Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Եուվենթուսի նախկին բերդապահ Ճիանլուիճի Պուֆոն իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ շատ մեծ ուրախութեամբ կ՛ուզէ գլխաւորել Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը:
44 տարեկան Պուֆոն յայտնեց, որ մինչ իր նախկին խմբակիցները կը դառնան մարզիչներ, անդին ինք կը շարունակէ ֆութպոլ խաղալ:
Հետեւաբար, ասոր ի տես, ինք եւս կը փափաքի մարզիչ դառնալ:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին հինգ Մոնտիալներու մասնակցած (1998, 2002, 2006, 2010 եւ 2014) Պուֆոն ներկայիս Փարմայի բերդապահն է: Վերջինս ելոյթ կ՛ունենայ Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Հինգ Մոնտիալներու մասնակցելէ բացի, Պուֆոն մասնակցած է նաեւ Եւրոպայի չորս ախոյեանութիւններու (2004, 2008, 2012 եւ 2016):


