Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հոկտեմբեր 11-ը Աղջիկներու իրաւունքներուն միջազգային օրն է: Սակայն դժբախտաբար տակաւին մինչեւ այսօր կան բազմաթիւ շրջաններ, ուր յաճախ աղջիկները չունին այն նոյն իրաւունքները, ինչ որ` տղաքը:
1959-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը որդեգրեց Մանուկներու իրաւունքներու հռչակագիրը, որ կը ճանչնայ մանուկներու յատկապէս ուսում ստանալու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ իրաւունքը` խաղալու, լաւ միջավայր մը ունենալու եւ առողջապահական խնամքներու:
Իսկ Աղջիկներու միջազգային օրը կը տօնուի 11 հոկտեմբերին 2012 թուականէն ի վեր: Ան կը ծառայէ յիշեցնելու, որ պէտք է պահպանել աղջիկներուն իրաւունքները աշխարհին մէջ: Աշխարհի 8 միլիառ մարդոց մօտաւորապէս 1 միլիառը 18 տարեկանէն փոքր աղջիկներ են: Անոնցմէ շատերը մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին, յատկապէս` ամէնէն աղքատ երկիրներուն մէջ: Օրինակի համար, անոնք դպրոց չեն երթար, որովհետեւ պէտք է աշխատին տան մէջ, դաշտերը… Անոնք վատ վերաբերումներու կ՛ենթարկուին, կամ անոնց շատ փոքր տարիքին բռնի կ՛ամուսնացնեն:
***
Սակայն ի՞նչ ձեւով աղջիկներն ու տղաքը իրարմէ կը տարբերին:
1 – Ուղեղին մէջ
Աղջիկներուն եւ տղոց ուղեղները նոյն ճիւղաւորումները չունին: Աղջիկներուն ուղեղի ճիւղաւորումները անոնց աւելի կարող կը դարձնեն միաժամանակ քանի մը աշխատանքներ կատարելու եւ լուծումներ գտնելու: Աղջիկները նաեւ աւելի ուշադիր են եւ աւելի լաւ կը մտապահեն բառերը: Սակայն մէկ բան յստակ է. տղոց եւ աղջիկներու ուղեղները զիրար կ՛ամբողջացնեն:
2 – Զգայարաններուն վերաբերեալ
Աղջիկները աւելի լաւ «կը զգան» հոտերը, քան` տղաքը: Այս երեւոյթը քիթին մէջը չէ, որ տեղի կ՛ունենայ, այլ` ուղեղին մէջ, հոն, ուր կը վերլուծուին քիթէն հասած տեղեկութիւնները: Կիները աւելի լաւ կը տեսնեն նաեւ գոյները, անոնք աւելի շատ երանգներ կրնան նշմարել: Վերջապէս, աղջիկները աւելի լաւ կը լսեն: Անոնք կը գործածեն իրենց ուղեղին երկու կողմերը, մինչ տղաքը կը գործածեն միայն ձախ կողմը: Կինը աւելի մտիկ կ՛ընէ, տեղեկութիւնները կը վերլուծէ:
3 – Մկաններու պարագային
Հիմնականին մէջ տղաքը աւելի մկաններ ունին, քան` աղջիկները: Սակայն աղջիկներուն մկանները աւելի լաւ կը տոկան յոգնութեան եւ աւելի շուտ կ՛առողջանան: Այս ձեւով, եթէ 12 տարեկան աղջիկ մը նուազ արագ կը վազէ, քան` 50 տարեկան այր մարդ մը, սակայն կրնայ բնական շնչել 5 անգամ աւելի արագ: Մարզանքի պահուն դուն հաւանաբար նկատած ես, որ աղջիկներուն մկանները աւելի ճկուն են, քան` տղոցը: Ասիկա կարելի է նմանցնել սեղմուած չոր սպունգի մը եւ ջրոտ սպունգի մը: Անոնցմէ մէկը աւելի ճկուն է… Վերջապէս, յստակօրէն ոչ մէկը աւելի զօրաւոր է միւսէն: Պարզապէս անոնց մարմինները տարբեր են:
Անհաւատալի, Բայց Իրաւ…
- Ամէն օր մենք կը շնչենք 7.571 լիթր օդ:
- Աշխարհի ամէնէն հին տուրմը գտնուած է 2600 տարուան անօթի մը մէջ, Պլիզի մէջ:
- Ըստ ուսումնասիրութիւններու, սենեակը կապոյտ ներկելը մեզ աւելի ստեղծագործ կը դարձնէ:
- Շանաձուկերը կրնան 6 շաբաթ ապրիլ առանց ուտելու:
- Մարդկային մարմնին մէջի ամէնէն փոքրիկ ոսկորը բրինձի հատիկէ մըն ալ աւելի փոքր է:
- Աշխարհի բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս մէկ միլիառ կ՛աւելնայ ամէն 12 տարին անգամ մը:
- Շատ հին ժամանակներուն Սահարայի անապատին մէջ գոյութիւն ունէր Անգլիոյ չափ մեծ լիճ մը:
- Կարմիր ադամանդները աշխարհի ամէնէն հազուագիւտ ադամանդի տեսակներէն են:
- Արեւը լուսինէն 400 անգամ աւելի մեծ է:
- Հին ժամանակներուն, աղը գործածուած է իբրեւ դրամ:
- Սապատաւոր կէտին ձագը օրական մինչեւ 492 լիթր կաթ կը խմէ:
- Գոյութիւն ունի կարիդոսի տեսակ մը, որ գոյները շատ աւելի լաւ կը տեսնէ, քան` մարդ արարածը:
- Աւստրալիոյ ապորիճիները աշխարհի ամէնէն հին տակաւին ապրող քաղաքակրթութիւնն են: Անոնք գոյութիւն ունին նուազագոյնը 50 հազար տարիներէ ի վեր:
- Հիւսիսային ծովուն մէջ, ընկղմած նաւու մը մնացորդներուն մէջէն գտնուած է 400 տարուան մետաքսեայ հագուստ մը:
- Երբ ծովաձիերը ջղայնանան, անոնք «կը մռնչան»:
- Իտալիոյ Վեզուվիոյ հրաբուխին շուրջը պեղումներու ընթացքին գտնուած է 2000 տարուան հացի կտոր մը:
- Գիտէի՞ր, թէ դլփինները հաւանաբար շեմփանզէներէն ալ աւելի խելացի են:
- Աշխարհի ամբողջ բնակչութիւնը կրնայ բաւել Պելճիքայի կէս տարածքին վրայ:
- Ուրանոս մոլորակին հիւսիսային բեւեռը բնաւ արեւուն լոյսը չի տեսներ 42 տարուան ընթացքին:
- Լուսինին մակերեսը աւելի փոքր է, քան` Ասիան:
Մտածենք
Մրցումի Օր
Չորս աշակերտներ (Ալին, Թալին, Րաֆֆի եւ Վաչէ) չորս խումբերու ղեկավարներ էին (Կարմիր, Սեւ, Կանաչ եւ Մանիշակագոյն խումբեր) Անոնք բոլորը մասնակցեցան մրցաշարքին: Վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` կրնա՞ս գիտնալ, թէ ո՞վ էր խումբին ղեկավարը, եւ ո՞ր խումբը հանդիսացաւ առաջին, ապա` երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ:
1 – Ալինը Կարմիր խումբին ղեկավարն էր, եւ վերջին չհանդիսացաւ:
2 – Առաջնութիւնը շահող խումբը սեւ շապիկներ հագուած էր:
3 – Մանիշակագոյն խումբը ղեկավար Վաչէին հետ երրորդ հանդիսացաւ:
4 – Թալինին խումբը չորրորդ չհանդիսացաւ:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել փոքրիկ Անիին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել տուփիկներուն ճիշդ շարքը` վերակազմելու համար 3 խոզուկներուն պատմութիւնը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս տախտակին մէջ գտնել վարի թիւերու ցանկը: