«Պունտըսլիկա»-ին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Շալքէ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Ֆրանք Քրամերը, այս մասին յայտնեց գերմանական կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
50 տարեկան գերմանացին Շալքէի մարզիչ նշանակուած էր նախորդ յուլիսին:
Անոր հետ Շալքէ կատարեց 15 մրցում, արձանագրեց միայն երկու յաղթանակ եւ կրեց 10 պարտութիւն:
Ներկայիս Շալքէ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ 17-րդ եւ նախավերջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վեց կէտ` առաւելագոյն 30 կէտէն:


