ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
2026-2027 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2026-2027 դպրոցական տարեշրջանի նոր եւ նախկին սաներու համար արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան շաբաթ օրերը` 14, 21 եւ 28 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ:
Կարեւոր:
1.- Դիմողները պարտին իրենց հետ ունենալ հայկական դպրոց արձանագրուած ըլլալու փաստաթուղթ մը:
2.- Վերոյիշեալ թուականէն ետք դիմումնագիրները պիտի մերժուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՈՒՐԻ ՖԷՐՄԱՆԵԱՆ-ԽՈՍՐՈՎԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 նոյեմբեր 2026-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
- .ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
ՌՕԶԻՆ ԱՊՈՒՆԱՅԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 նոյեմբեր 2026-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Վարպետ ոսկերիչ (սետեքեր) եւ ադամանդաշար մաթրիքսի վրայ աշխատող պաշտօնեաներ: Դիմել` հեռաձայնելով 03-207772 կամ 01-266514 թիւերուն:
————————————–
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ՊԱԶԱՐ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
ՈՒՐԲԱԹ, 11, ՇԱԲԱԹ, 12 ԵՒ
ԿԻՐԱԿԻ, 13 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2026
ՀԲԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ

