«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի 2022-2023 տարեշրջանի ախոյեանութեան երկրորդ օրը, երէկ կատարուեցան 12 մրցումներ:
Ֆէօնիքս Սանզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Տալաս Մավըրիքսը, անոր դէմ արձանագրեց երկու կէտի տարբերութեամբ յաղթանակ մը` 107-105 արդիւնքով, հակառակ անոր որ հիւր կազմէն Լուքա Տոնքիչ նշանակեց 35 կէտ: Տալասէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 28 կէտ:
Եութա Ճեզ 123-102 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Տենվըր Նակեթցի դէմ: Յաղթական կազմէն Քոլին Սեքսթոն նշանակեց 20 կէտ, մինչ Նակեթցէն Նիքոլա Եոքիչ` 27 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեմար Տերոզան (37 կէտ), երբ անոր կազմը` Շիքակօ Պուլզ յաղթական վերադարձաւ Մայեմի Հիթի դաշտէն` 116-108 արդիւնքով:
Այլ մրցումի մը, Մեմֆիս Կրիզլիզ 115-102 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Եորք Նիքսի դաշտէն:
Անիկա հանդիսացաւ տարեշրջանի առաջին մրցումը, որ աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք:


