«Կրաֆ Վենթիւր» ընկերութեան ներկայացուցիչ ամերիկահայ Ռազմիկ Յովակիմեան պիտի գլխաւորէ Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի նոր ներդրումային ընկերութիւնը, այս մասին յայտնեց «Պլումպըրկ»:
Նախապէս յայտարարուած էր, որ Լիոնել Մեսսի իր սեփական ներդրումային ընկերութիւնը հիմնած է, որ կը կոչուի «Փլէյ Թայմ»:
Նշուեցաւ, որ անիկա ներդրումներ պիտի կատարէ մարզական աշխարհին, մետիային եւ արհեստագիտութեան մէջ:
«Փլէյ Թայմ»-ը պիտի հաստատուի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ եւ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ ֆութպոլի ակումբներուն:
Յովակիմեան, որ ծնած է Գահիրէ (Եգիպտոս), 16 տարեկանին տեղափոխուած է Լոս Անճելըս:
Ամերիկահայ գործատէրը աւարտած է Քալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանը:


