ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ այս տարի` 30 հոկտեմբեր 2022-ին, Գիւտ խաչի յաջորդող կիրակին, մեծ հանդիսութեամբ պիտի նշուի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Այս առիթով տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ եւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սուրբ պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | ժամը 10:30-ին |
Մատաղօրհնէք` | ժամը 11:30-ին |
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ իր ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ վերանորոգուի եւ հաղորդուի օրուան սուրբ խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ
19 ԵՒ 20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022-ԻՆ
«ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀ
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեաններ իրենց ծնողներուն` Մինաս եւ Սրբուհի Մարթայեաններու յիշատակին կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 200 ամ. տոլարով:
25 հոկտեմբեր 2022
—————————————