Ալպանիոյ Տիւրես քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար տղոց ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, 81 քկ դասակարգի մրցումներուն, Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ` Մնացական Աբրահամեան, որ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 323 քկ արդիւնք մը (143 + 180):
Աբրահամեանէն առաջ Հայաստանի համար ոսկի մետալ մը ապահոված էր Գոռ Սահակեան (67 քկ), մինչ Ռաֆիկ Մինասեան` պրոնզ մետալ մը (61 քկ):
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 23 ներկայացուցիչով:


