Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Մանուչարեանի Քաջագործութիւնները Եւ Ռոստոմ Բէկ Մելիք Բեգլարեանի Նահատակութիւնը

Հոկտեմբեր 26, 2022
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղարաբաղ, Շաքի Եւ Շիրվան
Ռուսական Հովանաւորութեան Տակ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գիւլիստանի մելիք Աբովի որդի Ռոստոմ բէկ, որ գործօն մասնակցութիւն կը բերէր Երեւանի վրայ արշաւող ռուսական բանակին եւ գերի ինկած էր պարսիկներուն ձեռքը, տարուեցաւ պարսկական բանակին միացած վրաց Ալեքսանդր իշխանին մօտ:

Ալեքսանդր իշխան լաւ կը ճանչնար Ռոստոմ բէկը, ինչպէս նաեւ անոր հայրը` մելիք Աբովը, որ նախապէս մերժած էր պարսիկներուն միանալու եւ ռուսերուն դէմ կռուելու առաջարկը:

Ալեքսանդր իշխան, վրէժ լուծելու համար, Ռոստոմ բէկը ուղարկեց Աբաս Միրզայի մօտ: Ալեքսանդր իշխան կը փաստարկէր որ Ղարաբաղի մելիքները թշնամի են պարսկական գահին եւ պատճառ դարձան Աղա Մոհամէտ շահի սպանութեան Շուշիի բերդին մէջ:

Աբաս Միրզա Ռոստոմ բէկը շղթայակապ ուղարկեց Թաւրիզ, հրամայելով որ հոն բանտարկեն զայն եւ խնամք տանին անոր վէրքերը բժշկելու համար:

* * *

Գրիգոր եպիսկոպոս Մանուչարեան
Աբաս Միրզա

Գրիգոր եպիսկոպոս Մանուչարեան Շամշադինի Հախում (ներկայիս` Տաւուշի մարզ, Վարագաւան) գիւղէն էր, ծնած` 1773-ին: Վարագաւան գիւղին հարաւ-արեւմտեան կողմը, բարձր ժայռի վրայ, անտառախիտ լեռներով շրջապատուած Նոր Վարագավանքն է: Մոնկոլներ երբ աւերեցին Վասպուրականի Վարագայ վանքը, Սուրբ Խաչափայտը եւ այլ մասունքներ հոն տեղափոխուեցան: Այսպիսով ԺԲ. դարու վերջաւորութեան կառուցուած Անապատը կոչուեցաւ Նոր Վարագավանք: Գրիգոր եպիսկոպոս Նոր Վարագավանքի վանահայրն էր: Շամշադինի եւ Ղազախի ցեղապետ խաները ստրկացուցած էին իրենց ենթակայ հայ գիւղացիները եւ իրենց վայրագութիւններով անշնչելի մթնոլորտ ստեղծած էին: Գրիգոր եպիսկոպոս իր ժողովուրդը պաշտպանելու համար շատ անգամ վտանգած էր իր կեանքը:

Պատերազմը երբ սկսաւ 1804-ին, Գրիգոր եպիսկոպոս Շամշադինի եւ Ղազախի հայերէն շուրջ հինգ հարիւր կտրիճ երիտասարդներ իր շուրջ համախմբեց եւ աշխարհազօրային հեծելագունդ կազմեց:

Գրիգոր եպիսկոպոս առաջին անգամ մասնակցեցաւ Գանձակի դէմ Ցիցիանովի արշաւանքին: Երեւանեան արշաւանքի ժամանակ հայրենասէր եպիսկոպոսը ռազմական իր գործողութիւններով մեծապէս օգտակար եղաւ ռուսական բանակին, թիկունքէն հարուածելով պարսկական բանակը եւ մեծ կորուստներ պատճառելով անոր:

Գրիգոր եպիսկոպոսի հեծելագունդը բազմաթիւ հայ ընտանիքներ գերութենէ ազատեց:

Իշխան Ցիցիանով, բարձր գնահատելով Գրիգոր եպիսկոպոսի գլխաւորած հեծելագունդին քաջագործութիւնները, սրբազանը պարգեւատրեց Սուրբ Գէորգի չորրորդ աստիճանի զինուորական խաչով եւ մնայուն երեք հարիւր ռուբլի թոշակ նշանակեց անոր:

* * *

Նոր Վարագավանք Տաւուշի մարզի Վարագաւան գիւղին մօտ. կ՛ընդգրկէ Անապատ եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները, ժամատուն, գաւիթ եւ միաբաններու խուցեր:

Վրաց Ալեքսանդր իշխանի հրամանատարութեան տակ գործող պարսկական զօրագունդ մը 1804-ի օգոստոսի վերջաւորութեան մօտեցաւ Փամբակի: Երեւանի բերդը պաշարած ռուսական բանակը, որ ռազմամթերքի եւ պարէնի տագնապ կը դիմագրաւէր, շրջափակման սպառնալիքի տակ յայտնուեցաւ:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ զօրավար Ցիցիանով 3 սեպտեմբեր 1804-ին հրամայեց դադրեցնել Երեւանի բերդին պաշարումը եւ նահանջել Էջմիածին: Սեպտեմբեր 7-ին ան բանակին հրամայեց ուղղութիւն վերցնել դէպի Թիֆլիս:

Ռուսական բանակի նահանջէն ետք, ռուսերուն օգնած ըլլալնուն համար, պարսիկներ հայերուն նկատմամբ սաստիկ բռնութիւններու սկսան դիմել:

Երեւանի հայերը մէկը միւսին ետեւէն նամակներ սկսան գրել զօրավար Ցիցիանովի, նկարագրելով ռուսական զօրքի նահանջէն ետք իրենց նկատմամբ սաստկացած բռնութիւնները եւ խնդրելով վերադառնալ ու գրաւել Երեւանի բերդը:

Երեւանէն տարագրուած եւ ռուսական կողմը անցած մելիք Աբրահամ եւ իւզպաշի Գաբրիէլ զօրավար Ցիցիանովի ըսին, որ Երեւանի մէջ պարսկական քիչ զօրք կայ, իսկ քաղաքի բնակիչները խօսք տուած են, որ եթէ կարճ ժամանակի ընթացքին ռուսական զօրքը Երեւան գայ, անոնք բոլորը կ՛ենթարկուին եւ առանց դժուարութեան կը գրաւէք բերդը` իր բոլոր ունեցուածքներով հանդերձ:

* * *

Պարսկական բանակը 1804-ի աշնան վերսկսաւ իր յարձակողականը եւ ներխուժեց Փամբակ ու Լոռի:

Գիւլիստանի ծերունազարդ մելիք  Աբով գերեվարուած զաւկին փոխարէն ինք ձեռք առաւ հայկական ջոկատին հրամանատարութիւնը:

Փամբակի եւ Լոռիի հայերը եւ արցախցիները աշխարհազօրային ջոկատներ կազմեցին եւ միանալով ռուսական կայազօրներուն դիմագրաւեցին պարսկական բանակի յառաջխաղացքը:

Նոյեմբերին պարսկական բանակը յարձակման անցաւ Ղարաքիլիսէի (ներկայիս` Վանաձոր) ուղղութեամբ: Նոյն օրերուն Փամբակի հայկական տասներեք գիւղերու բնակիչներ միացան ռուսական զօրամասերուն եւ ձախողութեան մատնեցին Ղարաքիլիսէն գրաւելու պարսիկներուն բոլոր փորձերը:

* * *

Ռոստոմ բէկ Մելիք Բեգլարեան երեք ամիսէ ի վեր բանտարկուած էր Թաւրիզի մէջ:

Աբաս Միրզա, պատերազմէն վերադառնալէն ետք Թաւրիզ մտաւ, իսկ Ֆաթհ Ալի շահ, որ նոյնպէս ռազմաճակատ կը գտնուէր, վերադարձաւ Թեհրան: Շահը Ատրպատականի կառավարչութիւնը Աբաս Միրզայի եւ տեղացի իրեն հաւատարիմ ցեղապետ խաներուն վստահեցաւ:

Աբաս Միրզա առաջին հերթին հրամայեց գլխատել Ռոստոմ բէկը:

Մահապատիժի գործադրութենէն առաջ Ռոստոմ բէկ բանաստեղծութիւն մը գրեց, ուր կ՛ըսէր.

«Մունետիկն ի ձայն բարձր աղաղակէ,
Ժանտ դահիճն սուր ի ձեռին անյագ սրէ,
Վազեր հանգոյն զիմ կենաց թել կտրել խնդրէ,
Ի կախաղան եւ կամ ի սպանդ,- ո՞ւր զիս տանէ:
Քաղաքս համայն մահմեդական, աստ խուռն գան,
զիմ մահ սգան,
Դառնագին լան զիս Աբովեան` քաջ ախոյեան:
Մի՞թէ չիք ոք աստ քրիստոնեայ, զիս փրկեսցէ
Յայս ամեհի եւ մահագուժ վայրագ դահճէ:
Նուիրական զենման իմոյ լերուք վկայ:
Սէր հայրենեաց ի թշնամեաց ձեռս մատնեաց,-
ուրախ մեռայց:
Եւ դասեցայց ընդ դիւցազն իմոյ նախնեաց:
Փշրանք մնացեալ եմ սիրելի հայոց ազգի,
Որք գտանիք ի ձեռս պարսից յայս քաղաքի,
Մի՛ մոռասջիք պատմել եւ զայս յորդւոց յորդի,
Թէ քաջն Ռոստոմ վասն հայրենեաց ի սպանդ վարի:
Թէպէտ ցաւիմ զի չմեռանիմ ի մարտ ընդդէմ թշնամեաց իմ,
Այլ յօժարիմ, զի զոհ լինիմ այսպէս վսեմ:
Այս քաջ բազուկք յարեաց պարսից հսկայ հզօրս
Տապաստ արկին ի բազում նուագս հարիւրաւորս.
Աւա՜ղ, կնատ անգութ դահճի եղէ ես որս,
Պատմեսջի՛ք զայս վեհ դիւցազին` զառամեալ հօրս
Քաջ նահատակ որդիդ միակ ի ձեռս վայրագ
պարսից էանկ,
Իւր յաղթական մահ դժնդակ էառ պսակ:
Մեծդ յարեաց, արքայորդիդ Աբաս Միրզա,
Սուր ի ձեռին դահիճն հեգ առ ընկեր կայ,
Զիս թշնամիս քոյոյ ազգի պատրաստ ի մահ
Զիա՞րդ կամիս սպանանել` շուտ հրամայեա՛:
Միայն սգամ, զի կապեալ կամ. թէ միւս անգամ
հրացան, սուր իմ
Ի ձեռս ունիմ,- զբազուկս իմ ձեզ ցուցանեմ…»

Թաւրիզի հայերը Ռոստոս բէկի մարմինը հայկական գերեզմանատան մէջ թաղեցին, իսկ անոր գրած բանաստեղծութիւնը երգի վերածեցին եւ իրենց զաւակներուն սորվեցուցին:

* * *

Փամբակի եւ Լոռիի ուղղութեամբ պարսկական բանակի յարձակողականի կասեցումէն եւ ռուսական բանակի յաջողութիւններէն ետք Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան որոշեց կապ հաստատել ռուսերուն հետ: Զօրավար Ցիցիանով անկէ պահանջեց ընդունիլ ռուսական հպատակութիւն:

Պարսկաստան, Ղարաբաղը կորսնցնելու հեռանկարէն խուսափելու համար 1805 յունուարին մեծաթիւ զօրք ուղարկեց: Սակայն շահին զօրքերը տակաւին Շուշի չհասած, Դիզակի մէջ հայ կամաւորները պարտութեան մատնեցին պարսիկները:

Զօրավար Ցիցիանով Իպրահիմ Խալիլ խանին վրայ ճնշումը սաստկացուց, պահանջելով փութով ընդունիլ ռուսական հպատակութիւն:

Ղարաբաղի խանին վրայ ճնշումը զօրացնելու նպատակով գնդապետ Լիսանեւիչի գլխաւորութեամբ ռուսական ջոկատ մը Շուշի մտաւ:

Իպրահիմ Խալիլ Խան փորձեց ժամանակ շահիլ եւ ձգձգել բանակցութիւնները, բայց ապարդիւն: Զօրավար Ցիցիանով Ղարաբաղի տիրակալին հասկցուց, որ բանակցութիւններուն հետագայ ձգձգումը կրնայ զէնքի միջամտութեան յանգիլ:

Իպրահիմ Խալիլ խան ստիպուած տեղի տուաւ եւ 21 փետրուար 1805¬ին Լիսանիւեչի միջոցով պատրաստակամութիւն յայտնեց դրական ընթացք տալու Ցիցիանովի պահանջին:

Զօրավար Ցիցիանով եւ Իպրահիմ Խալիլ խան 14 մայիս 1805¬ին Քիւրիւկչայ գետի ափին լարուած վրանի մը տակ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին դաշինք կնքեցին: Իբրեւ շահագրգիռ կողմ հայերէն ներկայ էին Թիֆլիսի եւ Գանձակի առաջնորդ Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Գեղարդակիր եւ Վարանդայի մելիք Ջումշուդ Մելիք Շահնազարեան:

Դաշինքին համաձայն Ղարաբաղ կ՛ընդունէր Ռուսաստանի հովանաւորութիւնը: Շուշիի մէջ պիտի տեղակայուէին ռուսական զօրքեր: Ռուս աստիճանաւորներու հսկողութեան տակ Ղարաբաղ պիտի կառավարուէր խանին կողմէ:

Դաշնագիրին առաջին յօդուածը կ՛ըսէր. «Ես` Շուշիի եւ Ղարաբաղի Իպրահիմ խան, իմ, իմ ժառանգորդներու եւ յաջորդներու անունով հանդիսաւորապէս ընդմիշտ կը հրաժարիմ Պարսկաստանէն կամ այլ պետութենէ վասալական կամ առհասարակ ուրիշ որեւէ տիտղոս ունեցող որեւէ կախում ունենալէ եւ կը յայտարարեմ ամբողջ աշխարհի առջեւ, որ ես իմ եւ իմ յաջորդներուն վրայ չեմ ճանչնար ուրիշ որեւէ ինքնակալութիւն, բացի նորին կայսերական մեծութեան համառուսական մեծ թագաւոր կայսրին եւ անոր բարձր ժառանգորդներու եւ համառուսաստանեան կայսերական գահի ժառանգորդներու գերագոյն իշխանութիւնը` խոստանալով նոյն գահին հաւատարմութիւն, ինչպէս անոր հաւատարիմ ստրուկը, որուն համար եւ երդում պիտի ընեմ սուրբ գուրանին վրայ»:

Ռուսական կողմը իր կարգին կը խոստանար «Նորին կայսերական մեծութեան եւ անոր յաջորդներուն անունով շնորհն ու բարեխնամութիւնը Շուշիի եւ Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանէն ու անոր ժառանգնորդներէն, ինչպէս եւ իրեն հաւատարիմ հպատակէն երբեք չեն խլուիր…: Նորէն բարձրաստիճանութեան ու անոր ժառանգորդներու ներկայ կալուածներու ամբողջականութիւնը պահպանուած կ՛ըլլայ»:

* * *

Քանի մը օր ետք, մայիս 21¬ին, Քիւրիւկչայի ափին ռուսական հրատակութեան դաշինք ստորագրեց Շաքիի Սելիմ խան: Ալեքսանդր Ա. կայսր ռուսական բանակի զօրավարի կոչում շնորհեց Սելիմ խանին:

Շիրվանի Մուսթաֆա խան դիմեց Թեհրան, շահին կարծիքը խնդրելով ռուսական յառաջխաղացքին առաջքը առնելու համար: Պարսկական զօրագունդ մը Փիր Ղուլի խանի հրամանատարութեան տակ մտաւ Մուղանի դաշտ: Բայց նոյն օրերուն Մուսթաֆա խան ռուսերուն հպատակութիւն յայտնեց: Ռուսեր Մուսթաֆա խանին խոստացաւ Շիրվանի խանութեան սահմանները ընդարձակել եւ Շիրվանշահերու երբեմնի սահմաններուն հասցնել:

Շիրվանի նուաճումը կարեւոր քայլ էր ծով հասնելու համար:

Զօրավար Զաւալիշինի հրամանատարութեան տակ ռուսական զօրքեր Պաքու հասան: Պաքուի Հիւսէյն Ղուլի խան Զաւալիշինի դիմեց` բանակցութեան առաջարկով: Բայց զօրավարը անկէ անձնաւորութիւն պահանջեց: Հիւսէյն Ղուլի խան փորձեց դիմադրութիւն կազմակերպել, բայց Զաւալիշինի ուժերը նաւերով մօտեցան բերդին, ռմբակոծեցին եւ ցամաքահանում կատարեցին:

Զաւալիշին փորձեց համոզել Հիւսէյն Ղուլի խանը, որպէսզի ընդունի ռուսական հպատակութիւն, այն պայմաններով, որ իրեն կը թելադրուի: Պաքուի խանը անդրդուելի մնաց:

Ի վերջոյ Զաւալիշին Ցիցիանովէն խնդրեց անձամբ Պաքու ժամանել եւ բանակցիլ Հիւսէյն Ղուլի խանին հետ: Թերեւս ան իր դիրքով կրնար ազդել խանին վրայ:

Զօրավար Փաւէլ Ցիցիանով ձմրան ցուրտ եղանակին Թիֆլիսէն ճամբայ ելաւ: Ան վատ նախազգացումով բռնուած էր, ջերմ ունէր, յաճախ ձիէն վար կ՛իջնէր, բայց դողը անցնելէն ետք ձին կը հեծնէր եւ կը միանար յառաջացող զօրքին:

Զաւալիշինի բանակատեղին հասնելէն ետք Ցիցիանով Հիւսէյն Ղուլի խանէն պահանջեց անձնապէս իրեն յանձնել Պաքուի բերդին բանալիները:

Հիւսէյն Ղուլի խան պատրաստակամութիւն յայտնեց: Հանդիպումը նախատեսուեցաւ 8 փետրուար 1806¬ին: Ցիցիանով իր հետ ունէր սպայ մը եւ երկու կոզակ: Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պաքուի պարիսպներուն մօտը: Հիւսէյն Ղուլի խան ողջագուրուեցաւ Ցիցիանովի հետ եւ սկսան բարեկամական խօսակցութիւնները: Նոյն պահուն խանին ընկերակից Իպրահիմ բէկ ատրճանակի երկու հարուածով սպաննեց Ցիցիանովը: Սպաննուեցան նաեւ անոր հետ եղած սպան եւ երկու կոզակները:

Իպրահիմ բէկ Ցիցիանովի գլուխը կտրեց եւ տարաւ Թաւրիզ` Աբաս Միրզայի:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (25 Հոկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?