Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փրայս. «Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղենք Զօրքերը Վերադարձնելու Իրենց Սկզբնական Դիրքերը, Դուրս Բերելու Զինուորական Ուժերը Եւ Հայաստանի Հետ Խնդիրները Լուծելու Խաղաղ Բանակցութիւններու Միջոցով»

Սեպտեմբեր 28, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու համար յատկապէս կարեւոր է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դիրքորոշումներու մերձեցումը: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս` մեկնաբանելով Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը:

Ան յիշեցուցած է, որ ասիկա երկու արտաքին գործոց նախարարներու առաջին անձնական հանդիպումն էր բռնութեան վերջին բռնկումէն ետք:

«(Միացեալ Նահանգներու) արտաքին գործոց նախարարը նշած է զինադադարին հետեւելու, հանդարտութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են կայուն զինադադարին եւ խաղաղ լուծման: Մենք երկու արտաքին գործոց նախարարներուն ալ հասկցուցած ենք, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են գործընկերներու հետ միասին երկկողմանի, բազմակողմ մակարդակով աջակցելու այս հոլովոյթին: Ատիկա աջակցութիւն կը ներառէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի ջանքերուն: Այդ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են յառաջընթացի լաւագոյն ուղին, եւ արտաքին գործոց նախարարը կողմերուն հրաւիրած է միտքեր փոխանակելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մինչեւ ամսուան վերջը էականօրէն յառաջ տանիլ խաղաղ հոլովոյթը:

«Մեր ուղերձը հետեւողական եղած է: Մենք Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք զօրքերը վերադարձնելու իրենց սկզբնական դիրքերը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք զինուորական ուժերը դուրս բերելու եւ կ՛աշխատինք Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրները լուծելու խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով: Ուժի կիրարկումը ընդունելի միջոց չէ: Մենք ատիկա մասնաւոր կերպով հասկցուցած ենք: Մենք ատիկա յայտարարած ենք նաեւ հրապարակաւ եւ ուրախ ենք, որ մեր շարունակական ներգրաւուածութիւնը, ներառեալ բարձր մակարդակով, ներառեալ անցեալ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ, երկու երկիրներուն հետ օգնեց դադրեցնելու մարտերը, եւ մենք պիտի շարունակենք ներգրաւուիլ եւ խրախուսել աշխատանքը, որ անհրաժեշտ է տեւական խաղաղութեան ձեռք բերման համար, որովհետեւ այս տագնապը չի կրնար զինուորական լուծում ունենալ», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը ե՞րբ տեղի կրնայ ունենալ, Փրայս ըսած է, որ ատիկա երկու երկիրներու որոշումը պիտի ըլլայ: «Սակայն մենք կը կարծենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետագայ անմիջական համագործակցութիւնը կը համապատասխանէ ոչ միայն անոնց, այլ նաեւ շրջանի եւ ատկէ դուրս շահերուն: Մենք օգնութիւն առաջարկած ենք, դարձեալ երկկողմ, եռակողմ, բազմակողմ մակարդակով, եւ, ի հարկէ, Եւրոպական Միութիւնը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղայ»:

Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ փորձագէտները կ՛ըսեն, որ Միացեալ Նահանգներու վերահանդիպման մասին կոչերը կը վկայեն, թէ Ուաշինկթըն այժմ հոլովոյթը յառաջ տանելու ծրագիր չունի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսած է. «Մեր խնդիրը կողմերը մերձեցնելն է, դիւրացնել երկխօսութիւնը, կողմերուն օգնել միասին յաղթահարելու տարակարծութիւնները, տարակարծութիւնները յաղթահարել խաղաղ եւ դիւանագիտական ճամբով: Այդ է մեր շարունակական աշխատանքը»:

Քարփենթըր. «Ուաշինկթըն Կը Զօրակցի Ազրպէյճանի Եւ
Հայաստանի Յարաբերութիւններու Բարելաւման Միշելի Ջանքերուն»

Ուաշինկթըն կը զօրակցի Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղուած ջանքերուն: «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան» լրատու գործակալութեան փոխանցումով, այս մասին յայտնած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Մայքըլ Քարփենթըր:

«Տուեալ պահուն կայ խաղաղութեան հոլովոյթ, որ կը վարէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը, եւ Միացեալ Նահանգներ գործօն կերպով կը սատարեն անոր», առցանց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Քարփենթըր` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն այս հարցով մնայուն կապի մէջ է Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան հետ:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կը սատարեն «Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու բարելաւման, շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային միջանցքներու բացման, բարի դրացիական յարաբերութիւններու հաստատման եւ շրջանի ամբողջ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան»:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Քաղաքական Գործիչները Կը Քննակրեն Հայաստանին Զէնք Վաճառելու Հարցը

Յաջորդը

Պուայէ. «Ֆրանսան Կը Հրաւիրեմ Եւրոպական Եւ Միջազգային Կառոյցներու Հետ Հայաստանի Համար Մեծ Շարժումի Սկսելու»

RelatedPosts

Քոփիրքին. «Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ  Երկկողմանի Յարաբերութիւններու  Օրակարգին Վրայ Ռուսական 102-րդ  Ռազմակայանի Դուրսբերման Հարց Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոփիրքին. «Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Օրակարգին Վրայ Ռուսական 102-րդ Ռազմակայանի Դուրսբերման Հարց Չկայ»

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարն  Ու Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Քննարկած Են Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարն Ու Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Քննարկած Են Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւնները

Հոկտեմբեր 1, 2025
Փաշինեան. «Արցախցիներու Վերադարձի  Նիւթը Վտանգաւոր Կը Նկատեմ  Խաղաղութեան Գործընթացի Համար»
Հայկական

Փաշինեան. «Արցախցիներու Վերադարձի Նիւթը Վտանգաւոր Կը Նկատեմ Խաղաղութեան Գործընթացի Համար»

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?