Սպանացի մասնագէտ Մարսելինօ Կարսիա Թորալ շատ հաւանաբար գլխաւորէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, այս մասին յայտնեց հայկական մարզական մամուլը:
57 տարեկան սպանացին ներկայիս կը նկատուի այդ պաշտօնին գլխաւոր, եթէ ոչ միակ թեկնածուն` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:
Ան անցեալին եղած է Աթլեթիք Պիլպաոյի, Սեւիլլայի, Վիարէալի, Վալենսիայի, Ռեքրէաթիւոյի, Սփորթինկ Խիխոնի, Ռասինկ Սանթանտերի եւ Ռէալ Սարակոսայի մարզիչ:
Իբրեւ ֆութպոլիստ ան մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, ինչպէս նաեւ` Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային տարիքային խումբերուն:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը թափուր է, սպանացի մասնագէտ Խոաքին Քափարոսի հեռանալէն ետք:


