Պաթումի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցող 8, 10 եւ 12 տարեկան աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ամէնէն լաւ արդիւնքը կ՛արձանագրէ Վաչէ Քոչարեան:
Արդարեւ, 10 տարեկանէն վար տղոց դասակարգին մէջ ան 9-րդ հանգրուանին ճերմակ քարերով յաղթեց իր հնդիկ մրցակիցին` Շահ Վիվան Վիշալի:
Քոչարեան, որ այժմ ունի 7 կէտ, միայն կէտով մը ետ կը մնայ ռուս Նիքոլայ Քլէյմենովէն:
Նոյն դասակարգին մէջ, 5,5 կէտով 33-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Տիրան Համբարձումեան:
12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Վոլոդիա Թորոսեան 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 19-րդ դիրքը, իսկ Նարեկ Ղազարեան 30-րդ դիրքը` 5,5 կէտով:
Աղջկանց 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Նարէ Իսախանեան 6 կէտով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն: Այսօր կը կատարուին 10-րդ հանգրուանի հանդիպումները:


