Հարցազրոյց` Թորոնթոյի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան
Նախկին Պատուոյ Հիւպատոս Քանատահայ
Գործարար, Բարերար Վարուժան Լափոյեանի Հետ
Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք Թորոնթոյի ազգային կեանքին մասին, մանաւանդ որ ներգրաւուած էք գաղութի կեանքին մէջ եւ` բարերարութիւններ կատարած:
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԼԱՓՈՅԵԱՆ.- Թորոնթոն սփիւռքի մէջ կարեւորութիւն ունեցող գաղութ է, որ իր դերակատարութիւնը ունի Քանատայի մէջ: Թորոնթոյի մէջ շատ աշխուժ ազգային կեանք մը կայ: Ակումբը միշտ կապի մէջ է հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն հետ ու նոյնիսկ Թորոնթոյի քաղաքապետարանին հետ լաւ յարաբերութիւններ ունի: Քաղաքական գետնի վրայ եւս լաւ են կապերը թէ՛ դաշնակցակային կառավարութեան եւ թէ՛ տեղական` Օնթարիոյի կառավարութեան հետ: Մենք նաեւ Օնթարիոյի խորհրդարանի մէջ ունինք պատգամաւոր մը` երեսփոխան Արիս Պապիկեանը, որ շատ օգտակար կը դառնայ մեր գաղութին եւ երկրորդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Ազգային կեանքին մէջ միշտ յաջող ձեռնարկներ կը կազմակերպուին, ամրան եղանակին քերմես կ՛ըլլայ, Հայաստանէն երգիչներ կը հրաւիրեն եւ շուրջ 150-200 հազար ամերիկեան տոլար եկամուտ կ՛ապահովուի: Բոլոր եկեղեցիները անխտիր իրարու մօտ են, շատ ներդաշնակ են, իրարու զօրավիգ կը կանգնին միշտ եւ միասին կը տօնախմբեն որոշ տօներ: Ի վերջոյ, կատարուած բոլոր գործունէութիւններուն մէջ հիմնականը հայկական շահերն են, եւ ամէն մարդ պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանի:
Պէտք է նշել, որ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Քանատա ներգաղթած սուրիահայերը Թորոնթոյի մէջ բաւական աշխուժ ներկայութիւն եղան, իսկ գաղութն ալ իր կարգին բաւական օգտակար դարձաւ իրենց: Սուրիահայերը իրենց կարգին ընտելացան մեր միջավայրին մէջ եւ մաս կազմեցին մեր ընկերութեան, ինչ որ շատ դրական էր:
«Ա.».- Կրթական մարզը ի՞նչ պատկեր կը պարզէ:
Վ. Լ.- Մեր դպրոցը, որ կը կոչուի Լափոյեան երկրորդական վարժարան, բարեբախտաբար շատ լաւ վիճակի մէջ է: Աշակերտութեան թիւը 600-էն բարձրացաւ 700-ի, որ բաւական մեծ թիւ կը կազմէ: Թորոնթոյի մէջ միակ հայկական վարժարանն է, եւ բոլոր աշակերտները հայ են: Ունինք նաեւ Հայաստանէն ներգաղթած աշակերտներ, այդ պատճառով ալ կը մտածուի վարժարանին մէջ, արեւմտահայերէնի կողքին, արեւելահայերէնով ալ դասաւանդել, եթէ կարելիութիւն ըլլայ: Ներկայիս կը ջանանք նոր շէնքը աւելի արդիականացնել, գեղեցկացնել եւ դասարաններուն թիւը աւելցնել, որովհետեւ մենք յոյս ունինք, որ աշակերտութեան թիւը հետզհետէ պիտի աւելնայ: Այս ծրագիրը արդէն գործադրութեան դրուած է, եւ պիտի սկսինք շինարարութեան: Մեծ ուրախութեամբ կ՛ուզեմ նշել, որ ունինք շրջանաւարտներ, որոնք իրենց մասնագիտութիւնը աւարտելէն ետք վերադարձան մեր մօտ եւ այսօր իրենց յաճախած վարժարանին մէջ կը դասաւանդեն:
«Ա.».- Հայաստան-սփիւռք ներկայ պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կարելի է գործել, աշխատիլ եւ գոյատեւումը ապահովել:
Վ. Լ.- Հայաստան-սփիւռք կապը անպայման պէտք է պահել: Դժբախտաբար ամէն անգամ Հայաստան-սփիւռք համագումարը, որ կը կազմակերպուի, զբօսաշրջութեան բնոյթ կ՛ունենայ եւ խորքին մէջ ծրագիր չկայ ստեղծելու Հայաստան-սփիւռքի կապը: Ներկայիս սփիւռքը պէտք է այնպէս մը ներկայացուի, որ Հայաստանին թիկունք, ուժ, նեցուկ ըլլայ: Այս մէկը իրագործելու համար Հայաստանի որոշումներու մէջ պէտք է խօսք ունենայ, որպէսզի տրամադրուած որեւէ մէկ օգնութիւն կամ նեցուկ Հայաստանի մէջ ճիշդ ձեւով ներդրուի, եւ սփիւռքը կարենայ հետեւիլ անոր իրագործման: Այս մէկը իրականացնելու համար սփիւռքը պէտք է ներկայացուի Ազգային ժողովին մէջ: Այս մէկը անպատճառ պէտք է ըլլայ: Ժամանակը կ՛անցնի, եւ մենք կ՛ուշանանք կազմակերպելու սփիւռքը: Ներկայիս սփիւռքը կազմուած է զանազան կազմակերպութիւններէ, եւ դժուար է չկազմակերպուած սփիւռքը վերածել կազմակերպուած սփիւռքի: Առաջին քայլը պէտք է ըլլայ կազմակերպել սփիւռքը ինքն իր մէջ, որ ունենայ իր ներկայացուցչութիւնը: Ներկայիս սփիւռքի գաղութներուն մասին ճշգրիտ թիւեր չունինք դժբախտաբար, եւ առաջին հերթին հարկ է տեղեկութեան շտեմարան (տաթապէյս) մը ունենալ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու մասին, անիկա պիտի նպաստէ գիտնալու, թէ իւրաքանչիւրը ինչպէ՛ս իր ներդրումը կրնայ բերել Հայաստանին: Այսպիսով, սփիւռքի կազմակերպուած խմբակը իր ծրագիր-կանոնագիրը կրնայ ունենալ եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ որոշում կրնան տալ, թէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ինչպէ՛ս կրնան իրարու հետ գործակցիլ: Անշուշտ այս մէկը կը պահանջէ սահմանադրական փոփոխութիւններ, որովհետեւ ներկայիս սփիւռքահայ մը իրաւունք չունի Ազգային ժողովին մաս կազմելու, ոչ ալ կրնայ նախարար ըլլալ: Սակայն նախ կարեւոր է, որ սփիւռքը կազմակերպուի: Սփիւռքը պէտք է գիտնայ իր ուժը, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնայ զայն գործածել ի նպաստ Հայաստանի: Ներկայիս եթէ նայինք սփիւռքին, պիտի տեսնենք, թէ շատ դժուար է, որ սփիւռքի տարածքին մէջ բոլոր ներկայացուցիչները համախմբուին որոշ կէտի մը շուրջ` մեր ազգային հայկական շահերէն մեկնած, որոնք մեր առաջին եւ վերջին ծրագիրն ու մեկնակէտը պէտք է ըլլան: Հետեւաբար պէտք է կազմակերպել սփիւռքը, որ ապագային կազմակերպուած սփիւռքը կարենայ աշխատիլ Հայաստանի կառավարութեան հետ: Այս բոլորէն ետք, ապագային, եթէ որեւէ մարզի մէջ օգնութիւն պիտի ցուցաբերուի, բոլորը միասին ներդաշնակօրէն պէտք է կարենան իրագործել իրենց ծրագիրները: Երբ սփիւռքը կազմակերպուի, Հայաստանի կառավարութիւնը ստիպուած է շուրջ 8.000.000 հայերուն գաղափարը ընդունիլ, որովհետեւ ճիշդ է, որ սփիւռք ենք, բայց հայ ենք, եւ Հայաստանը մեզի համար նոյնքան կարեւոր է ինչպէս հայաստանցիին: Հետեւաբար, եթէ Հայաստանի կառավարութեան հետ պիտի խօսինք, պէտք է միաձայն, համաձայնած եւ կազմակերպուած ձեւով ներկայանանք Հայաստանին, որպէսզի ան կարենայ ընդունիլ մեր առաջարկները, այլապէս Հայասատանը պիտի փորձէ կազմակերպել սփիւռքը իր ուզածին պէս: Վստահաբար օր մը պիտի հասնինք այն գաղափարին եւ պիտի անդրադառնանք, որ եթէ կ՛ուզենք Հայաստանը մնայ, պէտք է սփիւռքը կազմակերպուի, այլապէս Հայաստանը կրնայ շատ տկարանալ: Նոյնիսկ եթէ տկարանայ, սփիւռքի այդ կառոյցը կրնայ օգնել վերականգնելու Հայաստանը: Առ այդ, սփիւռքի կազմակերպումը հրամայական է:
«Ա.».- Ի՞նչ են մեր այսօրուան խնդիրները:
Վ. Լ.- Պէտք է իրականութեան հետ հաշտուիլ: Կարեւոր է, որ տասնամեակներէ ի վեր մեր գաղափարներն ու նպատակները վերաքննենք, տեսնենք` ի՞նչ վիճակի մէջ ենք ներկայիս եւ արդիականացնենք մեր մտածումները: Փաստը ցոյց տուաւ, որ մենք նոյնիսկ մեր ներկայ Հայաստանը պաշտպանելու կարողութիւնը չունինք: Պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՞ս ներկայ պայմաններուն մէջ պիտի կարենանք գոյատեւել: Այս կէտին մէջ պէտք է մենք նրբութիւն եւ խելացութիւն գործածենք: Երբեմն լաւ է, որ պայքարը տարբեր ձեւերով մղուի եւ ոչ միայն` զինեալ: Ժամանակը եկած է, որ մեր գաղափարները այժմէականացնենք, անշուշտ` առանց մոռնալու Հայ դատը:
Վերջերս ականատես եղանք Արցախի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն: Հոն եղող մեծ տարածքներուն մէջ չկրցանք մարդ հաւաքել: Լիբանանին մէկուկէս անգամը հանդիսացող 120.000.000 հոգի բնակեցնելու մեծութեամբ տարածք ունէինք, սակայն չկրցանք նոյնիսկ պաշտպանել: Հող առնելու նպատակը ի՞նչ է, երբ մարդ չունիս բնակեցնելու անոր վրայ: Այն գաղափարը, որ մենք ժամանակին Մարաշի կամ Այնթապի մէջ կ՛ապրէինք, ուրեմն ասոնք հայկական հողեր են, պէտք է այլ ձեւով դրուի: Եթէ պատմութեան նայինք, ժողովուրդներ ապրած են երկիրներու մէջ, որոնք հետագային փոխուած են այլ երկրի: Հարցը այն է, որ երբ երկիր մը ունինք մէջը ապրելու, այդ երկիրը պաշտպանելու, զարգացնելու եւ անոր գոյատեւումը ապահովելու ամէն ճիգ պէտք է թափուի, որպէսզի զայն չկորսնցնենք: Հարեւաններու հետ յարաբերութիւններ հաստատելը բնական է: Սակայն պէտք է աշխատիլ, որ այդ յարաբերութիւնները մեր իրաւունքներէն զիջելով չըլլայ: Հայաստանի ապահովութիւնը առաջնահերթութիւն է: Յաջողութիւնը պատերազմով ապրիլը չէ, այլ` կարողութիւնը ունենալ մեր սահմանները պաշտպանել այնպիսի ձեւով, որ մեր դրացիները չկարենան մտածել յարձակելու մասին, ասոր համար պէտք է ունենանք մեծաթիւ եւ ուժեղ բանակ, որ ներկայիս հարկ եղածին պէս չէ: Մենք` հայերս, պէտք է ապահով երկիր ունենանք, որպէսզի սփիւռքը կարենայ գոյատեւել: Եթէ մենք ապահով երկիր չունենանք, սփիւռքն ալ կը քայքայուի: Հետեւաբար այդ ապահով երկրի յաջողութիւնը իր դրացիներուն հետ խաղաղ ապրելու մէջն է եւ ոչ միայն` պայքարի մէջ: Անշուշտ դրացիները միշտ պիտի ունենան մեր հողերը գրաւելու, մեզ սպաննելու տենչը, սակայն հոս կարեւոր է զիրենք կասեցնել, զինուորական եւ դիւանագիտական ուղիներով: Կարեւոր է, որ քաղաքականօրէն կարենանք բանակցիլ, կարենանք տարբեր միջոցներով պարտադրել մեր պահանջները: Բաւական ճկուն եւ խելացի քաղաքականութիւն որդեգրել, որպէսզի կարենանք այս դժուար օրերը անցընել եւ Հայաստանը կանգուն պահել:


