Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 21 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ երեկոյեան ժամը 19:00-ին Էմիլ Լահուտի անուան համալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) կը մրցի Հըրրիէ Սայտայի դէմ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ կ՛ունենայ Ա. դասակարգին մէջ:
Այս իրողութենէն մեկնելով, ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:


