ու Ազրպէյճանը` պահպանել բանակցութիւններու թափը, եւ մենք ասիկա կ՛ըսենք Եւրոպական Միութեան եւ այլ գործընկերներու հետ սերտ համակարգմամբ», ըսած է Տանֆրիտ:
Ան աւելցուցած է, որ այս ծիրին մէջ դրական կը գնահատեն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ երկխօսութիւնը եւ կողմերուն ըսած են, որ կ՛ուզեն օգտակար ըլլալ: