Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց կառավարութեան Տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արմէն Խաչատրեան:
Նման հանդիպումները կը կրեն պարբերական բնոյթ, ըսաւ Խաչատրեան` առանց լրացուցիչ մեկնաբանութիւն կատարելու:
Վարչապետի պաշտօնական կայքին մէջ հաղորդագրութիւն եւ լուսանկար չտեղադրուեցան հանդիպումէն: