Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Դիտեցի Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ ներկայացուած «Դող` սիրտը գող» զաւեշտի երկրորդ ելոյթը:

Ականաւոր Տարիօ Ֆօ իր 1958-ին հեղինակած գործը իտալերէնով անուանած է  «Ոչ բոլոր գողերը կու գան վնաս պատճառելու» (Non tutti i ladri vengono per nuocere): Անգլերէնով ծանօթ է` որպէս «The Virtuous Burglar» (առաքինի գողը): Հայաստանի մէջ «Ամէն գող գող չէ» վերնագիրով ներկայացուած է Երեւանի Մհեր Մկրտչեանի անուան եւ Արմաւիրի պետական թատրոններուն մէջ: Շուրջ տասը տարի առաջ առիթը ունեցած եմ դիտելու Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնի դիպուկ տարբերակը` «Իմ կինը, ձեր ամուսինը եւ քաղաքապետի օգնականը» վերնագիրով: Այստեղ, անցեալ նոյեմբերին Անտոնեան համալսարանի թատերական ակումբը գործի սուր երկխօսութեամբ տարբերակ մը ներկայացուցած է «Ալքա Հարամիէ» (գողերու որոգայթ) վերնագիրով: Իտալական գործը հնարաւոր է ներկայացուելու ոչ արհեստավարժ խումբերու կողմէ, նախ` որովհետեւ կարճ է, ապա` որովհետեւ բաղդատած Ֆոյի հետագայ թատրերգութիւններուն, քիչ բան կը կորսնցնէ թարգմանաբար: Թատերախումբին ընտրութիւնը, ուրեմն յարիր էր: Շա՛տ բարի:

Հեղինակը.- Տարիօ Ֆօ (Dario Fo – 1926-2016),   ծնած է համեստ, մտաւորական ընտանիքի մէջ: Ընկերվարական հայրը գործօն կերպով մասնակցած է հակաֆաշիստական պայքարին, եղած է նաեւ սիրողական դերասան: Դերեր ստանձնած է ի միջ այլոց Իփսենի թատրերգութիւններուն մէջ: Եղբայրը թատրոնի վարիչ է, իսկ քոյրը` գրագիտուհի: Ֆօ ճարտարապետական համալսարանի թերաւարտ է: Անցած է գեղանկարչութեան եւ թատերական աշխարհ, ուր սքեչներու հեղինակութեան կողքին, վերցուցած է նաեւ դերեր: Առաջին թատերակները գրած է, երբ ուսանող էր: Ֆօ անիշխանական խառնուածքով մարքսական մըն էր: 60-ականներու վերջերուն Իտալիոյ համայնավար կուսակցութենէն դուրս եկած եւ հիմնած է «La Comune» խմբակը, որ դրամատէր իշխանութեան դէմ «ուղղակի գործողութեան» կը հաւատար: Իր թատրերգութիւնները կը շարունակեն Իտալիոյ շրջուն ծաղրածու (giullari) թատերախումբերու եւ հետագայ բացօթեայ «commedia dell՛arte»-ի աւանդը, որոնք առաջնահերթութիւն կու տային շեշտուած մարմնի՛ լեզուին: Տարիօ այդ բարձրաձայնած է 1998-ին, երբ Նոպելեան մրցանակ կը ստանար: Ֆօ  «Արհեստի հնարքները» (The tricks of the trade, 1991) վերնագիրով գրքոյկ մը հեղինակած է այս ուղղութեամբ: Նկատել «Զաննի» դիմակը ձեռքին լուսանկարը:

Ներկայ զաւեշտին մէջ պարկեշտ գողը կը կատարէ Զանիի դեր` քողազերծելով բարձր դասակարգի կեղծիքը:

Դիպաշարը.- Պարզամիտ թուացող գող մը ուշ գիշերին կը մտնէ բարձր դասակարգի տուն մը` ենթադրելով, որ դատարկ է: Անհեթեթի երանգը կը սկսի էն գլխէն: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ նման մէկը յաջողի հասնիլ վստահաբար լաւ հսկուած շինութեան մը երրորդ յարկի պատուհան եւ ապա այդ համարել սովորական «աշխատանք», զոր կինը խանգարէ: Գրեթէ անմիջապէս ներս կու գայ տանտէրը իր տարփածուին հետ: Ո՜վ զուգադիպութիւն, գողը կը պահուի մեծ ժամացոյցի մը մէջ, որ, ի դէպ, ոչ միայն աչքառու խորհրդանիշ է ընկերային դիրքի, այլ նաեւ`  ժամանակի ընթացքին: Գողը շուտով կը յայտնաբերուի եւ կը պարտադրուի ձեւացնել, թէ տարփածուին ամուսինն է: Գողին կինը, որ մտահոգ է իր ամուսինով, անդադար կը հեռաձայնէ: Ներս կու գան նաեւ տանտիրոջ կինը եւ տարփածուին ամուսինը, որ, ո՜վ զուգադիպութիւն, տանտէրի կնոջ տարփածուն է: Ժամացոյցը (իմա` ժամանակի ընթացքը) խորհրդանշականօրէն կը խանգարուի: Կը հասնի նաեւ գողին կինը եւ… երկրորդ գող մը, ո՜վ երկրորդ անհեթեթ: Կը ստեղծուի իսկական քաոս, երբ լռութիւնը անհրաժեշտ է քնացող դրացիներու ուշադրութիւնը չգրաւելու համար: Գողը կը յաջողի փախչիլ իր աւարով:

Յարմարաւէտական.- Թատերակը Ֆոյի կանուխ գործերէն է, որոնք ունին Ֆեյտոյեական երանգաւորում: Կարելի չէ բաղդատել իր հետագայ քաղաքական յստակ բնոյթ ունեցող թատրերգութիւններուն հետ, ինչպէս` «Անիշխանականի մը պատահական մահը» (Accidental Death of an Anarchist), «Եթէ չես կրնար, մի՛ վճարեր» (Can՛t Pay? Won՛t Pay!), եւ կամ` «Mistero Buffo»: Միւս կողմէ` թատերակը հեղինակին ամէնէն «թարգմանելի» գործը կարելի է համարել, որովհետեւ կը յենի ոչ թէ իտալական բառախաղերու, ինչպէս «prendere fischi per fiaschi» (սուլիչը անօթ կարծել), այլ` մարմնի լեզուին: Գործի ընտրութիւնը ուրեմն խելամիտ է: Բարի՛: Տարիօ կը քաջալերէ իր գործի իւրովի յարմարեցումը, այսուհանդերձ, իր գրքոյկին մէջ եւ այլուր կը զգուշացնէ, թէ յանկարծաբանութիւնը (Improvisation) պատրանք է: Հարկ է, որ յաւելումը արդիւնքն ըլլայ անդուլ փորձի եւ խոր ուսումնասիրութեան: Այս առումով, Ֆօ երբեք «յետտրամաթիք» չէ եղած: Ուրեմն բնագիրին մօտիկ մնալը խելամիտ քայլ է: Բարի՛:

Հաւատարմական.- Ամուսնական անհաւատարմութիւնը ի սկզբանէ մնայուն բներգ եղած է: Ամուսնութիւնները ընդհանրապէս հիմնուած կ՛ըլլային շահադիտութեան վրայ, եւ ոչ` փոխադարձ սիրոյ: Անհաւատարմութիւնը ձեւով մը ըմբոստութիւն էր պարտադրուած ընկերային կառոյցի դէմ: Իսկ թատերական առումով, բներգը  լարումի (tension) յարիր խթանիչ է: Ի դէպ, Ֆոյի գրագիտուհի, դերասանուհի, յաճախ համահեղինակ եւ… «ֆեմինիսթ» կինը` Ֆրանքա Ռամէ (Franca Rame, 1929-2013), ցմահ մնացած է անոր կողքին` ի հեճուկս ամուսնի կրկնուող սիրային արկածախնդրութիւններուն: Ռամէ փոթորկոտ ամուսնութեան անդրադարձած է իր շարք մը գործերուն մէջ: Ներկայ թատերակը թերեւս կարելի է ձեւով մը Ֆոյի ինքնաքննադատութիւնը համարել:

Կերպարներ.- Զաւեշտի գլխաւոր չորս կերպարներ զուգահեռներ ունին «commedia dell՛arte»-ի  մնայուն տիպարներու շարքին:

Գողը` «Zanni», ռամիկ դասակարգի կերպար մը, որ կը ձաղկէ եւ կը դիմակազերծէ բարձր դասակարգի տիպարներ:

Գողին կինը` «Colombina», Զաննիի ընկերուհին, ընդհանրապէս` սպասուհի մը, որ Զաննիի դեր կը կատարէ:

Տանտիրոջ կինը` «La Signora», իր տեսքը եւ սուր միտքը կը գործածէ ձեռնածելու համար կացութիւնները:

Տանտէրը` «Il Dottore», բարձր դասակարգի յաւակնոտ յիմար մը, որուն յարգելի երեւոյթը պատրանք մըն է: Անանուն է, ինչպէս եւ` գողը, որովհետեւ երկուքը ներկայացուցչական բնոյթ ունին:

Կատարողական.- Ելոյթի պրոշիւրը բացարձակապէս լուռ էր թատերակի եւ անոր հեղինակին շուրջ: Իսկ ծանուցողական տեսերիզները եւ վերնագիրը աւելի շփոթ կը ստեղծէին, քան` ճանաչում: Ո՛չ բարի: Այդ գրքոյկները կրնան ծառայել գոնէ նուազագոյնը զարգացած հանդիսատես եւ արխիւներ պատրաստելու:

Բեմայարդարում.- Ընկերային դիրքի խորհրդանիշ հսկայ ժամացոյցը բեմի ճակտին էր: Այդ հասկնալի է, բայց` ոչ գործնական, որովհետեւ դուռը կը բացուի հանդիսատեսի առաջ եւ կը պարզէ անոր «փորոտիքը», որ որեւէ ճօճանակ չի՛ պարունակեր: Նախընտրելի է, որ ըլլար բեմին կողքին, եւ մուտքն ու ելքը ըլլային բեմի հանդիսատեսի հակառակ ուղղութեամբ: Ո՛չ բարի: Գրադարանին մէջ կային թղթածրարի հատորներ, բայց` հազիւ թէ որեւէ գիրք: Ուրեմն տանտէրը գրասենեակային, բայց ոչ մտաւորական դասին կը պատկանի: Բարի՛: Բեմի ճակտին էր նաեւ տանտիրոջ մեծցուած լուսանկարը` գահին բազմած դիրքով: Բարի՛: Նկարին շրջանակը ցուցամոլական էր նիւթականի ներած սահմաններուն մէջ: Կահոյքը նոյն պատճառով համեստ էր, այսուհանդերձ, 50-ական թուականներու ճաշակով: Բարի՛: Հագուկապը, մազերու եւ դէմքի յարդարումը որեւէ յստակ ժամանակաշրջանի չէին պատկաներ:

Երաժշտութիւնն ու լուսաւորումը յարիր էին զաւեշտի, բայց մեկնաբանական ներդրում չունէին: Պահուըտիլ ջանացող կերպարները այնքան լուսաւոր վայրերու մէջ էին, որքան` անոնք, որոնցմէ պահուիլ կը ջանային: Կարելի էր նուազ լուսաւոր պահոցներ ստեղծել:

Թարգմանութիւնը բնագիրը կլորցուած եւ պարզացուցած էր, հաւանաբար` հասկնալի դառնալու մտահոգութեամբ: Պահուած է, օրինակ, բառախաղ մը, որ հազիւ թէ ոեւէ հանդիսատես հասկնայ: Գողը կրկին կը բողոքէ, երբ զինք կոչեն տոթթոր Փակլիոնօ. անունը կը նշանակէ «փոքրիկ բակլա», մինչ «տոթթոր»-ը յոյժ բարձր տիտղոս եղած է, ինչպէս վերը յիշած եմ: Բացի այդ` Փակլիոննօ Քոմետիա տելլարթէի ծիծաղելի կերպարներէն մին եղած է: Դժուար է ճշդել, թէ ի՛նչ այլ կորուստներ եղած են: Ցաւօք այս թատերակէն ներս եւս սպրդած էին թրքերէն առածներ, ինչպէս «Աշխարհի դրամը» (տիւնեանըն փարասը) եւ կամ` «թէ՛ յանցաւոր, թէ՛ զօրաւոր» (հէմ սուչլու, հէմ կիւչլիւ): Թերեւս հայաստանեան տարբերակի ճամբով սպրդած էր նաեւ հայրենի բարբառ, ինչպէս` «երեխայ», «զանգել» կամ «վատ» ըլլալ: Միւս կողմէ` արդէն իսկ բնագիրին մէջ սակաւ քաղաքական ակնարկները, ինչպէս, օրինակ, գայթակղութիւնը կրնայ օգնել քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածութեան, աննկատ դարձած էին:

Խաղարկութիւնը շեշտը դրած էր չափազանցուած ծաղրանկարային մարմնի լեզուին վրայ, ինչ որ գրեթէ պարտադիր է, երբ օտար մշակոյթի սրախօս երկխօսութիւնը ատակ չէ լիովին հասկնալի դառնալու տեղական ոչ միատարր հանդիսատեսին: Բարի՛: Չափազանցուած շարժուձեւի զոհ գացած էր: Հեռաձայնի խաղերէն մէկուն «մարդը» ջղային ձեւով հեռաձայնը պոկեց պատէն, եւ տարփածուն անտեղի սարսափեցաւ: Մինչդեռ այդ պիտի նշանակէր, թէ տան մէջ ոչ ոք կայ: Բնագիրին մէջ կինը սարսափած էր, որովհետեւ մարդը լսափողը մէկ կողմ դրած էր: Այդ կը նշանակէ, թէ տան մէջ ոմն կը հեռաձայնէ:

Գլխաւոր դերակատար Ժան Պեքերեճեան, որ թատերախումբին սիւնն է, արդէն իսկ մեծ փորձառութիւն ունի անճարակ թուացող կերպարներ մարմնաւորելու: Բարի՛: Իր հիւմըրի զգացումով, խելացի  խաղարկութեամբ, ճկուն ֆիզիքականով եւ մանաւանդ բեմական ներկայութեամբ աչքառու էր Դալար Արսլանեանը: Սարին Պաքալեանը, որ ինծի համար յայտնութիւն էր, գրաւեց բոլորին համակրանքը իր դիպուկ, եռանդուն սրտաբուխ խաղարկութեամբ եւ սիրուն արտաքինով: Փորձառութեամբ պիտի տիրապետէ նաեւ բեմական ձայնի: Մելիք Պետրոսեանին դերը կը թուէր ուռճացուած ըլլալ, որպէսզի այդ բացառիկ ֆիզիքականի եւ հիւմըրի զգացումի  տէր երիտասարդի ներկայութիւնը երկարի բեմի վրայ: Շա՛տ բարի: Այլապէս երկրորդ գողը անհեթեթը շեշտող տարր մըն է, որ այլ բեմադրութիւններու մէջ կը յայտնուի եւ անխօս ու արագ կ՛անհետանայ:

Մեկնաբանական.- Թատերախումբը հարազատ մնացած էր բնագիրի նշումներուն: Այդ խոհեմ քայլ է: Բարի՛: Տարիօ Ֆօ սակայն, որ Քոմետիա տելլարթէի ոճով կը յօրինէ, կը քաջալերէ խելամիտ ներդրումները: Պարոնեան թատերախումբը գողին կինը ի սկզբանէ բեմ հանած էր որպէս տան սպասուհին, այսինքն` Զաննիի կողքին իսկական «Քոլոմպինա» մը, զոր կերպաւորած էր տաղանդաւոր Մարգարիտ Խաչատրեանը: Երկրորդ գողէն տպաւորութիւն չէ մնացած յիշողութեանս մէջ: Թերեւս զեղչուած էր: Պարոնեանի ամէնէն յիշատակելի ներդրումը, սակայն, ինչպէս վերնագիրը կը թելադրէ, երկխօսութեան պատուաստումն էր յետխորհրդային պետական այրերու սուր ձաղկով: Թատերակը դուրս եկած էր Ֆէյտոյեական դաւաճանութիւններու եւ «թիւրիմացութիւններու» հնամաշ ոլորտէն: Ինչպէս` Անտոնեան  համալսարանի թատերական ակումբը, կարելի էր որոշ ճիգով նոյնը գործադրել քաղաքական առումով (եւ ոչ միայն) ճահիճ դարձած մեր իրականութեան մէջ:

Ելոյթին շուրջ արդէն իսկ լոյս տեսած են քաջալերական ակնարկներ: Կը միանամ անոնց: Թատրոնը կենդանի պահելու կարեւորութեան շուրջ երկու կարծիք չկայ: Բարի՛ երթ:

13 հոկտեմբեր 2026

 

 

Նախորդը

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

Յաջորդը

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի Հայաստանեան Կորիզը Եւ Արեւմտեան Բարենիշը

August 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.