ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութեան վարչութիւնը իր հայրենակիցները կը հրաւիրէ Ընդհանուր անդամական ժողովի, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ վարչական նոր կազմի ընտրութիւն: Ժողովը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 29 նոյեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ, Զալքա:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Սասնոյ Հայրենակցական միութիւնը կը գուժէ իր երիտասարդ անդամներէն եւ նախկին վարչական
ՍԵՐԺ ՇԱՐՈՅԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 2 նոյեմբեր 2026-ին:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Վարպետ ոսկերիչ (սետեքեր) եւ ադամանդաշար մաթրիքսի վրայ աշխատող պաշտօնեաներ: Դիմել` հեռաձայնելով 03-207772 կամ 01-266514 թիւերուն:
