Եուվենթուսին մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպա իր ստացած ծունկի վնասուածքէն եւ վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք վերսկսաւ իր փորձերուն, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ շատ հաւանաբար ան իր մասնակցութիւնը բերէ կա՛մ Պենֆիքայի դէմ կատարուելիք «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցումին (25 հոկտեմբեր), կա՛մ ալ Լեչէի դէմ տեղի ունենալիք «Քալչիօ»-ի մրցումին (29 հոկտեմբեր):
2012-2016 ժամանակամիջոցին Եուվենթուսի շապիկը կրած Փոկպա նախորդ 11 յուլիսին իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ թէեւ վերադարձաւ Եուվենթուս, սակայն անոր հետ ընթացիկ տարեշրջանին որեւէ մրցումի չմասնակցեցաւ:


