Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 20 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած զուիցերիացի անուանի թենիսմեն Ռոժէ Ֆետերեր շաբաթ, 24 սեպտեմբերին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Լէյվըր բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 41 տարեկան Ֆետերեր Եւրոպայի հաւաքականին հետ զոյգի մրցումներուն իր խմբակիցին` սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի հետ մրցեցաւ ամերիկացիներ Ֆրենսիս Թիաֆոյէի եւ Ճեք Սոքի դէմ: Այս մրցումը աւարտեցաւ ամերիկացի մարզիկներուն յաղթանակով` 6-4, 6-7 եւ 9-11 արդիւնքով:
Այս մրցումէն ետք, Ֆետերեր արցունքոտ աչքերով յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Անոր հետ ներկայ էին նաեւ անոր կինն ու զաւակները: