Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ա.- Խորապատկեր.- Թատրոնի հոլովոյթին կրկին անդրադարձած եմ (1, 2), այստեղ հակիրճ յիշեցումներէ ետք պիտի փորձեմ տալ ժամանակակից պատկերը: Ստրկատիրական շրջանին Արիստոտէլի ձեւաւորուած «Փոեթիքա»-էն 19 դար  ետք, երբ միջին դարերու աւատապետական հասարակակարգը կ՛ընկրկէր աճող դրամատիրութեան ի նպաստ, վերածնունդի թատերական պատկերազարդ «քերականը» ԺԶ. դարու կիսուն պատրաստեց  թատերագիր Leone de’ Sommi:

ԺԷ.-ԺԹ. դարերուն, երբ ճարտարարուեստական դրամատիրութիւնը տիրական էր, յառաջ եկան շարք մը արդիապաշտ «քերականներ», որոնք այսօր յոյժ պարզամիտ կը համարուին: Արդիականութեան տխուր յատկանիշներն էին բնագիտութենէ ներշնչուած նուազապաշտութիւնը (reductionism) եւ այն համոզումը, թէ բանականութիւնը ատակ է լուծել ծառացող բոլոր հարցերը` ե՛ւ բնութեան ե՛ւ ընկերութեան մէջ: Ականաւոր Ստանիսլաւսկիի բնապաշտ դպրոցի դրոյթները օրին իսկ ձեւափոխուեցան իր տաղանդաւոր ուսանող Մէյերխոլտի կողմէ: Մինչ այդ հանճարեղ Չեխով արդէն իսկ  նսեմացուցած էր արիստոտէլեան տարրեր, ինչպէս` գործողութիւնը:

Բ.- Մակընթացութիւն.- Ա. Աշխարհամարտի համատարած արհաւիրքը փարատեց բարերկրութիւնը եւ տուն տուաւ ընկերային, հետեւաբար եւ գեղարուեստական շարք մը շարժումներու, ինչպէս` Տատա, գերիրապաշտութիւն եւ մանաւանդ գերմանական արտայայտչապաշտութիւն, որուն նպատակն էր ստեղծել բանաստեղծական պատկեր, եւ ոչ` կեանքի բնապաշտ ցոլացում կամ  հոգեբանական ներհայեցողութիւն: Այս դպրոցները կարճակեաց, բայց ուսանելի էին: Անհամեմատ աւելի մեծ դեր խաղաց Պրեխտի «Դիւցազներգական» թատրոնը, ուր շեշտը կը դրուի ոչ թէ կերպարի հոգեբանութեան, այլ արարքներուն վրայ: Հետեւեցան շատ աւելի նորարարներ, որոնց նախապէս անդրադարձած եմ (2Բ):

Յետտրամաթիքական թատրոնի առաջին տեսաբանը Սոնտին էր (Peter Szondi 1929-1971)` իր «Theorie des modernen Dramas»  աւարտաճառ գիրքով (1956): Սոնտի, սակայն, կանուխ անձնասպանութիւն գործեց (3): Աշխատանքը 1991-1999-ի ընթացքին ամբողջացուց ուսանող Լեման (Hans-Thies Lehmann 1944-2022), որ ուղղութեան գլխաւոր տեսաբանը կը համարուի: Վերեւի համադրումին մէջ կը տեսնուի իր ժպտուն գծանկարը` ընկղմող «TEXT» նաւուն ներքեւի թատրոնին մէջ: Ի դէպ, 1956-1991 տարիներուն կը գործէին նորարար տիտաններ, ինչպէս` Պրեխտ, Արթօ, Պեքեթ, Իոնեսքօ, Ատամով, Կրոթովսքի եւ Փիթըր Պրուք:

Ճարտարարուեստական դրամատիրութեան  ոսկեդարը աւարտեցաւ 70-ականներու սկզբին: Կազմաւորուեցաւ վայրագ նոր-ազատականութիւնը, որ «դրամայնացուց» տնտեսութիւնը (financial capitalism): Սակարանային ճամարտակութիւնները եւ ստուերային գործարքները շատ աւելի արագ եւ շահաւէտ են, քան` բիւր գլխացաւանք պատճառող արդիւնաբերական ճարտարարուեստը: Քաղաքական եւ, հետեւաբար, գաղափարական գերիշխանութիւնը շատ չուշացաւ: 1979-ին  J.F. Lyotard հրատարակեց «Յետարդի հանգամանքը» (The Postmodern Condition), որուն հիմնական դրոյթն էր վարկաբեկել մեծ ասքերը (narrative), ինչպէս` ընկերվարութիւն: Լեհման այդ շրջանին ձեւաւորեց իր յետտրամաթիքական դրոյթները, որոնք յատկապէս M. Foucault, J.Derrida, & J.F. Lyotard,-ի կողմէ առաջադրուած յետարդիական յարացոյցի գործադրութիւնն են թատրոնէն ներս: Th. Adorno վաղուց վտարած էր համադրումը (synthesis) տիալեկտիկական մտածողութենէն: Կը մնային թեզ, հակաթեզ եւ քաոս:

Լեհմանեան սկզբնական հանգանակի հիմնական յօդուածն է թատրոնը ձերբազատել բնագիրի (text), այսինքն բանաւոր պատումի դարաւոր գերիշխանութենէն: Հեղինակի բնագիրը, լաւագոյն պարագային, կ՛աստիճանազրկուի «օգտագործելի նիւթ»-ի մակարդակին, ուր են բեմական տարրերը եւ նոյնիսկ անբան անասունները: Կարգ մը բեմադրիչներ դասական թատրերգութիւնները կը գործածեն որպէս ջնջագիրներ (palimpsest)` անոնց զուգահեռ բեմադրելով «մակաբուծական» յետտրամաթիք թատրերգութիւններ:

Յետտրամաթիքականը թատրոնէն կը վտարէ անցեալն ու ապագան: Կը պահէ լոկ շփոթ ներկան: Այս ակնբախօրէն ապաքաղաքականացում կը նշանակէ:

Յետտրամաթիքականը կը ներկայացնէ մասնատուած խայտաբղէտ միջավայր մը, որ դիտաւորեալ կերպով կը ջլատէ հաւաքական ընկալումը, հետեւաբար եւ` հաւաքական կողմնորոշումը: Գործածուած ակնարկներն ու պատկերները այնքան անսովոր ուրեմն եւ անիմանալի են: Հանդիսատեսին կրնայ լոկ թուիլ, թէ այդտեղ բազմաբայական իմաստներ կան: Թատրոնը կը վերածուի փորձառական աշխատանոցի մը,  ուր ոչ մէկ համախոհութիւն կ՛արտադրուի:

Տրամաբանական վերլուծումը կարելի է միայն բանաւոր լեզուով: Անդամալուծել լեզուն` կը նշանակէ զանց առնել կուռ կապակցութիւնը: Չքմեղանքը այն է, թէ տրամաբանութիւնը կրնայ հիմնուած ըլլալ սխալ գաղափարախօսութեան մը վրայ: Այդ ի հարկէ ճիշդ է: Ճիշդ չէ սակայն, թէ ԲՈԼՈՐ գաղափարախօսութիւնները թիւր են: Ճիշդ չէ նաեւ, թէ կարելի չէ իրականութիւնը ներկայացնել: Այդ բնազանցական դիրքորոշում է: Իրավիճակը կարելի չէ ներկայացնել պարզունակ, նուազապաշտ տարազներով: Առաջադրել, թէ երկբայութիւնը, յարընտրայնքայնութիւն (paralax) կը կայանայ նոյնինքն իրականութեան մէջ, կը քողարկէ իրականութեան քաղաքական խեղաթիւրումը (4): Կողքի համադրումը ցոյց կու տայ յատկանշական ելոյթներ:

Գ.- Տեղատուութիւն.- Յետարդիական դրոյթները դաժան քննադատութեան ենթարկուեցան հեղինակութիւններու կողմէ, ինչպէս` Ֆ. Ճեյմսըն եւ յատկապէս Յ. Հապերմաս: Ջլատելով բանականութիւնն ու քաղաքական թատրոնը` յետտրամաթիքականը կը ծառայէ վայրագ «նորազատական» դրամատիրական վարչակարգին, որուն կը յաւակնի դիմադրել իր ձեւաչափով:  2009-ին Պելկրատի մէջ տեղի ունեցաւ «Տրամաթիք եւ յետտրամաթիք թատրոնը տասը տարի ետք» վերնագիրով համագումար մը, ուր ներկայ էր տասը տարի առաջ թեզը հրատարակած նոյնինքն Լեհման:  Համագումարը ջնջեց բնագիրի «մահազդ»-ը: Փոխարէն մերժեց բնագիրի գերիշխանութիւնը, որ արդէն իսկ վաղուց կը գործադրուէր բեմադրիչներու կողմէ: Լեհման պարտադրուեցաւ «յստակացնել», թէ ինք դէմ է ոչ թէ թատրոնի քաղաքականացման, այլ` բարոյախօսականին: Հանգամանք մը, որ աներկբայ ընդունելի է բոլոր ողջմիտ մարդոց կողմէ:

Հուսկ բանք.- Դասական եւ արդիապաշտական թատրոնները վաղուց արդէն պատմութեան անցած են: Յետտրամաթիքական թատրոնի առարկութիւնները ժամանակավրէպ են: Հոսանքը այսօր տեսակ մը մարդոց ճաշակները գոհացնող լուսանցքային երեւոյթ է: Broadway-ի, West End-ի, Grands Boulevards-ի եւ կամ Friedrichstadt-Palast-ի վրայ գտնուող գլխաւոր շուկայական թատրոնները տեղ չեն տար նման ելոյթներու, որովհետեւ նիւթական չեն ապահովեր: Այլ խօսքով, յետտրամաթիքականը բարեբախտաբար չէ յաջողած յարացոյց դառնալ: Աղօթենք, որ այդպէս ալ մնայ:

 

1.- «Միջնադարեան հայ թատրոնը», «Ազդակ» բացառիկ, Նոր տարի 2018:

2.- Կատարողական Քառուղիներ Ա. եւ Բ.  «Ազդակ» 30 եւ 31 յուլիս 2018:

3.- Սոնտի անձնասպանութիւն գործած էր նետուելով գետի մէջ այնպէս, ինչպէս նախապէս իր շատ մօտիկ նոյնպէս հրեայ բանաստեղծ ընկերը: Մեկնաբանութիւնը կը թողում ընթերցողին: Սոնտիի հայրը ականաւոր հոգեբոյթ Լեոնար Սոնտի հեղինակած է «Ճակատագրի վերլուծում» հատորը:

4.- Paralax եզրը փոխ առնուած է լուսագիտութենէն (optics): Իրերու դասաւորումը տարբեր կբնայ թուիլ տարբեր տեսանկիւններէ: Հայերէն եզրը պարտադրուեցայ կազմել ըստ բարդ յունարէն արմատներուն:

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 262

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի Հայաստանեան Կորիզը Եւ Արեւմտեան Բարենիշը

August 13, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Հակիրճ Ակնարկ` Շարժապատկերի Երեւանեան Հակիրճ Ժապաւէններու Փառատօնին Շուրջ

August 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.