Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց. «1991 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործիչները, Քոնկրեսին մէջ երկկուսակցական համախոհութեան ճնշման տակ, կը քննարկեն Հայաստանին զէնք վաճառելու հարցը Ազրպէյճանի կողմէ յարձակումէն եւ ցեղային զտումներէն պաշտպանուելու համար` ընդգծելով, որ այս հարցին մէջ Ազրպէյճանի աջակիցը Թուրքիան է»:


